Շատերու մօտ այն թիւր տպաւորութիւնը կար, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտով, ամէն ինչ կը վերջանայ ու բնականոն կեանք կը հաստատուի ամէնուրեք:
Ասոնք կը նկատուին բարեմիտներ:
Ուրիշներու մօտ կար այն խոր համոզումը, որ կացութիւնը պիտի շարունակէ մնալ լարուած, թերեւս ալ` լի ապակայուն մթնոլորտով կամ զարգացումներով:
Ասոնք կը համարուին յոռետեսներ:
Այսօր, տեսարանը պարզ ու յստակ է. կացութիւնը չէ հանդարտած, կիրքերը կը մնան պրկուած, տրամադրութիւնները` թշնամական, յարաբերութիւնները` անզիջող:
Անշուշտ, ընտրական արդիւնքները բոլորին համար անակնկալ էին, նոյնիսկ` ցնցող:
ՙՔաղաքացիական պայմանագիր՚ կուսակցութիւնը, գլխաւորութեամբ գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, քուէներու մեծաշռինդ առաւելութեամբ, յաղթական հռչակուեցաւ, ի զարմանս իր իսկ պատասխանատուներուն, որոնք չէին սպասեր քուէներու նման գերազանցութիւն մը:
ՙՀայաստան՚ դաշինքը, զոր կը գլխաւորէր նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, իր հերթին, զգայացունց վիճակի մը մատնուեցաւ, իր ստացած քուէներու զգալի սահմանափակումով:
Աւելի տխուր պատկերի մը մատնուեցան ՙՊատիւ ունեմ՚ դաշինքը (երրորդ նախագահի գլխաւորութեամբ), ՙԲարգաւաճ Հայաստան՚ կուսակցութիւնը (գլխաւորութեամբ Գագիկ Ծառուկեանի) եւ ընդհանրապէս մնացած թեկնածու դաշինքներն ու կուսակցութիւնները, որոնք բոլորն ալ պարտութիւն կրեցին:
Աւելի մտահոգիչ մատնանշում մըն էր, որ քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն մօտաւորապէս կէսը, չմասնակցեցաւ ընտրութիւններուն, հաւատք կամ վստահութիւն չունենալով գալիք իշխանութիւններուն եւ կամ` լրիւ անտարբեր էր այս ստուգատեսներուն նկատմամբ, ինչ որ` բոլոր պարագաներուն, խիստ հարցադրելի` վիճակի մը մասին կը հաստատէ:
Նիկոլ Փաշինեանը, նախընտրական ամբողջ տեւողութեան, մերթ ջղագըրգիռ, մերթ պայթուցիկ, մերթ հիսթերիկ ելոյթներով հանդէս եկաւ, քանի վախ ունէր որ հող պիտի կորսնցնէր ու ձախողութիւններ արձանագրէր, բայց այդպէս չպատահեցաւ, որովհետեւ իրեն քուէ տուողներուն մեծ մասը, միշտ ի մտի ունէր որ ան որքան օգնած էր իրեն (խօսքը գիւղերուն, աւաններուն, գաւառներուն ու մարզաշրջաններուն մասին էր), այցելած ու բարեկարգումներ կատարած այդ տարածքներէն ներս:
Երկրորդ` շարունակուող ու չխամրող ատելութիւնն ու զզուանքը նախնիներու նկատմամբ, տակաւին խոր արմատ ձգած ըլլալով հասարակութեան մօտ, իր գլխուն եկած բոլոր պատուհասները` անձնականէն մինչեւ համայնականը, բեռցնելով անոնց վրայ, հետեւաբար, իր նախընտրութիւնը կ’երթայ ՙչարեաց փոքրագոյնին՚ (իմա` Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր աջակիցներուն):
Երրորդ` եւ ասիկա այլեւս պիտի ըսել համարձակօրէն, ղարաբաղցի իշխողներու նկատմամբ կայ ցասում, Հայաստանը ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՒ իբրեւ պետական-քաղաքական, ազգային-համաժողովրդային լծակները ծառայեցնելու իրենց օգտին ու շահին:
Ասիկա եւս յոյժ վտանգաւոր թղթածրար մըն է, որմէ ձերբազատուելու համար, պէտք է գերհզօր ու գերիվեր ճիգեր ի գործ դնել, այդ վիհը հետզհետէ վերացնելու, մաքրազտելու:
Մինչ այդ, սակայն, Հայաստանը ինչպէ՞ս կարելի է դուրս բերել իր յետ-ընտրական յամեցող ճգնաժամէն, ինչպէ՞ս կարելի է բառնալ խորացող սպիներէն, ինչպէ՞ս կարելի է ԱՌՈՂՋԱՑՆԵԼ ժողովուրդին մտայնութիւնը եւ իրարու նկատմամբ հանդուրժողականութիւնը:
