Ռուբէն, Կորիւն, Տէրսիմցի Քեռի, Մեշետի Աւետիս
Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութեան յաջորդող առաջին տասնամեակին, Տէրսիմը եղած է կուսակցութեան ուշադրութեան շրջագիծին մէջ։ Դաշնակցութեան երկրորդ Ընդհանուր ժողովը Ազգային-ազատագրական պայքարի կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ կը ներառէր նաեւ պատմական Ծոփաց աշխարհի Տէրսիմ գաւառը, որ ունէր հայ եւ ալեւի-քիզիլպաշ միախառն բնակչութիւն։
Հայ եւ օտար պատմաբաններ կը հաստատեն, որ Տէրսիմի ալեւի շարք մը ցեղախումբեր ԺԷ. դարուն սկզբնաւորութեան հաւատափոխ դարձած եւ իսլամութեան շիա յարանուանութեան ալեւի ճիւղաւորման դաւանանքը ընդունած բնիկ հայերու շառաւիղներն են։ Լեռնային Տէրսիմի մէջ 19-րդ դարուն իր գոյութիւնը պահպանած է Միրագեան հայկական ցեղախումբը։ Շիա իսլամութեան եւ շիա յարանուանութեան մասնագէտ ասորի պատմաբան Մաթի Մուսայի հաստատումով, դարերու ընթացքին կրօնական հալածանքներէ խուսափելու համար, բազմահազար հայեր Տէրսիմ հաստատուելով եւ տեղացի Քիզիլպաշ ցեղախումբերու շիա կրօնքը ընդունելով՝ հաւատափոխ դարձած են եւ սակայն պահած՝ քրիստոնէական կրօնքի շարք մը աւանդութիւնները1։ Լեռնային Տէրսիմի ըմբոստ բնակչութիւնը դարերու ընթացքին միշտ հակադրուած է Օսմանեան պետութեան։
Դաշնակցական գործիչներու դէպի Տէրսիմ գործուղումները թափ ստացած են 1896-1898 թուականներուն։ Այդ ժամանակահատուածին կուսակցութեան զինեալ պայքարի հիմնական կիզակէտն ու կեդրոնացումը կը հանդիսանային Վասպուրականը, Սասունն ու Տարօնը։ Տէրսիմը կազմակերպելու հարցը առաջին անգամ կ՚առաջադրուի ՀՅԴ Բ. Ընդհանուր ժողովին, որուն ներկայ եղած է Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդը։
1896-ի Դեկտեմբեր 27-ին կայացած էր Դաշնակցութեան Կովկասեան Ռայոնական ժողովը։ Ժողովի 22 նիստերու ընթացքին քննարկուած էին Քառաժայռի (Տէրսիմ) եւ Լեռնավայրի (Կիլիկիա) շրջանները կազմակերպելու հարցերը։ «Ժողովը աչքի ունենալով լեռնավայրի անառիկ դիրքը, տեղական ժողովուրդին յեղափոխական ուժը եւ ընդհանրապէս միւս յարմարութիւններն ու առաւելութիւնները, որոշեց լուրջ ուշադրութիւն դարձնել այս պունկտի վրայ եւ հոն ուղարկել կազմակերպող-ղեկավարող ուժ մը։ Գալով Քարաժայռին՝ ժողովականներէն մէկ քանին թերահաւատութիւն յայտնեցին, հիմնուելով այն բանի վրայ, որ կարելի չէ լիովին հաւատալ ժայռեցիներու անկեղծութեան եւ մշտական բարեկամութեան, որով այդտեղի գործը գուցէ եւ հայկական չհամարուի եւ այլն։ Սակայն ժողովականներէն երեք հոգիներ, թէ՛ անցեալէն եւ թէ՛ ներկայէն համոզեցուցիչ փաստեր բերելով մատնացոյց կ՚ընեն այն իրողութիւնը, որ ցանկալի ձեռնարկութիւնը արդէն կէս մը կատարուած է, եւ Քեռին իր ամբողջ խումբով Քարաժայռ հասած ու լաւ ընդունելութիւն գտած անոնցմէ՝ փարաատեցին բոլոր կասկածները։ Ուստի ժողովը որոշեց Ժայռն ալ գործունէութեան կեդրոն մը համարել ու իր նիւթական միջոցներուն համեմատ ուշքը դարձնել անոր վրայ ալ»2։
