Նորոգ հանգուցեալ ընկեր Երուանդ Ազատեանի յուշերով լի պահ մըն էր երէկ գիշեր: Մտաբերեցի մահուան անկողինէն կատարած իր վերջին հեռախօսազանգը ինծի: Կարճ խօսակցութեան բովանդակութիւնը՝ երէց եւ իմաստուն ընկերոջ համակրանքի զուսպ արտայայտութիւնը, խրատներն ու վերջին պատգամն էր. ազգային-քաղաքական պայքարը աննկուն շարունակելու մինչեւ վերջ …:
Աւելի ուշ իմացայ, որ ընկեր Ազատեան, մեր աշխարհէն հեռանալէն ընդամէնը երկու-երեք օրեր առաջ իր վերջին ուժերը կուտակած, հրաժեշտի զանգեր տուած էր նեղ շրջանակի մէջ գտնուող քանի մը գործընկերներուն, ԳՈՐԾԸ շարունակելու յստակ պատգամով մը:
Իմ կարգիս երբ կը փորձէի խրախուսել մահամերձ իմ երէց ընկերն ու խմբագրական ասպարէզիս մէջ իմ կարեւորագոյն մենթըրը, որ. «ամուր մնայ եւ թէ անհոգ եղիր, այս ալ կ՛անցնի, եւայլն…», ան շնչասպառ՝ նուաղկուն ձայնով մը ընդմիջեց զիս ըսելով. «Ես այլեւս պիտի չառողջանամ, տղաս…»:
Երէկ էր դարձեալ, երբ յիշեցի, որ ընկեր Ազատեան ժամանակին ինծի յայտնած էր, որ իր գրական կեանքին սկզբնական շրջանին նաեւ սիրած է բանաստեղծութիւնը եւ ունեցած է բանաստեղծութիւններ գրելու փորձեր:
Հայրենիքի Լոռի մարզին մէջ, ուր կը գտնուէի, անձրեւոտ, անքուն եւ երկար գիշեր էր: Որոշեցի պրպտել: Առաջին աղբիւրը, որ մտքէս անցաւ, ԹՄՄ-ի «Շիրակ» ամսաթերթն էր: Մտայ համակարգիչիս մէջ պահպանուած անոր արխիւը, այն ենթադրութեամբ, որ եթէ նման բան կայ, ուրեմն անպայման այնտեղ կը գտնեմ…: Իր անուան պրպտուքս երկար չտեւեց: «Շիրակ»ի առաջին թիւին մէջն իսկ՝ Ապրիլ 1956, գտայ իր անունը «Գրադատութիւն» ենթախորագրով բաւականին լուրջ գրախօսականի մը տակ: Կարդալով՝ զարմանքս ու իր գրական տաղանդին հանդէպ յարգանքս շատ աւելի աւելցաւ, երբ անդրադարձայ, որ նշեալ թուականին ինք տակաւին իր կեանքին 21 տարիներն իսկ չէր բոլորած: Փնտռածս սակայն, ինչպէս վերը ըսի, այս չէր: Շարունակեցի:
Վերջապէս, «Շիրակ»ի Ապրիլ-Մայիս 1959ի թիւին մէջ յուզումով գտայ հետեւեալ բանաստեղծութիւնը իրմէ, որ ըստ հրապարակումին գրուած էր աւելի կանուխ՝ 1954ին: Բանաստեղծութիւնը վերնագրուած էր՝ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ:
Ժամանակին յորձանքին դէմ՝ ըլլալ պատուար մը հաստատուն,
Սանձել խոյա՛նքն անգամ մահուան, ու թոյլ չտա՛լ վայրկեաններուն
Որ քայքայեն շէնքն օրերուդ… տիեզերուող երազիդ մէջ՝
Չզգա՜լ կեանքիդ եւ ուժերուդ կաթիլ կաթիլ հատնումն անվերջ:
Լեռներն ընել քեզի սանդուխ, առնել արեւն անութիդ տակ,
Ես աստղերէն՝ իբրեւ վարդեր՝ քաղել փունջեր լուսաթաթախ.
Անսահմանին դիմաց կանգնիլ իբր անսահմա՛ն մը մոլեգնած,
Ձեռքիդ վրայ՝ գետերն երակ եւ աչքերուդ՝ դժոխքը կայծ:
-Բայց ո՛չ… կեանքի յորձանքին հետ փոխուի՜լ, ըլլալ յորձանք մը նոր
Եւ փոթորկել, ու խոյանալ դէպի գալիքը ամէն օր.
Ի՛նչ փոյթ եթէ դուն փշրուիս կեանքի ժայռին դէմ ահարկու,
Միայն թէ տա՜լ դուն կարենաս բոցէդ կայծեր՝ ուրիշներու…:
Ի՜նչ զարմանալի զուգադիպութիւն: Արդեօ՞ք զարմանալի…: Մինչ ընկեր Ազատեան իր 88 տարեկան հասակին լքած է մեր աշխարհն ու անցած ոգեղինական աշխարհ, դառնալով «Յաւերժի ճամբորդ», ես կը կարդամ ընդամէնը 19 տարեկան պատանի իր տարիքին գրած՝ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ վերնագրած բանաստեղծութիւնը, որ կ՛արտացոլացնէ իր անփոփոխ նկարագիրը ու կանխաւ կ՛ամփոփէ իր յետագային անցնելիք հաստատակամ ճանապարհը:
Ընկեր Ազատեան իր կեանքով ու գործով յարգած է իր խոստումը՝ Եղած է յորձանք մը նոր եւ անով տուած է իր բոցէն կայծեր՝ ուրիշներուն:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք» օրաթերթ, Լիբանան