Ովքե՞ր են այս բոլորին վատահամբաւ գործիչները, պատասխանատուներն ու հեղինակները, կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք թշնամիները եւ օտարներն են, երբ մեր մի հայ գիտէ անոնց ինքնութիւնը, կը ճանչնայ զանոնք :
Ամբողջ հայկական ովասիսը ողողուեցաւ ՙդաւաճան՚, ՙթուրք՚, ՙհողատու՚, ՙաւատապետ՚, ՙվաշխառու՚, ՙմարդասպան՚, ՙպոռնիկ՚ (մե՜ղմ տեսակն է ասիկա) եւ այլ տեսակի փողոցային յորջորջումներով:
Հայ ժողովուրդը, աւելի ճիշդ` հայաստանաբնիկները, երբուընէ՞ ի վեր այսքան ածականներով ու մակդիրներով ժողովրդականացած էր, հերոսացա՞ծ, իր ամէնէն ստորնացուցիչ, վարկաբեկիչ ու ստուերացուցիչ որակումներով:
Պահ մը ընդունինք, որ ընտրական խառնիճաղանճին ու քաոսին մէջ տեղի ունեցան այս այլամերժութիւնները (թէեւ ատոնք եւս պէտք է բացառուած ըլլային այս քստմնելի տարողութեամբ, բովանդակութեամբ եւ իրողութեամբ), սակայն, ատոնք ո՞րքան արտօնելի են շարունակուելու եւ ընկերային ցանցերը օգտագործելու որպէս թունաւորումներ իրարու նկատմամբ եւ, ի՞նչ լեզուով. ՄԵՍՐՈՊԵԱ՞Ն ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ, այն սրբազան հաղորդակցութեան, որ հայ ժողովուրդի ՙելքին ու ելիցին՚ առհաւատչեայ ոսկեայ շղթան եղած է:
Ընտրական եւ յետ-ընտրական այս բառապաշարն ալ գարշեցուց մեզ, իր անասնական մոլուցքով արատաւորելու ու պղտորելու, որոնց պատասխանատուները միայն խնդրոյ առարկայ տգէտները չեն, այլ նաեւ` լեզուական գերատեսչութիւնները:
Առնուազն, կ’ակնկալուէր որ այս հանգրուանին եւ յետայսու, փողոցախառն ամօթալի գզուըռտոցները փոխադրուէին քաղաքակրթական մակարդակ, թէկուզեւ բանակռիւները շարունակուէին տրամաբանական չափանիշներով:
Այդուհանդերձ, մեր դիտարկումը, այս հարթակէն կ’ուղղուի հոն, ուր ընտրական արդիւնքներու լոյսին տակ, այժմ, նշմարուող ու մագլցող այն հոլովոյթներն են, որոնք` նոր բեւեռացումներու ու ճակատումներու ընդհանրացումներով, քաղաքական ոլորտը կը պահեն ելեկտրականացած:
Ողջմիտ ու բանիմաց քաղաքացին, որ անցնող քանի մը տասնամեակներուն ապրած է դառնութիւն եւ անձկութիւն, նողգանք ու խորշանք, ինչպէ՞ս կ’ակնկալուի որ ան վերաբերի ներկայ խաժամուժին հետ, ուր ՙտէրն ու ծառան՚ զիրար կը յօշոտեն, կը խոշտանգեն, որովհետեւ մէկը յաղթած է, միւսը` պարտուած, կամ` մէկը պարտուած է, միւսը` յաղթած:
Մտածող կա՞յ, որ այս ՙանտէր-անտիրական՚ հայ քաղաքացին, մինչեւ ե՞րբ խամաճիկի պիտի վերածուի, մինչեւ ե՞րբ պիտի շահագործուի, մինչեւ ե՞րբ պիտի անճիտուի, մինչեւ ե՞րբ պիտի պանդխտանայ:
Յաղթանակած իշխանութիւնը կը խոստանայ նոր կամուրջներ բանալ, նոր հորիզոններ ուրուագծել, նոր հեռանկարներ թեւաւորել:
Թէ` ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ի՞նչ արագութեամբ, անոնք ժամանակի հարց են եւ եղելոյթները ցոյց կու տան անոնց ճշմարտացիութիւնը կամ իրականալիութիւնը:
Վերը կը խօսէինք Հայաստանի քուէարկողներու.. վտիտութեան մասին, զարմանալի՞ էր, երբ` ահաւասիկ, ընտրութիւններէն անցած են քանի մը շաբաթներ (յուսանք ոչ աւելի), քաղաքական ճաթըռտոցները զիրար կը բզքտեն, ամէն ինչ ձգելով մթութեան մէջ, կարծես թէ` այս կամ այն կողմը, կ’ուզէ Հայաստանին վրայ ՙիշխել՚, մէկ կամ մէկուկէս միլիոն հայով:
Հիմա ի՞նչ է փնտռուածը, ա՛յս հանգրուանին ու` վաղուան հաշուոյն:
