Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ը, ուր աշխարհն ամբողջ ականատեսը դարձաւ` Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի շրջափակին մէջ` ծովածաւալ բազմութեան ներկայութեան` հայոց ցեղասպանութեան օրերուն նահատակուած` Մարտին քաղաքի առաջնորդ` Արհ.Իգնատիոս Արք.Մալոյեանի Սրբադասման արարողութեանը։
Տաճարի որմերը զարդարուած էին եօթը այլազան ազգեր ներկայացնող Սուրբերու պատկերները, որոնց կեդրոնը զբաղեցուցած էր` հայազգի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի անմահական պատկերը։
Սոյն մեծ իրադարձութիւնը անշուշտ աննկատ չէր կրնար անցնիլ Զմմառու Մայրավանքէն ներս, արդ` Նահատակ Սուրբը Զմմառու Պատրիարքական Կղերի մեծվայելչութեան արժանացած Միաբան էր։
Առ այդ` Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10֊ին, նախքան Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Սրբադասման արարողութեան` Զմմառու Մայրավանքի Ս. Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ` հոծ բազմութեան ներկայութեան` Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի
Քարոզեց` Զմմառու Մայրավանքի փոխ մեծաւոր` Գեր.Հ.Նարեկ վրդ.Լուիսեան։
Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Զմմառու Մայրավանքի հիմնադրին եւ հիմնադրութեան նաեւ այնտեղ ծաւալած հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային գործունէութեանը։ Այնուհեւտեւ մասնաւորեց կարգ մը ականաւոր միաբաններու կատարած Աստուածահաճոյ գործերը` վեր առնելով Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքն ու նահատակութիւնը։
Հ.Նարեկ իր քարոզը եզրափակեց` գոհութիւն եւ փառաբանութիւն մատուցելով Աստուծոյ, որ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան շնորհեց Միաբան Սուրբ մը` Մայրավանքը վերածելով Սրբավայրի։
11-ին, Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ տեղադրուած պաստարներու վրայ` Հռոմէն ուղիղ կապով հեռարձակուեցաւ Ս. Պետրոս հրապարակին մէջ տեղի ունեցած Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման արարողութիւնը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն, որը կը բովանդակէր Սուրբին վարքը։
Ապա «Կռունկ» երգչախումբի կատարողութեամբ հնչեց «Բազմաչարչար» շարականը։ ղեկավարութեամբ` Դեկտ. Էտի Թորիկեանի։
Աւարտին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի
Ձեռաց խաչով` հաւատացեալները օրհնութիւն ստացան եւ համբուրեցին Սուրբին մասունքը։
Հոգեպարար արարողութենէ ետք` Մայրավանքի Դահլիճի մէջ Գեր.Հ.Նարեկ վրդ.Լուիսեանն ու վարչական հայրերը ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորանքները եւ հաւատացեալներուն շնորհուեցաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերը իր աղօթքով։
orer.eu