Տէրսիմի Քեռին (Ռուբէն Շիշմանեան) հայերու եւ Տէրսիմի ալեւիներու մերձեցման առաջին ջատագովներէն եւ Տէրսիմի հայդուկային առաջին խումբի կազմակերպողներէն եղած է։
ՀՅԴ Կովկասեան Ռայոնական ժողովի նախօրեակին, ՀՅԴ Բիւրոյի կարգադրութեամբ, Կովկասէն Երզնկա գործուղուած էր Կարապետ Ղումրիկեանը, որպէս գործիչ, յատուկ յանձնարարութիւն ունենալով համագործակցութեան եզրեր ստեղծելու Տէրսիմի ալեւիներուն հետ3։
1896 թուականին, ՀՅԴ Կարնոյ Կեդրոնական կոմիտէին ուղղուած Մարտ 29 թուակիր նամակով մը Քեռին կը հաստատէ Կեդրոնական կոմիտէէն 25 ոսկի ստացած ըլլալը, որ պիտի յատկացուի Տէրսիմի մէջ Դաշնակցութեան արմատաւորման ծրագիրներուն։ Նոյն նամակին մէջ Քեռի կը գրէ, որ Տէրսիմի կուսակցական ծրագիրը իրագործելու համար անհրաժեշտ է 250-300 ոսկի գումար4։
Թաւրիզի կոմիտէին ուղղուած 1897 Յունուար 10 թուակիր նամակով մը հայդուկապետ Տիգրան Տէրոյեան անդրադարձած է Տէրսիմի Քեռիի մասին. «Քեռին անցած է Տէրսիմ (Քարաժայռ), այնտեղ է եւ Ղարամելիքը. յոյս կայ յաջողութիւն գտնելու այդ վայրերուն մէջ։ 1000 մանեթ եւ 100 օսմանեան ոսկի յատկացուած է այդ տեղին համար։ Տրապիզոնի կոմիտէն ալ մասնակից է այդ գործին»5։
Վերոնշեալ փաստերը ի մի բերելով, ակնյայտ կը դառնայ, որ Դաշնակցութիւնը թէ՛ գործիչներու Տէրսիմ գործուղումներով եւ թէ՛ այդ առաքելութեան յաջողութեան համար նիւթական աղբիւրներ տրամադրելով՝ հետամուտ էր կուսակցական գործունէութիւնը արմատաւորել եւ ընդլայնել Տէրսիմի մէջ։
1898-ին Թիֆլիսի մէջ կայացած Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բ. Ընդհանուր ժողովին կը մասնակցի Տէրսիմի Քեռին։ Այս ժողովին քննարկման բովէն կ՚անցնին Սուլթան Համիտի հետ բանակցութիւններու հարցը, «Դրօշակ»ի հիմնադրութեան հարցը եւ ունեւոր հայերէ նիւթական ապահովելու հարցը6։ Հ.Յ.Դ. գերագոյն ժողովներէն ամէնէն անկիւնադարձայինն ու պատմականը հանդիսացող այս ժողովին ներկայ եղած էին 19 պատգամաւորներ եւ 13 գործիչներ, որոնց շարքին՝ Քրիստափորը, Ռոստոմը, Զաւարեանը, Արշակ Վռամեանը, Արմէն Գարոն եւ Նիկոլ Դումանը։ Իբրեւ կուսակցական գործիչ, ժողովին հրաւիրուած Քեռին իր ելոյթներով եւ զեկոյցներով կը շեշտէ Տէրսիմի զազայախօս ալեւի ցեղախումբերուն հետ համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Օսմանեան կայսրութեան դէմ յեղափոխութիւնը աւելի ծաւալուն եւ բազմաբեւեռ դառնայ։ Ընդհանուր ժողովը գործիչային դրութիւնը շարունակելու որոշում կ՚առնէ, եւ ծրագրի իրագործման համար պիւտճէ կը տրամադրուի։