Համաշխարհային բազմաբղէտ կողմեր` մեծապետական երկիրներէն, արեւմտեան եւ արեւելեան համաեւրոպական կառոյցներէն` միջազգայնական, իրենց դէտերով թէ այլապէս, կ’ընդունին, որ ՅԱՂԹԱԿԱՆ կողմ մը կայ, յանձինս` ՙՔաղաքացիական պայմանագրի՚, ուստի, ասիկա կասկածի տակ առնելը, մերժելը կամ անվաւեր նկատելը, իմաստ ունի՞ եւ ի՞նչ կ’ենթադրէ:
Խարդախութեանց մասին կը խօսուի, զեղծարարութեանց մասին զրոյցներ շրջանառութիւններ կ’ընեն, անվաւերականութիւններու մասին կը վկայուի, իսկ ասոնք ի՞նչ կը նշանակեն, եթէ ոչ նոր մարտահրապարակներու դուռ ստեղծել, նոր ասպարէզներ բանալ, նոր ուղիներ փնտռել, որոնք` բոլորն ալ, ընդունիլ թէ ոչ, հայութիւնը ‘առաջնորդեն դէպի ահաւորագոյնը:
Ա՞յս է պահանջուածը, թէ՞ իսկական արդարութիւն ու ժողովրդավարութիւն կիրարկելու հնարքներ գտնել, առանց ուղղուելու դէպի դարձդարձիկութեան ոլորտներ, որոնցմէ շա՜տ տուժեց Հայաստանը, իսկ ատոնք ներկայիս կրնան աւելի կործանիչ դռներ բանալ:
Բոլորին համար ուղղակի հարց է, որ ընդդիմութիւն կոչուածը, ինչո՞ւ յաճախ կը բարբառէ ընտրութեանց արդիւնքներու անարժէքութեան մասին, հուսկ` կը յանկերգէ գործող իշխանութիւնը տապալելու:
Այս ի՜նչ քաղաքական մօտեցում է, ի՜նչ սոփեստութիւն եւ ո՜ր փրկութեան մասին է խօսքը, մէկ կողմէն` երկիր կառուցելու անհրաժեշտութիւնը շեշտելով, միւս կողմէն` հայրենիքը մղելով դէպի նոր խաւար:
Յաճախ ընդդիմութիւնը այս իշխանութիւնը կը նկատէ ՙչարիք՚ի աղբիւր, կարծես թէ անոր մաս կազմողներէն ոմանց ժամանակաշրջանին, երկիրը… դրախտ էր, իր տնտեսութեամբ, հայաթափութեամբ, բարեկեցիկութեամբ, հանգստաւէտութեամբ, ազատականութեամբ, կենցաղային, ընկերային հազար ու մէկ վէրքերով:
Յետ-ընտրական կարգավիճակը չունի այլընտրանք, բացի ՄԷԿ օրակարգէ, որ կը վերաբերի երկիրը ինչպէ՞ս դուրս բերել իր ներքին թափթփածութիւններէն, առաւել` ինչպէ՞ս դիմակալել արտաքին այն աղէտները, որոնք կը սպառնան անոր գոյութեան:
Եթէ Ազգային Ժողովը պիտի չընտրէ այս ուղին ու չդառնայ համաժողովըրդային պահանջներուն թարգմանը, ապա, ինչպէ՞ս պիտի կարենայ վերականգնել ու վերածուիլ հզօր պետութեան, երբ` ամէն օր խժալուր աղաղակները կ’ապականեն մթնոլորտը, թէ այս իշխանութիւններու կեանքը քանի մը ամսուան է կամ` մէկ-երկու տարուան:
Եթէ պիտի չըլլայ ՙհամագործակցութեան՚ կամ ՙմերձեցումի՚ խաղաթուղթը, ապա, ինչպէ՞ս երկիրը կրնայ երթալ կայունութեան ու խաղաղութեան, զարգացումի ու բարգաւաճումի:
Ժամանակն ու փորձը ցոյց կրնան տալ, թէ նոր իշխանութիւնները պիտի կարենա՞ն (կամ չկարենան) վարել ու շէնցնել երկիրը, որմէ ետք միայն կը դիմուի համապատասխան տնօրինումներու (նոր ընտրութիւններ, իշխանափոխութիւն, ախտաճանաչումներու թէ բարեկարգումներու ճանապարհով):
Ո՛չ ճոռոմաբանութիւնը, ո՛չ ճամարտականութիւնը, ո՛չ պոռոտախօսութիւնը, հայրենիքը կը փրկեն իր փլուզումէն, եթէ ամէն ոք իր ՙես՚ը պիտի հետապնդէ, նախամեծարէ, գովերգէ կամ թմբկահարէ :
Քանի ուշ չէ, պէտք է հասկնալ ու գիտակցիլ, որ այս հանգրուանը կրնայ վերջին ազդանշանը ըլլալ` ՙմնալու թէ չմնալու՚, որովհետեւ` առանց այդ ալ հիասթափուած եւ յուսալքուած ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր հայեացքը ուղղել արտաշխարհ, աւելի նօսրացնելով բնակչութեան թիւը ու նուազեցնելով հաւանակա հայրենադարձութեան հոսքը:
Ընտրական պատրոյգը հանգեցաւ թէ՞ հակամէտ է բռնկելու:
ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Պէյրութ