Ալիեւի այցէն ետք զարմանալի քայքայում…
Վատիկանը գաղտնազերծած է հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերը. թուրքերու կողմէ կատարուած վայրագութիւնները սարսափելի են։
Վատիկանը սկսած է հրապարակել ամենահին արխիւներու մէջ պահուող գաղտնի փաստաթուղթերը։
Անոնք հիմնականին մԷջ կը վերաբերին մօտ 400 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն՝ սկսած 1621 թուականէն։ Անոնցմէ ամենահինը թուագրուած է 8-րդ դարով, կը հաղորդէ HaberTurk-ը։
100 գաղտնի փաստաթուղթերու ցուցահանդէսը, ներառեալ՝ օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթեր, կը գտնուին Քափիթոլիումի թանգարանին մԷջ եւ հանրութեան բաց՝ մինչեւ այս տարուան սեպտեմբեր ամիսը։
Վատիկանի արխիւի տնօրէն, եպիսկոպոս Սերճիօ Փականոյի խօսքով, փաստաթուղթերը կը պարունակեն հայերու մասին հսկայական տեղեկութւններ։
Հայերու ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝ Փականոն նշած է, որ հրապարակուած փաստաթուղթերը կը վկայեն թրքական բանակի կողմէ հայերու ենթարկուած դաժան խոշտանգումներու մասին։
Յիշենք, որ 2011 թուականի ամռան Փականոն յայտարարած էր, որ այս փաստաթուղթերը կը ցուցադրուին Վատիկանի արխիւներու Lux ցուցահանդեսին մէջ (Arcane), 2026 թուականի փետրուարին ամիսին։
Փականոն յայտնած է, որ 1896 թուականին Հռոմի պապ Լեւոն XIII-ը կոչ ըրած է սուլթան Ապտուլ Համիտին՝ կարեկցանք ցուցաբերել եւ դադրեցնել հայերու ցեղասպանութիւնը:
Փականոն յայտնած է, որ հայերու ցեղասպանութեան վերաբերեալ մօտ հարիւր փաստաթուղթ, ներառեալ՝ Վատիկանի արխիւներէն թուրք զինուորներու գործողութիւններու մասին գրաւոր վկայություններ, կը հրապարակուին առանձին գիրքով։
Ան ներկայացուց այս գիքէն հատուածներ, ներառեալ՝ թուրք զինուոր Մուսթաֆա Սիւլեյմանի վկայութիւնը.
«Մենք մտանք հայկական գիւղեր եւ բոլորին անընդմէջ սպաննեցինք՝ առանց սեռի կամ տարիքի տարբերութիւն դնելու։ Մեր ետեւէն եկած քիւրտերը թալանեցին հայկական տուները։ Շատ տարեցներ եւ հաշմանդամներ թաքնուեցան գիւղի կեդրոնը գտնուող դպրոցին մէջ, բայց մեզ հրամայեցին սպաննել բոլորին։ Կելիյէկիւզան գյուղին մէջ սպաննուեցին կամ այրեցին 800 հայ։ Հայր Յովհաննէսի աչքերը ծակեցին, մորուքը, քիթը եւ ականջները կտրեցին։ Ես ինքս երեխաներ չեմ սպաննած. ես նույնիսկ երկու հայի փրկեցի։ Ես անոնց երեք օր թաքցուցի իմ վրանի մէջ, բայց օր մը մտայ այնտեղ եւ տեսայ անոնց անմահ մարմինները… »
Եպիսկոպոս Փականոն նաեւ ըսաւ, որ Վատիկանը կը հրապարակէ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ երիտթուրքերու տիրապետութեան ներքեւ իրականացուած հայերու ցեղասպանութեան արխիւները։
«Այս փաստաթուղթերը անբացատրելի ցաւ եւ սարսափ կը յառաջացնեն։ Թուրքերու կողմէ հայերու նկատմամբ կատարուած վայրագութիւններու մասին հաղորդագրութիւնները ինձ ամչցուցին ուրիշներէն», – ըսաւ եպիսկոպոսը։
Աղբիւր՝ newsNK