Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը տարիներէ ի վեր իր շարքերուն մէջ խախտած միասնականութիւնը վերահաստատելու կենսական նպատակով, անցեալ 2021 տարուան դեկտեմբերին հանդէս եկաւ Առաջին Կոչով մը: Վեց ամիսներ շարունակ տարբեր շրջաններու մէջ կատարուած բացատրողական լուրջ աշխատանքներէ ետք հրատարակուեցաւ Երկրորդ Կոչը՝ ուղղուած ամբողջ անդամակցութեան, որուն մէջ ամփոփ անդրադարձ մը ընելէ ետք մինչև օրս կատարուած աշխատանքներուն մասին, յայտարարուեցաւ, թէ յունիսի 18-ին տեղի պիտի ունենայ կուսակցութեան գործօն և ղեկավար անդամներու մասնակցութեամբ՝ ZOOM-ի միջոցաւ համաշխարհային լայն խորհրդակցական առաջին ժողով մը:
Անցեալ շաբաթ օր, յունիսի 18-ին տեղի ունեցաւ այդ ժողովը, որուն մասնակցեցան աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն շուրջ 60 գործօն և ղեկավար ընկերուհիներ և ընկերներ: Աւելի քան երեք և կէս ժամ տևող ժողովը տեղի ունեցաւ մասնակցողներու կեդրոնացած ուշադրութեան լրջագոյն մթնոլորտի մը մէջ: Բոլորը խանդավառութեամբ իրենց գնահատանքը և զօրակցութիւնը յայտնեցին ՌԱԿ-եան միասնականութեան վերահաստատման այս աշխատանքին:
Որոշուեցաւ այս լայն մասնակցութեամբ ZOOM ժողովները շարունակել հերթաբար, մինչև քանի մը ամիսներ ետք ֆիզիքական մասնակցութեամբ գումարուելիք կուսակցութեան հիմնական վերակազմակերպութեան ժողովը:
Յաջորդիւ՝ մանրամասնութիւններ:
ՌԱԿ Համադրուած Մամուլ