Հայաստանի մէջ քաղաքական գործունէութիւնը մատնուած է անելի: Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բանավէճը, որ անհրաժեշտ է ժողովրդավարութիւն դաւանող հասարակութեան մէջ, չ՛ընթանար առողջ հունով: Բանավիճող կողմերը իրարու չեն լսեր, միւսին ըսածին ու առաջարկածին մէջ դրականը կ՛անտեսեն, իսկ իրենց տեսակէտով մերժելի գաղափարը կը վերածեն վարկաբեկումի նիւթի:
Հայրենիքի Փրկութեան շարժումի վարչապետութեան թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը Գիւմրիի մուտքին իր ճանապարհը փակող քսան կամ երեսուն քաղաքացիները պոմժ (անտուն թափառաշրջիկ) կոչեր է: Այս արտայայտութիւնը կը թարգմանուի իբրեւ Գիւմրիի ժողովուրդի վարկաբեկում: Կը մոռցուի, որ Վազգէն Մանուկեան մտեր է Գիւմրի եւ դահլիճի մը մէջ ելոյթ ունեցեր է աւելի քան վեց հարիւր քաղաքացիներու առջեւ: Երեսուն հոգին «ժողովուրդ» է, վեց հարիւր հոգին` յիշատակութեան իսկ անարժան:
Իշխանութեան որակումները եւս նուազ վարկաբեկիչ չեն, եթէ «հողատու»-ն կամ «առանց Նիկոլի Հայաստան»-ը յարաբերաբար մեղմ են, «դաւաճան»-ն ու «ազրպէյճանցի»-ն հեռու են պատշաճութենէ:
Պէտք է ընդունիլ, որ յեղափոխութիւն յորջորջուած իշխանափոխական շարժումին սկիզբէն իսկ, շարժումի առաջնորդները, ու մանաւանդ անոնց ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը, նախկինները վարկաբեկող եզրերու եւ որակումներու պակասորդ չունէին: Նոյնիսկ պատերազմի տեւողութեան ու անկէ ետք ալ, ժխտական որակումները շարունակուեցան, շատ թեթեւ մեղմացումով մը թէեւ:
Անշուշտ քննելի հարցեր ու սրբագրելի երեւոյթներ կան թէ՛ նախկիններու իշխանութեան կապակցութեամբ եւ թէ՛ նորերու կառավարման հետ կապուած: Մանաւանդ քառասունչորս օր տեւած պատերազմի հրահրումին, անոր ղեկավարման ու ահաւոր արդիւնքին վերաբերմամբ: Այս ծանրակշիռ, Հայաստանի պետականութեան հիմքերը խարխլող խնդիրները պէտք է քննուին առարկայական տուեալներու հիման վրայ, հանդարտ պայմաններու մէջ: Այդ քննութիւնը պէտք է կատարեն անշահախնդիր մասնագէտներ, որոնք մերկ ճշմարտութիւնը բացայայտելէ ետք, ապագայ դրական ու յուսալից փոփոխութեան մը նախադրեալները ցոյց տան:
Փոփոխութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Փոփոխութիւնը միայն արտակարգ ընտրութիւններով չի կայանար: Եթէ ճշմարտութիւնը չէ բացայայտուած, եթէ քաղաքական հրապարակը չէ պայծառացած, եթէ քաղաքական ուժերու միջեւ զրոյցը չէ բարոյականացած, եթէ հասարակութիւնը չէ միասնականացած երկիրը փրկելու գաղափարին շուրջ, արտակարգ ընտրութիւնը ապարդիւն է: Արտակարգ խորհրդարանական ընտրութեան պէտք է նախորդէ ապաքինման տրամաբանական ժամանակամիջոց մը, որպէսզի փոփոխութիւնը կատարուի առողջացած քաղաքացիական հասարակութեան մը միջոցով, հասարակութիւն, որ միասնական է նպատակներու վերաբերմամբ, տարակարծիք` գործադրութեան ձեւերուն մասին:
Ներկայ պայմաններուն տակ, երբ փոխադարձ քննադատութիւններու անկշռադատ սանձազերծումը օրէնք դարձած է, առարկայական ու լուրջ դատողութիւնը լսելի չէ: Ամբոխավարական ժողովրդավարութեան պայմաններուն ենթակայ, քաղաքացին զոհ կը դառնայ մտաւոր տարտամ ամբողջատիրութեան մը: Երկիրը պէտք է դուրս բերել առկայ ճահիճէն, հրաժարիլ չափազանցութեան մահացու հիւանդութենէն ու անյապաղ նախաձեռնել խաղաղեցման ընթացակարգի մը:
Այսինքն` ժամանակաւոր, մասնագէտներէ բաղկացած, անկողմնակալ կառավարութեան մը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com