Վաղը՝ Մարտ 25, արդէն տարի մը կ՛ընէ, որ «Պայքար»ի մեծ ընտանիքն ու իր ընթերցողները կորսնցուցին իրենց սիրեցեալ հրապարակագիրը, խմբագիրն ու հասարակական գործիչը՝ Երուանդ Ազատեանը, մեծ բաց մը թողելով ազգային քաղաքական, մշակութային, հասարակական ու ընկերային մեր կեանքէն ներս։
Ազատեանի անունը երկար տարիներ պիտի մնայ արձանագրուած մեր տարեգրութեան մէջ որպէս աւելի քան եօթը տասնամեակներու վրայ երկարող վաստակաշատ ու արժէքաւոր ընկեր։ Անոր կեանքին եւ գործին անդրադարձը պիտի կատարուի պատշաճ պատրաստութեամբ։
Աստուած լուսաւորէ իր հոգին։
«Պայքար», 24.03.2024 թ.