Երէկ գիշեր Դամասկոսի մերձ՝ Ճարամանա շրջանին մէջ տեղի ունեցած են ծանր բախումներ մէկ կողմէ տեղի եւ «Տիւրզի» համայնքին պատկանող զինեալներու եւ միւս կողմէ Դամասկոսի կեդրոնական բանակային ուժերուն միջեւ։
Պատճառը «WhatsApp»-ով տարածուած հաղորդագրութիւն մըն է, որուն մէջ անծանօթ անձ մը հայհոյանքներ հնչեցուցած է Մոհամմատ Մարգարէի հասցէին։
Ուշ գիշեր սկիզբ առած բախումները շարունակուած են մինչեւ առաւօտ, իսկ այս պահուն զգուշաւոր վիճակ մը կը տիրէ աւանին մէջ։ Ճարամանան գրեթէ մեծամասնութեամբ «Տիւրզիաբնակ» աւան մըն է, եւ հոն եւս կապրին մեծ թիւով հայորդիներ։
Բախումներ վտանգաւոր եւ մտահոգիչ պիտի չհամարուէին, եթէ այդ շրջանը միատարր «Տիւրզիական» շրջան մը չըլլար, եւ այս առումով ամէնէն աւելի երեւելի կրնայ դառնալ «Տիւրզիներ»ու բաժանման կամ իրենց շրջաններուն մէջ «ինքնիշխանութիւն» մը հաստատելու վտանգը, որ սկիզբ կրնայ առնել Ճարամանայէն ու տարածուի մինչեւ Իսրայէլի հետ սահմանային շրջաններ։
Ամէն պարագայի այս դէպքերէն «մաքուր հոտ» մը չիգար եւ յառաջիկայ ժամերուն ընդհանուր վիճակի յաւելեալ լարումը, կամ կրակմարի յայտարարութիւնն է, որ պիտի որոշեն գալիք զարգացումներու ընդհանուր ընթացքը։