Հնաւանդ այս բանաձեւին ճշմարիտ ըլլալը յաւելեալ ու լրացուցիչ ապացոյցներու պէտք չունի կը կարծէինք։ Հանրային, ազգային ու պետական ունեցուածքի ապահովութեան տեսակէտէն այս բանաձեւին անտեսումը կամ շրջանցումը, կը խորհէինք, գոնէ տեղեկատուական ազատութեան մեր ժամանակներուն՝ անկարելի է։ Անոր անտեսումի կործանարար հետեւանքները տեսանելի էին եւ են ի սկզբանէ։ Տեսանելի էր նաեւ նոյն սկզբունքի անտեսման հեղինակներուն սպասող պատիժը՝ հրաժարականի պահանջէն մինչեւ արդարադատ դատարան եւ անողոք դատաստան։
Սակայն վերջին շրջանին մենք ականատեսն ու վկան դարձանք ոչ միայն այդ, այլ նաեւ հիմնարար ուրիշ սկզբունքներու խախտումին, նոյնիսկ բռնաբարումին։ Պետական, հանրային ու եկեղեցական բարձրաստիճան պաշտօններու տիրացած,- ընտրութեամբ, ինքնառաջադրմամբ թէ նշանակուած,- մարդիկ, պատասխանատուներ, գերազանցեցին իրենց պատասխանատուութեան սահմանները, եւ յագուրդ տալով իրենց մեծամոլութեան, ինքզինքնին անփոխարինելի կարծելով, գլեցին-անցան իրենց իրաւասութեանց սահմանները՝ մոռցան կամ մոռնալ ձեւացուցին ընդամէնը պահակ ու պահապան ըլլալու իրենց պարտականութիւնը եւ զանազան ճարպիկ ձեռնածութիւններու քօղին տակ՝ գործեցին աններելի արարքներ, որոնց հետեւանքով մեր ազգը կորսնցուց հայրենիք մը ամբողջ, եւ հնարմատ ժողովուրդ մը՝ պապենական իր ծննդավայրը եւ ամբողջ ապագան։
Ազգին ընդամէնը պահակ ու պահապան կարգուած կամ ընտրուած մա՛րդը կը շարունակէ կրկնել, որ, այո, ինքը պատասխանատու է, բայց մեղաւոր չէ։ Այսինքն՝ կա՛յ մեղքը, բայց մեղաւորը չկայ։ Ձեռնածութեան (manipulation) բացառիկ օրինակ. ե՛ս եմ տէրը, բայց ես պահակ ու պահապան չեմ։ Ու մարդը կը շարունակէ մնալ պաշտօնի վրայ որպէս տէր, որ… պատասխանատու չէ, նոյնիսկ պատերազմը կորսնցնելէ եւ նոր պատերազմի դուռը լայն բանալէ ետք։
Ու կը թուի, թէ անպատասխանատու պատասխանատուի այս վիճակը վարակիչ է այլոց համար։ Առաջին հերթին նկատի ունիմ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արքեպիսկոպոսը, որ շուրջ երկու տարի առաջ կնքած կալուածքային գործարքին պատճառով այսօր հարցականի տակ դրած է հայ ժողովուրդին արտասահմանեան ամէնակարեւոր՝ 17-դարեայ ներկայութեան եւ կալուածքային ամենաթանկարժէք ազգային ունեցուածքին ճակատագիրը։
Հայութեան մեծամասնութեան համար, Հայաստան թէ արտասահման, Երուսաղէմի մէջ եռեւեփող պայքարը, հետեւելով հայկական թէ միջազգային մամուլի գրեթէ ամենօրեայ հրապարակումներուն, ընդամէնը «Կովերու պարտէզի» մը խնդիրն է. տեղւոյն հրեաները կ’ուզեն, որ հոն կառուցուի խոստացուած եօթնաստղանի հիւրանոցը, որուն դէմ են արաբները, մինչ սաղիմահայերը կ’ընդդիմանան շինարարական նախապատրաստական աշխատանքներ ձեռնարկող մեքենաներու մուտքին։ Ձեռնամարտ ու քարամարտ կ’ընթանայ հայոց եւ հրեաներու միջեւ։ Վերջինները աւելի յաճախ դիմակաւոր են, որ կը նշանակէ, թէ աջակցութիւնը կը վայելեն Իսրայէլի պետութեան, իսկ հայ երիտասարդները գօտեպնդուած են կռիւներուն Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ սարկաւագներու