Ժողովէն ետք Քեռին կը մեկնի Տէրսիմ։ Քիզիլպաշներու զազա լեզուին քաջածանօթ Քեռին հանդիպումներ կ՚ունենայ Տերսիմի Գուրէշան եւ Հասանան քիզիլպաշ ցեղախումբերու ղեկավար Սէյիտ Ռիզայի (1862-1937) հետ։
Այս հանգրուանին, Դաշնակցութեան առաջնահերթութիւնը կը հանդիսանար Վասպուրականի, Տարօնի եւ Սասնոյ հայ բնակչութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը, որուն հետեւանքով կը դանդաղի Տէրսիմի ծրագիրը, իսկ կուսակցութեան նիւթական միջոցները կը տրամադրուին վերոնշեալ երեք կազմակերպական շրջաններու գործունէութեան զարկ տալու7։
1900 թուականին Քեռի կը վերադառնայ Երզնկա, ուր շատ չանցած թուրք կառավարութեան կողմէ կ՚ամբաստանուի քիւրտ աղայի մը սպանութեան յանցանքով։ Երեք տարի բանտարկուելէ ետք, 1903 Յուլիս 10-ին թուրք զինուորներու ուղեկցութեամբ կը տարուի Երզնկայի Ցորենի հրապարակը՝ կախաղանով մահուան դատապարտուելու։ Տէրսիմի Քեռին, թոյլ չի տար, որ դահիճը իր գործը կատարէ. իր ձեռքով վզին կ՚անցընէ կախաղանի օղակը եւ ոտքով հրելով աթոռը արիաբար կը դիմագրաւէ մահը8։
Տէրսիմի Քեռիի մահէն մէկ տարի ետք, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի մէջ կը յիշատակուի Քեռիի գործիչային առաքելութեան արդիւնք՝ Դաշնակցութեան եւ ալեւի ցեղախումբերու միջեւ առկայ համագործակցութեան մասին։ «Նամակ Քղիէն» խորագիրը կրող թղթակցութիւնը կը պատմէ դաշտային Տէրսիմի Քղի գաւառի Խուփուս գիւղի ինքնապաշտպանութեան մասին, որուն ընթացքին Դաշնակցական զինեալ տղաք եւ տէրսիմցի Հայտար պէյը իր զինեալներով միասնաբար կը դիմադրեն եւ ետ կը մղեն թուրքերու եւ քիւրտերու յարձակումը։ «Ժամանակները փոխուած են: Ընդհանուր կոտորածին, երբ Բալուի թիւրքը եւ շխասանցի քիւրդը Քղիի շատ մը տեղեր աւարի տալով՝ մեր Խուփուս գիւղը եկան (Խուփուս 400 տուն զուտ հայաբնակ գիւղ մըն է), Տէրսիմի Խուզուջան գաւառի Շահուսէյն պէյի տղան, Հայտար պէյը, որ թիւրք կառավարութենէն գայմագամութեան պաշտօն ալ ունի, իր մարդիկներով մեր գիւղը եկաւ եւ մեր քանի մը հայ երիտասարդներու հետ դիմադրեց խուժանին: Թիւրքերը եւ քիւրդերը երբ տեսան, որ մեր գիւղը ինքնապաշտպանութեան կը դիմէ՝ իրենցմէ քանի մը քիւրդ եւ թիւրք մեռած ու վիրաւոր թողնելով գացին: Շնորհիւ Հայտար պէյի եւ մէկ քանի Հ. Յ. դաշնակցականներու՝ գիւղը այն անգամ՝ կոտորածէ եւ կողոպուտէ ազատեցաւ: Հայտար պէյը բացէ ի բաց ըսաւ՝ «Մենք սկզբին թիւրք կառավարութեան աչքին առջեւ ինքնիշխան ցեղ մըն էինք, բայց Տէրվիշ փաշան ժամանակին մեր պապերու օրով սուլթանի հրամանով Տէրսիմը նուաճելու եկաւ. թիւրք փաշան մեզի եկաւ, բայց մենք, զազա ցեղերս, թիւրք կառավարութեան ո՛չ տուրք, ո՛չ զօրք կու տանք եւ ո՛չ ալ կ’ուզենք կառավարութեան ձեռքը գործիք դառնալ եւ նեղել մեր դրացի հայերը: Հակառակ պարագային՝ եթէ խռովութիւն ծագի, ինչպէս անցեալ տարի, հիմա ալ պէտք եղած տեղերը հայերը պիտի պաշտպանեմ»: Տէրսիմի զազա քիւրդը իր դրացի հայուն համար պաշտպան կը կայնի, իսկ մեր հարուստ հայը կը լքէ իր ազգակից եղբայրը, ձեռքէն եկած ամէն վատութիւն կ’ընէ՝ կառավարութեան աչքին սիրելի երեւալու համար»9։
Այս ժամանակահատուածին, կուսակցականներու գործուղումը Տէրսիմ ըստ երեւոյթին վերստին թափ կը ստանայ։ ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին ուղղուած ՀՅԴ Խորաձորի (Քղի) կոմիտէի 18 Հոկտեմբեր 1905 թուակիր դիմումնագիրին մէջ կը յիշատակուի դաշնակցական գործիչներու մասին։ Դիմումնագիրը հաստատուած է ՀՅԴ Կարնոյ Կեդրոնական կոմիտէի կնիքով։ «Քղիի մեր ընկերները յարաբերութեան մէջ են Տրապիզոնի Կարինի եւ Երզնկայի հետ եւ կապեր հաստատելու վրայ են շրջականերու հետ մինչեւ Բալու եւ Չարսանճաք։ Այնտեղի մեր գործիչ ընկերը կը պատրաստուի այս ամառ այցելելու մինչեւ Տէրսիմ, եթէ միայն մեր կողմէն ծախքերը հոգացուին։ Եթէ տարեկան որոշ գումար մը յատկացուի, Խորաձորի այս մարմինի միջոցով պիտի կրնանք կազմակերպել հետզհետէ բոլոր շրջակայ գաւառները»10։ Այստեղ պէտք է շեշտել Քղիի աշխարհագրական կարեւորութիւնը, որովհետեւ աւելի քան 50 հայաբնակ գիւղերով Քղիի վարչատարածքը արեւմուտքէն անմիջական սահմանակից է Տէրսիմ գաւառին։
Դաշտային Տէրսիմի Չարսանճաքի վարչատարածքին մէջ դաշնակցական գործիչ եղած է Մեշետի Աւետիսը (Աւետիս Գազանճեան)։ Բնիկ տէրսիմցի Մեշետի Աւետիսը յատուկ առաքելութեամբ Տէրսիմ կը գործուղուի 1904-ին, սակայն Քղիի մէջ կը ձերբակալուի թրքական կառավարութեան կողմէ։ Չորս տարի բանտարկուած մնալէ ետք սահմանադրութեան օրերուն ներման կ՚արժանանայ։ 1909-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Լեռնասարի Կեդրոնական կոմիտէի Շրջանային ժողովին, ուր Չարսանճաքի գիւղերը կազմակերպելու յատուկ որոշում կը կայացուի եւ առաքելութիւնը կը յանձնուի Մեշետի Աւետիսին եւ Տիգրան Չիթճեանին, որոնք անմիջապէս գործի լծուելով կը մեկնին Չարսանճաք11։ Սասնոյ կռիւներուն մասնակցած այս քաջարի ֆետային Ցեղասպանութեան օրերուն Տէրսիմի մէջ կը ձերբակալուի թուրք զինուորներու կողմէ, որոնք Մեշետի Աւետիսի վիզէն ծանր քար մը կապելով կը գլորեն զինք Մնձուրի կամուրջէն։
Շնորհիւ Մեշետի Աւետիսի նման գործիչներու, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Մեծ Եղեռնի նախօրեակին կազմակերպական ներկայութիւն էր դաշտային Տէրսիմի մէջ Մեծկերտ, Քղի եւ այլուր։ Աւետիսի գործակից Կիրակոս Պոյաճեանը Տէրսիմի Սվճող գիւղին մէջ հիմնած է ՀՅԴ Տաճար կոմիտէութիւնը12։ Գէորգ Երեւանեան «Պատմութիւն Չարսանճաքի հայոց» ստուարածաւալ յուշամատեանին մէջ Դաշտային Տէրսիմի Բերրի գիւղաքաղաքի Եղեռնի ցանակագրուած նահատակներուն մէջ կը նշուին դաշնակցական կուսակցականներ, որոնց շարքին՝ պատմութեան ուսուցիչ Արմենակ Մելիտոսեանը, զինատարութեան գործին մասնակից Պետրոս Բուջիկեանը, Կրթական Մարմնի ատենապետ Հայկ Ենովքեանը, Բերրիի քաղաքական ժողովի անդամ Մարտիրոս Դագէսեանը։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրած շատ մը պատմագիտական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Մեծ Եղեռնի օրերուն Լեռնային Տէրսիմ ապաստանած են աւելի քան 30 հազար հայեր։ Տէրսիմի քիզիլպաշ ալեւիներու մասին եւ անոնց հայերու հանդէպ տածած բարեացակամութեան մասին ուշագրաւ է «Դրօշակ»ի մէջ հրատարակուած 20 Նոյեմբեր, 1906 թուակիր Չմշկածագի տեղեկագրին մէջ տեղ գտած վկայութիւնը. «… Ազատ լերան ազատ զաւակները ենթակայ չեն թիւրքական լուծին եւ իրենց լեռներու բարձրութենէն իրաւունք ունին խրոխտաբար նայելու հայերու վրայ եւ անշուշտ գոհունակութիւն զգան տեսնելով, որ թէեւ իրենց նախնիքը ժամանակին փոխած են իրենց կրօնական դաւանանքը, հրաժարած են հայ անունէն, բայց այժմ մնացեր են ազատ, հպարտ ու խրոխտ…։ … Ընդհանրապէս կ՚ատեն սիւննի թիւրքերը եւ համակրութեամբ կը վարուին քրիստոնեաներու – մասնաւորապէս հայերու հետ, որոնց հետ շատ մը վայրերու մէջ շփման մէջ են»13։
Դաշնակցութիւնը սերտօրէն գործակցած է Տէրսիմի արեւելքը գտնուող Պինկէօլ նահանգի քիզիլպաշ Խորըմընկ ցեղախումբի առաջնորդ աշիրաթապետ Զէյնալի հետ։ Խորըմընկցիներու հետ առաջին կապերը կը հաստատէ Գոմսայ Կորիւնը, որ Սասնոյ Բ. ապստամբութենէն ետք կ’անցնի Պինկէօլ, խորըմընկեցի աշիրաթապետ Նիյազիի մօտ եւ կը կազմակերպէ քրտական կոմիտէ14: Նշենք, որ Կորիւն 1906-ին Կովկաս գործուղուելով կը կազմակերպէ Զանգեզուրի եւ Արցախի շրջանները։ Կորիւնի եւ Զէյնալի առաջին հանդիպումը կը կայանայ 1905-ին։ 1908-ի սահմանադրութենէն ետք Ռուբէն (Տէր Մինասեան) եւ Կորիւն կը մեկնին Պինկէօլ եւ Զէյնալի հետ կ՚ամրապնդեն համագործակցութիւնը։ Զէյնալ հայ-քիզիլպաշ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար կ՚առաջարկէր խառն ամուսնութիւններ կնքել երկու ժողովուրդներուն միջեւ15։
Մշոյ Ս. Կարապետ Վանքին մէջ կայացած ՀՅԴ Դուրան-բարձրաւանդակի Շրջանային ժողովը կ՚որոշէ Զէյնալը նկատի ունենալ որպէս Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ շրջանի քիզիլպաշներու հետ յարաբերութեանց ծիրէն ներս16։
