Յատուկ «ՊԱՅՔԱՐ»ին
Դէմքեր
Նպատակ չունիմ մեր եկեղեցական գործիչներու կենսագրութեամբ զբաղելու. շատ աւելի ձեռնհաս մարդիկ, հետազոտողներ զբաղած ու տակաւին կը զբաղին երկար տարիներ այդ եւ նման հարցերով, ինչպէս այժմ, օրինակ, Տ. Զաւէն քահանայ Արզումանեանը, որ 4 հատորով ամփոփած է վերջին շուրջ 140 տարիներու ժամանակագրութիւնը Հայ եկեղեցւոյ՝ իր հոգեւոր առաջնորդներով ու նշանաւոր գործիչներով, նաեւ՝ կարեւոր իրադարձութիւններով։ Սակայն կ’ուզեմ ներկայացնել 20-րդ դարու կէսերուն գործած եկեղեցական մը, որ, իմ կարծիքով, բացառիկ երեւոյթ մը եղած է սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ ոչ միայն եկեղեցական, այլ նաեւ ազգային կեանքին մէջ իր կենսակերպով, մարդկային, հոգեւոր, քաղաքական գործունէութեամբ, ու նաեւ՝ դիտարժան ու լսարժան վարուելակերպով։
Խօսքը Շաւարշ Գույումճեան Սրբազանի մասին է, շուրջ 20 տարի Դամասկոսի թեմի առաջնորդ եղած անձի մը մասին, ծնունդով՝ հաճընցի, կրթութեամբ սաղիմահայ, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան Ժառանգաւորաց վարժարանի շրջանաւարտ, այնուհետեւ Պաղեստինի Անգլիական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժնի, աւելի ուշ՝ Լոնտոնի համալսարանի եկեղեցագիտութեան բաժինը աւարտած անձին մասին, որ շրջան մը Հայֆայի հայոց եկեղեցւոյ հովիւը դառնալէ ետք, 1948-ի դժնդակ օրերուն իր հօտին գլուխն անցած՝ ապաստանած է Պէյրութ, իսկ կարճ ժամանակ անց, Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Յովսէփեան կաթողիկոսի որոշմամբ, Ս. Էջմիածնի մէջ Վազգէն Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ ձեռնադրուած եպիսկոպոսը դարձաւ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ, մինչեւ 1968 թուականը, երբ առողջական պատճառներով տեղափոխուած է իր ազգականներուն քով՝ Ուրուկուայ, Մոնթեվիտէօ, ուր աւանդած է հոգին։
Հայ եկեղեցականի տոհմիկ, ազգային-եկեղեցական պատասխանատուութիւնը արժանապատիւ կերպով կրելու, դժուարութիւններ յանձն առնելու եւ մինչեւ կեանքին վերջը պատասխանատւութիւն կրելու այդ ոգիին լաւագոյն եւ պատկերաւոր վկայութիւնը ես լսած եմ Պէյրութի ամենայայտնի վաճառականներէն՝ Գիւլպենկի բերանէն։
Աշխոյժ պատանիներ էինք, ՀԲԸՄԻութեան Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի 8-րդ կամ 9-րդ դասարանի աշակերտ։ Կիրակի օրերուն պարտադրական հրաւէրով կ’երթայինք Միութեան Զարեհ Նուպար ակումբ, որ կը գտնուէր քաղաքին ամէնէն վատահամբաւ թաղամասերէն մէկուն մէջ, նաւահանգիստին շատ մօտ, Պապ Իտրիս փողոցին զուգահեռ՝ նեղլիկ փողոցի դարձուածքին վրայ։ Ակումբի՝ նոյնպէս նեղլիկ բեմին վրայ կատարուած մրցոյթներէն, համերգներէն ու ձանձրացուցիչ դասախօսութիւններէն ետք, տուն վերադառնալէ առաջ ես եւ երկու ընկերներ կը սիրէինք այցելել քիչ մը վերեւ գտնուող խանութ-սրահ մը՝ հիանալու հոն ցուցադրուած լուսանկարչական գործիքներու՝ քամերաներու հարուստ հաւաքածուով։ Եւ հո՛ն էր, որ օր մը խանութին տէրը՝ Կիւլպենկը, մեզի պատմեց, աւելի ճիշտ՝ նկարագրեց 14-15 տարի առաջ իր տեսածն ու լսածը, զոր հոս կը պատմեմ մօտաւոր ճշգրտութեամբ։