եւ աբեղաներու գործօն ու քաջարի մասնակցութեամբ։ Այդ մասնակցութիւնը կը փաստէ, որ Հայոց Պատրիարքութիւնը իսկապէս յետս կոչած է, ինչպէս պաշտօնապէս յայտարարած էր «Կովերու պարտէզն» ու յարակից հայապատկան տարածքները վաճառելու իր պայմանագիրը։ Սակայն մեր հանրութիւնը, ներառեալ ես, տակաւին չենք գիտեր, թէ փոխուա՞ծ է նաեւ Յորդանանի Թագաւորութեան եւ անոր հետեւղոութեամբ Պաղեստինեան Ինքնավարութեան սկզբնական դիրքորոշումները գործարքի կնքումին ի պատասխան, այսինքն՝ հրաժարիլ ճանչնալէ Նուրհան Պատրիարքին լիազօրութիւնները եւ, նոյն հետայն, փոխա՞ծ են իրենց որոշումը գործարքին «յետ ողորմեան» յայտարարուելէ ետք։
Անշուշտ ի մօտոյ կ’իմանանք այդ մասին։ Սակայն մինչ այդ՝ իրողութիւն է, որ յառաջիկայ Յունուարի 19-ին, Հին տոմարով Քրիստոսի Ծննդեան տօնին, Նուրհան Սրբազանը պիտի չկրնայ, թոյլատրուած չէ ըստ նուիրականացած արարողակարգի հանդիսաւոր մուտք գործել Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճար։ Տաճար՝ որ բացառապէս կը պատկանի երկու եկեղեցիներու՝ Հայ Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ։ Պատրիարքին առջեւ դրուած արգելանքը, իր կարգին, կը նշանակէ, որ գոնէ Պաղեստինեան իշխանութեան համար Պատրիարքը անբաղձալի անձ է, եւ, հետեւաբար…
Անբաղձալի այդ կացութեան ստեղծման համար Նուրհան Սրբազանը չի կրնար ոեւէ մէկը մեղադրել բացի իւր անձէն։ Ոչ ալ կրնայ թաքնուիլ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան կանոնադրութեան ետին, թէ Պատրիարքութիւնը վարչականօրէն անկախ է եւ միայն «ի հոգեւորս» ենթակայ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինին։ Ազգն է տէրը Պատրիարքութեան, եւ բոլորը հաշուետու պէտք է ըլլան ազգին։
Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներէն մէկուն գահակալ, որպէս հայ ժողովուրդի միջազգայնօրէն ամենակարեւոր սրբավայրի գլխաւոր պահակ եւ պահապան, Պատրիարք Հայրը բոլորէն լաւ պէտք էր թափանցած ըլլար Սուրբ Քաղաքին մէջ եւ շուրջը տիրող փխրուն հաւասարակշռութեան խորքերը, հրէական եւ արաբական թաղամասերուն միջեւ Սրբոց Յակոբեանց վանքին (Armenian Convent) ռազմագիտական դիրքին (buffer zone) նշանակութեան։ Պէտք էր գիտնար, որ այդ հաւասարակշռութեան դոյզն խախտում յղի է միջեկեղեցական, միջկրօնական, ազգամիջեան եւ նոյնիսկ միջազգային ծանր հետեւանքներով։ Մանաւանդ ներկայի նման դժնդակ պայմաններու տակ։ Սրբազան Հայրը պէտք է մերժէր առաջարկուող գրաւիչ խայծը եւ կանխարգիլէր հայապատկան կալուածներուն դէմ աջէն ու ձախէն սպառնացող ոտնձգութիւնները, որոնք այս օրերուն տեղի կ’ունենան։
Բարձր պաշտօնի տէր անձնաւորութիւնները պարտին միշտ յարգել ու կիրարկել ծանօթ բանաձեւը՝ երկրին, պետութեան, համայնքին, ազգային ունեցուածքին եւ հարստութեան սեփականատէրը անձը չէ, այլ՝ ազգը, իսկ ինք՝ ընդամէնը պահակն ու պահապանը անոնց, այն ալ՝ միայն ժամանակաւորապէս։
Նուրհան Պատրիարքին ժամանակը սպառած է արդէն։
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Յատուկ «ՊԱՅՔԱՐ»ին
14.01.2024 թ.