Սփիւռքը տկարացնելը Հայաստանը չի հզօրացներ. ան կը տկարացնէ ամբողջ Հայ Ազգը

Ազգային հզօրացումը կարելի չէ կառուցել՝ տարածքն ու բնակչութիւնը նուազեցնելով, Արցախի հայութեան իրաւունքներէն հրաժարելով կամ տկարացնելով այն միջավայրերը, ուր հայկական ինքնութիւնը կը պահպանուի, կը վերարտադրուի եւ կը փոխանցուի գալիք սերունդներուն։
Այս իրականութիւնը միայն անցեալին չի պատկանիր։ Արցախի հայ բնակչութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մեր համայնքներու բռնի տեղահանութիւնները տասնեակ հազարաւոր հայրենակիցներ աւելցուցին աշխարհասփիւռ հայութեան նոր քարտէսին վրայ։
Հայ Սփիւռքը կը շարունակէ աճիլ, վերափոխուիլ եւ ստեղծել կազմակերպումի, պատկանելիութեան եւ հայութեան հանդէպ յանձնառութեան նոր ձեւեր։
Ուստի աննախադէպ ծանրութիւն ունի այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր կառավարող իշխանութեան շրջանակներէն կը փորձեն Սփիւռքի տկարացումը ներկայացնել իբրեւ պետութեան հզօրացման գրեթէ sine qua non պայման։
Հայաստանի Հանրապետութեան նորագոյն պատմութեան մէջ նմանօրինակ նախադէպեր չկան։ Տասնամեակներ շարունակ Սփիւռքը տկարացնել, բաժնել, լռեցնել կամ կազմալուծել փորձողները եղած են ճիշդ այն պետութիւնները, որոնք ձգտած են ջնջել Ցեղասպանութեան հետեւանքները, ուրանալ մեր իրաւունքները եւ վերջ դնել մեր պատմական պահանջատիրութեան՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։
Քաղաքական տարակարծութիւնները օրինական են եւ բնական՝ որեւէ ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ։ Սակայն բոլորովին այլ բան է այդ տարակարծութիւնները տեղափոխել մեր ազգային ինքնութեան դաշտ, քայքայել Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերը, նսեմացնել սերունդներու պայքարով ձեւաւորուած արդարութեան պահանջները կամ մեր ժողովուրդի մէկ հատուածը միւսին հակառակորդ դարձնել։
Հայաստանը իր Սփիւռքին հակադրել, տկարացնել անոր հաստատութիւնները եւ զայն հեռացնել ազգային ապագային վերաբերող հիմնարար որոշումներէն՝ հայկական որեւէ շահու չի ծառայեր։ Ասիկա այն բաժանումն է, զոր Թուրքիան տասնամեակներ շարունակ խրախուսած է, իսկ Ատրպէյճանը կը ձգտի խորացնել։
Այդ ուղին կը ծառայէ միայն անոնց, որոնք պատմականօրէն ձգտած են մասնատել Հայ Ազգը։
Սփիւռքը տկարացնելը Հայաստանը չի հզօրացներ. ան կը տկարացնէ ամբողջ Հայ Ազգը։
Կառավարութիւնները, նոյնիսկ ապազգային կառավարութիւնները, կու գան ու կ՚երթան։ Ազգը կը մնայ։
Եւ այս հարցին մէջ պէտք է ըլլանք միանշանակ. Հայ Ազգի միասնականութեան հետ չեն խաղար։
