Յարգելի հայրենակից,
Հոկտեմբեր ամսուայ սկիզբը կը լրանայ ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ազգային֊ մշակութային, կրթական֊գրական, հրատարակչական֊հասարակական գործունէութեան 40 ամեակը։
Յ. Նալպանտեանը 4 տարիներէ ի վեր Մաշտոց Գոլէճի հայագիտական ամբիոնի պատասխանատու֊դասախօսն է։ Մեր գործակցութիւնը կը ծաւալի անցնող 25 տարիներու վրայ։
Յ. Նալպանտեանը վերջին 21 տարիներուն ստեղծած է իր 25 ծաւալուն հատորները (հանրագիտարաններ, պատմական հատորներ, ժողովածուներ, մատենագիտութիւն եւ այլն)։ Նոյն շրջանին իր մատենաշարով հրատարակած է 60 հատոր գիրք, իւրայատուկ եւ անկրկնելի երեւոյթ Սփիւռքի մեր իրավիճակին մէջ։
Յ. Նալպանտեանը ֆիզիքապէս եւ նիւթապէս ի գին ամէն զոհողութեան կրցած է իրագործել անիրագործելին։ Անոր ազգասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը լեզուի հանդէպ հրայրքը իսկապէս օրինակ է բոլորին։
Պսակաձեւ ժահրի այս ամիսներուն, յարգելի բարեկամներ, որոշեցինք դիմել Ձեզ՝ դիմատետրի եւ այլ ընկերային կայքերու միջոցով, որպէսզի դուք ալ միանաք Մաշտոց Գոլէճին շնորհաւորելու մշակոյթի ՄԵԾ նուիրեալին 40 ամեայ յոբելեանը, յղելով Ձեր նամակները, շնորհակալագրերը, յօդուածները ղրկելով հետեւեալ հասցէին
bydouni2020@gmail.com
Արդ, մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը շնորհաւորենք յոբելեար ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆը, կը մաղթենք անսպառ ուժ, եռանդ ու կորով շարունակելու իր ազգանուէր եւ մշակութանուէր եւ նոր գիրքեր ստեղծելու առաքելութիւնը։
Մաշտոց Գոլէճի նախագահ
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան։