Չորեքշաբթի, Հոկտեմբերի 29, 2025
Ազգ
Wildberries
Wildberries-ը նվազեցնում է միջնորդավճարը այն վաճառողների համար, ովքեր ապահովում են արագ առաքում մինչև գնորդ
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • «ԱԶԳ» շաբաթաթերթ, տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2025
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
Ազգ
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները

Գերագոյն Սուտասանը

02/06/2021
- Տեղական
Կիսվել ՖեյսբուքումԿիսվել ԹվիթերումՈւղարկել Տելեգրամով

Սոյն խորագիրին համար թող ներող ըլլան բոլոր անոնք, որոնք 2018-ին երբեմն աջակցեցան Փաշինեանին, երբեմն համախմբուեցան, ապա խանդավառութեամբ, բոլորովին ազնիւ նպատակներով, աւելի արդար, աւելի պայծառ, կենսունակ եւ ժողովրդավար Հայաստանի մը համար քուէարկեցին 2018 դեկտեմբերի արտահերթ ընտրութիւններուն` ի նպաստ ամբոխավար ու սուտասան Փաշինեանին: Իրապէս թող ներող ըլլան:

Այդուհանդերձ, իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր այն, որ այսօր նոյնիսկ իրեն սատարողներն անգամ չեն կրնար ժխտել անհերքելի եւ անվիճելի ապացուցուած այն փաստը, որ Նիկոլը անտարակոյս սուտասան է, եւ սա ծանօթ է աշխարհով մէկ համայն հայութեան համար:

Հետեւաբար ողջմտութիւնը կ՛ենթադրէ, որ այս մարդուն գործած աւերներուն եւ բազմաթիւ ոճիրներուն համար նախորդ ընտրութիւններուն իրեն սատարողները, 2018-ին զինք ընտրողները` առաջին հերթին, իրենք սթափին եւ այս հողատուէն ծանր հաշիւ պահանջեն, քաղաքական վրէժ լուծեն, հաշուետուութեան կանչեն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան յանձնեն զինք, որովհետեւ այս մարդը դաւաճանեց զինք ընտրողներուն, համախոհերուն եւ ապա դաւաճանեց հայութեան:

Սա է ժողովրդավարութիւնը:

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կը պատահին այսպիսի արատաւոր, աղէտալի ու ահաւոր յայտնութիւններ եւ դրուագներ: Իտալացիք, գերմանացիք եւ ֆրանսացիք նոյնպէս անցեալին ճաշակած են նմանօրինակ պարագաներ, երեւոյթներ, ամբոխավարական, մենատիրական ոճեր ունեցող անհատներ եւ ռազմաքաղաքական գործիչներ, որոնք սեփական ժողովուրդին պատճառած են տարածքային կորուստներ եւ պատերազմական իրավիճակներ: Կը պատահի. պատահեցաւ նաեւ հայկական իրականութեան մէջ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին տարուելով եւ խաբուելով Փաշինեանի սուտերէն ու ամբոխավարական սին խոստումներէն, երազելով «սուրբ փրկիչին» իշխանութեան գալուստով երկրի բարօրութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման ի խնդիր, 2018-ի ընտրութիւններուն սատարեց անոր: Սակայն, ափսոս, վերածուեցաւ համազգային աղէտի: Կը պատահի. մարդ արարածը սխալական է, բայց առաջին իսկ առիթին պէտք է կատարուած ընտրական սխալը սրբագրել` յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, պէտք է դասեր քաղել ու առանց նախապաշարումի կողմնորոշուիլ հայութեան եւ Հայաստանի համար ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող 20 յուլիսի ընտրութիւններուն:

Փաշինեանի իշխանութեան օրով մեր կրած կորուստները բնաւ չեն բաղդատուիր. անոր օրով մենք շատ սուղ գին վճարեցինք,  սերունդներու եւ տարածքային անդառնալիօրէն կորուստներով շատ սուղ գին արդէն տակաւին կը վճարենք ալ այսօր. սահմանային միջադէպերը ատիկա կը յուշեն, յատկապէս` Զանգեզուրի շրջանի ողբերգութիւններն ու խայտառակութիւնները: Այդ իսկ պատճառով, ինչպէս ըսինք, պէտք է անհրաժեշտ դասեր քաղել եւ մեր ժողովուրդին մէջէն արմատախիլ ընել նիկոլիզմի քաղցկեղը, պարտուողականութեան եւ յանձնուողականութեան թրքամէտ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը, պէտք է վերականգնիլ, վերամիաւորուիլ եւ կորսուած, ոչ թէ, ըստ «իմքայլականներու», ամայի եւ տժգոյն տարածքները, այլ հայ ժողովուրդի սրբազան տարածքները վերակերտելու մարտավարութիւն որոնել ու միանգամընդմիշտ հայոց արդի պատմութեան մէջ ամօթալի Նիկոլի էջը 20 յունիսի արտահերթ ընտրութիւններուն վերջնականապէս փակել:

Ի դէպ, եկէք` արձանագրենք, որ ընդհանրապէս սուտասան եւ ամբոխավար քաղաքական գործիչները, որոնք առերես իշխանութիւնը բաժնեկցող կը ձեւացնեն, ըստ էութեան իրենց գործունէութեան դրսեւորումը, հոգեկերտուածքը եւ քաղաքական վարքագիծը պատմականօրէն հակառակը կը փաստեն:

Անոնց աշխատելաոճը աւելի բնորոշ է մենատիրական մարդոց, որոնք ընդհանրապէս հանրութեան մէջ կը ներկայանան իբրեւ ամենագէտ, ժողովուրդի փրկիչ եւ գերհզօր անձնաւորութիւն, սակայն իրականութեան մէջ այդ տեսակն է, որ ամէնէն շատ բոլոր ժողովուրդներուն ճակատագիրը կը խաթարեն, հասարակութեանց անդորրը կը խախտեն, պատերազմներ կը հրահրեն, երկրի կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն` իրենց հոգիներուն մէջ վրէժխնդրութեան, խանդի եւ կուտակուած թունաւոր կիրքի առկայութեան բերումով: Ուստի, օր առաջ, ժամ առաջ պէտք է ամէն գնով ձերբազատիլ նմաններէն: Այնպէս որ, իրապէս միայն ժամանակի խնդիր է դիմակազերծումը եւ  բուն նպատակներու բացայայտումը ամբոխավարներու ու սուտասաններու, որոնց ճակատագիրը, լաւագոյն պարագային, կրնայ աւարտիլ մեծանուն հայ բանաստեղծ Թումանեանի «Սուտասանը» հեքիաթով: Արդարեւ, հեքիաթին մէջ, ի շարս այլոց, երեք եղբայրներ կը մասնակցին թագաւորին կազմակերպած սուտի մրցոյթի մը, որուն ընթացքին աւագ երկու եղբայրներու ստելու արարողութենէն ետք կրտսեր եղբօր դիպուկ ձեւով արտայայտութիւնը` իր համագիւղացիներէն յանձնարարուած` իրենց կեանքի տագնապը ձեւակերպելու արգասիքով ցնցելէ ետք արքան եւ մինչեւ այդ անվիճելի թագաւորութեան իշխանութեան ներքոյ կուտակուած ամբողջ երկրի գանձը, հարստութիւնը եւ իշխանութիւնը վերստին վերադարձաւ ժողովուրդին ու հայրենիքին:

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Նիկոլին յայտարարած սուտի մրցոյթը աւարտած է. Նիկոլին կազմակերպած կրկէսը աւարտած է. Նիկոլին քաղաքական աւարտը հասած է. բացայայտուած են նիկոլիզմի բուն նպատակները` թրքամէտ ռազմաքաղաքական գաղտնի համաձայնագրութիւններու առկայութիւնը, կատարուելիք փանթրքական պատուէրները` Հայաստանի գերիշխանութեան եւ յատկապէս Զանգեզուրի հաշուոյն:

Այդ իսկ պատճառով խորապէս համոզուած ենք, որ 2018-ին Նիկոլին զօրակցող զանգուածները, նոյնիսկ եթէ մինչեւ այսօր տեղ մը տակաւին լուռ են, սակայն անոնք անկասկած կը գիտակցին ինքնասիրահարած եւ ապաշնորհ Փաշինեանի երեք տարուան իշխանութեան ազգակործան վարքագիծին եւ անոր վարած քաղաքականութեան հետեւանքներուն, որոնցմէ իրենք եւս կը տագնապին: Անոնք վստահաբար, ինչպէս իւրաքանչիւր քաղաքացի, խիստ վրդոված կրնան ըլլալ, անոնց արժանապատուութիւնը խոցուած է այսօր, անտարակոյս Նիկոլի արկածախնդիր քաղաքականութեան պատճառով Արցախի վերջին պատերազմի հետքերէն իրենք կամ իրենց պարագաները, հարազատները, բարեկամները անպայման կրնան տուժած ըլլալ, նմաններու վստահութեան քուէն չարաչար շահագործեց ապազգային նպատակներով անհայրենիք Փաշինեանը:

Այդ իսկ պատճառով 2018-ին Նիկոլին զօրակցող շրջանակները հաւանաբար այսօր ներքնապէս կ՛անդրադառնան, որ իրենք յաւելեալ ազգային պարտականութիւն մը ունին` աւելի զգօն ըլլալու, վերստին չխաբուելու, սրբագրելու 2018-ի ընտրութիւններուն գործուած ճակատագրական ընտրական սխալը եւ մեղսակից չըլլալու արձանագրուած ընդհանուր համազգային աղէտին:

Այսօր հայկական իրականութեան մէջ չկայ մարդ մը, արտայայտուի կամ ոչ, որ չըմբռնէ, չհասկնայ, թէ Նիկոլի իշխանութեան վրայ մնալը ի՛նչ կը նշանակէ Հայաստանի եւ հայութեան համար. պատկերացուցէք ամբողջ աշխարհի պետութիւնները եւ ժողովուրդները ինչպիսի հեգնանքով, արհամարհանքով եւ անյարգալից վերաբերումով պիտի յարաբերին մեզի հետ, եթէ այս քափիթուլանթը ազգովին չհեռացնենք իշխանութենէն, մարդ, որ ամբողջ հայրենիքը յանձնեց թուրքին, պատերազմ կորսնցուց, 5000-է աւելի մարդու կեանքի պատճառ դարձաւ, տակաւին` վիրաւորները, գաղթականները, անօթեւանները եւ ռազմագերիները, մարդ, որ երկիրը անընդունելի եզրի հասցուց, ծաղրանքի առարկայ դարձաւ թուրքի եւ ազերիին, Հայաստանի տարածքային գերիշխանութիւն զիջեցաւ, երկրի միջազգային գործընկերներուն վստահութիւնը եւ յարգանքը կորսնցուց :

Հետեւաբար վստահ ենք, որ այդ տեսակի մարդու իշխանութեան վրայ մնալը Հայաստանի Հանրապետութեան արժանապատիւ ոչ մէկ քաղաքացիին համար պատիւ եւ ապահովութիւն կը բերէ:

Պիտի չուզէինք տակաւին աւելորդ մելան հոսեցնել եւ շունչ վատնել վերջին օրերու Նիկոլի հակահայ արտայայտութիւններուն մասին, ոչ ալ` սահմանային միջադէպերու եւ ներքաղաքական զարգացումներու գծով արձանագրած զառանցանքներուն մասին… Բայց, օրինակ, ինչպէ՞ս չանդրադառնալ վերջին հրէշային եւ անհեթեթ արտայայտութեան, երբ ան կ՛ըսէ` «Հպարտ է իր ազգի պարտութեամբ, հպարտ է 5000 զոհերով, 11.000 վիրաւորներով, ռազմագերիներով, անօթեւաններով եւ Արցախի 75 առ հարիւրի յանձնումով թուրքին եւ ազերիին»: Այո՛, կ՛երեւի այս մարդը հայ ժողովուրդի ջախջախումով հպարտ է:

Արդարեւ, Նիկոլ Փաշինեանի պատճառած ազգային ողբերգութեան վերջ դնելու հատու պատասխանը վերապահուած է հայ ժողովուրդին` 20 յունիսի արտահերթ ընտրութիւններուն միջոցով հեռացնելու մեր երկրի ու ժողովուրդի արդի ժամանակներու չարիքի առանցքը հանդիսացող Նիկոլն ու նիկոլիզմը:

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ

ShareTweetShare
Նախորդ գրառումը

Թող իրենց մարդավարի պահեին, ՌԴ-ն շարունակեր հսկայական քանակով սպառազինություն տալ, ոնց որ մեզ էր տալիս․ Սերժ Սարգսյան

Հաջորդ գրառումը

Սյունիքն ու Արցախը հայոց պետականության հենասյուներն են

Համանման Հոդվածներ

Նորություններ

Դատապարտում եմ Ալեքսանդր Կոչուբաևի դեմ առաջադրված քրեական մեղադրանքները․ ՄԱԿ-ի հատուկ զեկուցող

29/10/2025
Նորություններ

Խաղաղության խոստումներ և ատելության լեզու. Ադրբեջանի երկակի քաղաքականությունը

29/10/2025
Նորություններ

Հովհաննավանքը դարձել է հակաեկեղեցական որջ. Սուրեն Սուրենյանց

29/10/2025
Հոգևոր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում հանդիպում ունեցավ Մասյացոտնի թեմի հոգևոր սպասավորների հետ

29/10/2025
Հաջորդ գրառումը

Սյունիքն ու Արցախը հայոց պետականության հենասյուներն են

logo-white1
“Վահան Թեքեյան” Սոցիալ-Մշակութային Հիմնադրամ
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։ Կայքի նյութերը տարածելիս հղումը կայքին պարտադիր է։

©2024 «ԱԶԳ» վերլուծական

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In

Add New Playlist

Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • «ԱԶԳ» շաբաթաթերթ, տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2025
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները

© 2025 «ԱԶԳ» վերլուծական