«Օր մը, առաւօտեան, երբ մեր խանութին փեղկերը կը բարձրացնէի, վարի փողոցէն վեր՝ դէպի մեզի բարձրացող խումբ մը տեսայ, 300-400 հարիւր հոգի՝ պայուսակներով, չոր-չոճուխով, կնիկներով, ծերունիներով։ Առջեւէն կը քալէր գիրուկ եկեղեցական մը՝ վարդապետի վեղարով, հաստ գաւազանը գետին զարնելով։ Վազեցի վար, մօտեցայ եկեղեցականին ու հարցուցի՝ «Ուրկէ՞ կու գաք, Հա՛յր Սուրբ»։ Ըսաւ՝ «Հայֆայէն։ Գիշերը նաւով հասանք Պէյրութ, հոս՝ վարի փողոցը տեղաւորուեցանք տուներու մէջ։ Հիմա կ’երթանք Սուրբ Նշան՝ առաջնորդ սրբազանը տեսնելու»։ «Բայց, ըսի, Հայր Սուրբ, գիտէ՞ք գիշերը ո՞ւր մնացեր եք։ Գիտէ՞ք, որ ձեր ըսած տուները բոզանոցներ են»։ Հայր Սուրբը անվրդով ըսաւ. «Տղաս, ուր որ ես ոտքս կը դնեմ՝ կը սրբանա՛յ, կը հասկնա՞ս»։ Բան մը չկրցի ըսել, ի՞նչ ըսէի։ Ըսի՝ «Աստուած օգնական, Հայր Սուրբ», եւ անոր «Աստուած պահապանը» լսելէս ետք վերադարձայ խանութ»։
Այո, մարդ, առաջնորդ եւ առաջնորդո՛ղ։ Շաւարշ Սրբազան, որ գիտէր առաջնորդել՝ անկախ՝ պայմաններու եւ հանգամանքու թելադրանքէն, որպէս իր հօտին տէրը, հոգատարը, առաջնորդը, որ 1948-ին, երբ հրեաները անգլիական տիրապետութեան տակ գտնուող Պաղեստինի մէջ, Տեր Եասինի մէջ եւ այլուր արաբ բնակիչները ջարդի ենթարկելէ ետք տեղահան ըրեր էր նաեւ Հայֆայի ու Եաֆայի հայ բնակչութիւնը, իր հօտը հաւաքելով մէկ գիշերուան մէջ շոգենաւով Պէյրութ տեղափոխելով ապահովեր էր անոնց ֆիզիքական գոյութիւնը։
Եւ հաւանաբար ա՛յդ էր պատճառը, որ Տանն Կիլիկիոյ յատենի կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանը, գնահատելով անոր պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը՝ զինք նշանակեց Դամասկոսի թեմի առաջնորդ՝ թերեւս կռահելով իրմէ ետք գալիք օրերու վերիվայրումները։
Այդ վերիվայրումները տեղի ունեցան 1956-ին, երբ ՀՅԴաշնակցութիւնը, օգտուելով այսօրուան հասկացողութեամբ՝ աշխարհաքաղաքական կացութենէն եւ Սփիւռքին տիրապետելու ու զայն Խ. Հայաստանի դէմ որպէս հակակշիռ ներկայացնելու հնարաւորութենէն, իրեն ենթակայ մի քանի եկեղեցականներով իսկական յեղաշրջում կատարեց ու գրաւեց, կուսակցական յենակէտ դարձուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Անթիլիասի մէջ, եւ նոյն կուսակցութեան միջոցով Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռին ենթակայ դարձուց Պարսկաստանի երեք թեմերը, զուգահեռ թեմեր ստեղծեց Մ. Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ, սակայն չկրցաւ, օրինապէս Անթիլիասին ենթակայ Դամասկոսի թեմը միացնել իրեն, շնորհիւ տեղւոյն աւանդապահ համայնքի ջանքերուն եւ հոգւեոր առաջնորդին աննկուն, ամուր կեցուածքին, շնորհիւ Շաւարշ Սրբազանին։