Վերոնշեալ արխիւային վաւերաթուղթերն ու վկայութիիւնները կու գան հաստատելու, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հայ ազատագրական պայքարի շարժումը կազմակերպելու իր մարտավարութեան մէջ ընդգրկած է քիզիլպաշ ցեղախումբերու հետ համագործակցելու եւ դաշինքներ ստեղծելու ուղեգիծը, միաժամանակ այդ ցեղախումբերու աշխարհագրական տարածքներուն վրայ գտնուող հայկական բնակավայրերը կազմակերպելու գործը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է։
Ինչպէս սոյն յօդուածի խորագիրը կը թելադրէ, նշուած փաստագրութիւնները քանի մը ուրուագծեր են Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ Տէրսիմի ալեւի ցեղախումբերու միջեւ համագործակցութեանց պատմական հոլովոյթին։ Այստեղ պէտք է նշել սակայն, որ եթէ 1937-ի Տէրսիմի ըմբոստութենէն երեք տասնամեակ առաջ ապստամբութեան ղեկավար եւ տէրսիմցիներու առաջնորդ Սէյիտ Ռիզան համագործակցած է Դաշնակցական ֆետայի գործիչ Քեռիի հետ՝ մեծ է հաւանականութիւնը, որ Տէրսիմի ապստամբութեան ժամանակահատուածին Հ.Յ.Դ.-ի հետ կայացած է համագործակցութիւն։ Դաշնակցութեան պատմագրական աղբիւրներու մէջ կը յիշուի Նեմեսիս գործողութեան մասնակից, հետագային Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Հրաչ Փափազեանի անունը, որպէս Տէրսիմի հետ կուսակցական յարաբերական կապ՝ 30-ական թուականներուն։ Դժբախտաբար, երախտաշատ դաշնակցական ընկ. Հրաչ Փափազեանը այդ մասին որեւէ յուշագրութիւն կամ գրական աւանդ չէ թողած։ Հաւանաբար ժամանակն է, որ Հ.Յ.Դ. արխիւներու ծալքերուն մէջ յամեցող 1930-ական թուականներու Հ.Յ.Դ.-Տէրսիմ համագործակցութեան պատմութիւնը լուրջ ուսումնասիրութեան արժանանայ։
Վահագն Գարագաշեան
Դրօշակ
Ծանօթագրութիւններ
1.- Matti Moosa, Extremist Shiites: The Ghulat Sects, էջ 433
2.- Աւօ, Յեղափոխական Ալպոմ էջ 333
3.- Գաբրիէլ Լազեան, Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն, էջ 15
4.- Դիւան Հ.Յ.Դաշնակցութեան, էջ 325
5.- Դիւան Հ.Յ.Դաշնակցութեան, Բ. Հատոր, էջ 353
6.- Միքայէլ Վարանդեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պատմութիւն։
7.- Գաբրիէլ Լազեան, Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն, էջ 17
8.- Դրօշակ, 1903 Սեպտեմբեր
9.- Դրօշակ, 1904 Յունիս
10.- Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար, էջ 190
11.- Գէորգ Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճաքի հայոց, էջ 406
12.- Գէորգ Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճաքի հայոց, էջ 213
13.- Դրօշակ, 1907 Փետրուար
14.- Դրօշակ, Օգոստոս-Հոկտեմբեր 1926, Թիւ 8-10 (255-257)
15.- Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, էջ 67
16.- Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, էջ 27