Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին փլատակներու տակ ողջ մնացած մարդոց որոնողափրկարարական աշխատանքները, այնտեղ պատահած աւերիչ երկրաշարժէն արդէն մօտ շաբաթ մը անց: Նշեալ երկրաշարժէն տուժած էր թրքական 10 նահանգներ՝ մօտ 111000 քառ. քլմ. տարածքով։ Բաւական մեծ ահագնութեամբ տուժած են նաեւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող շրջաններ:
Թուրքիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ղասսան Ալ-Մուալեմմի յայտարարութեամբ, դեսպանատունը մշտական կապի մէջ է թրքական իշխանութիւններուն եւ պատկան մարմիններուն հետ պարզաբանելու 45 լիբանանցիներու ճակատագիրը, որոնք ենթադրաբար տակաւն կը գտնուին փլատակներու տակ:
Պաշտօնապէս մինչեւ այսօր լիբանանցի 3 զոհ կայ, մինչ 3 այլ քաղաքացիներ փրկուած դուրս եկած են աղէտի վայրէն:
«Զարթոնք» օրաթերթ, Լիբանան