Անթիլիասի Զարեհ ապա Խորէն կաթողիկոսները, 1960 թուականէն մինչեւ 1970, շատ ջանք թափեցին եւ օտարերկրեայ միջամտութիւններ հրահրեցին տիրանալու այդ թեմին, սակայն Շաւարշ Սրբազանին եւ անոր յաջորդներուն շնորհիւ՝ թեմը էջմիածնական մնաց ու կը գործէ դեռ։
Ու կը պատմուի, որ 60-ականներու ամենածանր օրերուն, երբ արաբական աշխարհը կը գտնուէր իսրայէլաամերիկյան ռազմաքաղաքական խժդժութիւններուն ենթակայ եւ Սուրիոյ պետական իշխանութիւնը կ’ենթարկուէր արտաքին ճնշումներու եւ գրեթէ մօտ էր Դամասկոսի թեմի՝ այսպէս կոչուած «գրաւումը», Շաւարշ Սրբազանը, իրաւաբանական գիտութիւններու քաջածանօթ անձ, պաշտօնապէս անդամակցած է ընդդէմ իսրայէլական նուաճողականութեան կազմուած սուրիական ժողովրդային աշխարհազօրի գունդերուն, հագած է համապատասխան համազգեստ, հրացանը ուսին եւ լուսանկարուած «Թըշրին» պաշտօնաթերթին համար, որ լուսանկարը ներկայացուցած է «Փաթրաք ըլ Արման մաանա» («Հայոց հոգեւոր առաջնորդը մեզի հետ է») մակագրութեամբ, որուն, հասկնալիօրէն, չէր կրնար դէմ կենալ սուրիական որեւէ իշխանութիւն եւ պաշտօնազրկել թեմի առաջնորդը։
Իսկապէս, դիւանագիտական քայլ՝ որուն դէմ անզօր էր ոչ միայն իշխանութիւնը, այլ նաեւ եւ առաեւլ եւս՝ Անթիլիասը։ Ճիշդ է, Դամասկոսի թեմն ալ, ըստ ի սկզբանէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան տուած եւ Ամենայն հայոց հայրապետութեան հաստատած որոշման, կը պատկանէր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, բայց ի դիմաց Ս. Էջմիածնին օրինաւորապէս ու դարերով պատկանած թէմերու՝ ՀՅԴաշնակցութեան կողմէ իւրացումին, ինչպէս՝ Պարսկաստանի երեք թեմերը, պէտք էր յարգել տուեալ համայնքի պահանջը՝ ընդդիմանալու անթիլիասականութեան անուան տակ կուսակցականացնելու նաեւ Դամասկոսի թեմը։
Շաւարշ Սրբազանը, որուն եւ յաջորդ թեմակալ առաջնորդներուն ամուր կեցուածքին կը պարտինք Դամասկոսի էջմիածնականութիւնը, առ այսօր, արտայայտութիւնն են հայ եկեղեցականի տոհմիկ, աւանդապաշտ նկարագիրին։
Այս օրերուն, երբ՝ այսպէս կոչուած պետական մակարդակով, Մեսրոպ Մաշտոցն անգամ ուրացողներու, հայրենապաշտպան եկեղեցական հայրերն անգամ բանտախուցերու մէջ տանջողներու իշխանութիւնը, յուսանք՝ ժամանակաւոր, կը տիրէ մեր Մայր հայրենիքին մէջ, Հայ եկեղեցին, որպէս կռվանը մեր ժողովուրդին, հարց տանք՝ արդեօք ունի՞նք Շաւարշ Սրբազանի նման անձնուէր, գերզարգացած, դիւանագէտ ու կորովի եկեղեցական գործիչներ, որոնք կրնան ըսել՝ «Ուր որ ես ոտքս կը դնեմ, հոն կը սրբանա՛յ»։ Ունի՞նք հաւատացեալները ոգեւին առաջնորդող եկեղեցականներ։ Վստահ՝ որ ունինք ու դեռ կ’ունենանք։ Յիշենք ու խոնարհինք Շաւարշ Սրբազանի յիշատակին առջեւ, անոր ծննդեան 120-ամեակի առթիւ։
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ










