Վերջին երեսուն տարիներու ճակատումին Հայաստանի դիմաց կռուող ոյժը Ատրպէյճանն էր. Թուրքիան, ընդհանրապէս հեռաւոր ստուեր մըն էր. այլապէս ան կրնար մասնակիցը դառնալ 1990ական թուականներու մարտերուն: Այդ շրջանին, հակառակ սովետի փլուզման, Ռուսաստանի վախն էր որ հեռու պահեց Թուրքիան ուղղակի միջամտելէ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան:
Երեսուն տարի վերջ ոյժերու հաւասարակշռութիւնը փոխուած է արմատապէս. Թուրքիա հզօրացած է եւ կը գտնուի սեմին ՙհիւլէական ակումբ՚ին մաս կազմելու:
Միւս կողմէ ՆԱԹՕի ոյժերն ու Արեւմուտքը, այդ ընթացքին, յաջողած են տկարացնելու Ռուսաստանը, խռովութիւններ ստեղծելով անոր սահմաններուն վրայ: Այդ վիճակին մէջ, բնական է որ Ռուսաստան նախ պիտի հոգայ իր խնդիրները` իր դաշնակիցներուն հասնելէ առաջ:
Պատմականօրէն եւ աւանդականօրէն Հայաստանի շահերը համընկած են Ռուսաստանի հետ, աւելի քան ուրիշ որեւէ երկրի: Սակայն, պէտք է հասկնալ կացութիւնը, երբ Ռուսաստան հետամուտ ըլլայ նախ իր շահերը ապահովելու, չկարենալ հասնելով իր դաշնակիցներուն, այս պարագային` Հայաստանին:
Քաղաքական գործակցութիւնները հեռու են ռոմանթիք սիրոյ հանգամանքներէն: Ռուսաստանը սիրելու կամ չսիրելու պատմութիւնը բաւական հեռու կը տանի մեզ քաղաքական դաշտէն: Նոյնը կրնայ ըլլալ Ռուսաստանի դէմ քէն պահելու պարագային: Քաղաքականութիւնը շահերու հետապընդման ասպարէզ մըն է ուր շահողը միշտ իրապաշտ կողմն է:
Նախագահ Փութին, հրատապ հրաւէրով, Մոսկուայի մէջ հանդիպեցաւ վարչապետի գործակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ անոր յանձնարարեց ՙցաւալի համակերպումներ՚ու ենթարկուիլ Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար: Որո՞նք էին այդ ՙցաւալի համակերպումներ՚ը` 5000 զոհերէ եւ 10,000 վսիրաւորեալներէ ետք, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին 75 տոկոսը կորսնցնելէ ետք:
Իսկ յաջորդ օրը նախագահ Փութին հեռաձայնեց նախագահ Ալիեւի շնորհաւորելով որ ան կը գտնէ լուծումներ` փոխ-.զիջողութեան հիմամբ:
Նախագահ Փութինի հետ ունեցած հեռաձայնային խօսակցութենէն անմիջապէս ետք, նախագահ Ալիեւ ամբաստանեց Հայաստանը որ կը մերժէ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիր մը: Ժողովրդային ասացուածքով ՙվարպետ գողը` գող կը հանէ տանտէրը՚: Այդ ձեւով աշխարհի առջեւ Հայաստան կը դառնայ խաղաղութեան ընդդիմացող կողմը, մինչդեռ Ալիեւի առաջարկած պայմանագիրը անձնատուութեան ստորնացուցիչ համաձայնագիր մըն է ուր Հայաստան պիտի ճանչնայ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը: Միեւնոյն յայտարարութեան մէջ Ալիեւ նաեւ կտրուկ կերպով յայտարարեց որ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի հարց գոյութիւն չունի:
Ալիեւ ոչ միայն հռետորութեամբ կը սպառնայ Հայաստանին այլ նաեւ` ռազմականօրէն, Մայիս 12էն ի վեր 1000 զինուոր տեղաւորելով Սեւ լիճի շուրջ Սիւնիքի մէջ, ռազմական գրգռութիւններ սադրելով Գեղարքունիի եւ Երասխի մէջ, խլելով բազում հայ զոհեր: Եւ երբ վարչապետ Փաշինեան կ’առաջարկէ որ Հաւաքական Ապահովութեան Ուխտը (CSTO) հսկիչներ տեղադրէ Հայաստանի սահմանին, Լէոնիտ Քալաշինքով, Ռուսաստանի խորհըրդարանի նախագահը Անկախ Երկիրներու Համախմբումի (CIS) յանձնաժողովին կը կշտամբէ Փաշինեանը, յայտնելով որ ան կը քաղաքացնէ հարցը, աւելցնելով. ՙՓառք Տիրոջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին բախումները շատ սակաւաթիւ են՚, երբ անդին զոհեր կան եւ Ատրպէյճանը խախտած է Հայաստանի սահմանները, որոնք ենթադրաբար պաշտպանուած պէտք է ըլլային Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտին կողմէ:
Մոսկուայի այս վերաբերումը ոչ չկամութեան արտայայտութիւն է եւ ոչ ալ դիտաւորութիւն ունի դաւաճանելու Հայաստանին: Այլ ան կը բխի այն գիտակցութենէն որ Կովկասի մէջ կուտակուող թրքական եւ իսլամական ոյժը սկսած է դառնալ Ռուսաստանի համար գոյութենական սպառնալիք, Հայաստանն ալ դարձնելով մանրադրամ այդ ճակատումին մէջ:
Շատ քիչեր կ’անդրադառնան որ տակաւին Պաքու չէ ստորագրած համաձայնագիրը` Ռուսաստան խաղաղապահ ոյժեր տեղակայելու Ատրպէյճանի հողին վրայ: Հետեւաբար Ալիեւ փաստօրէն իրաւունքն ունի չսպասելու մինչեւ հինգ տարուան աւարտը` ռուսական ոյժերը դուրս հրաւիրելու իր երկրէն: Հետեւաբար նախագահ Փութին պատճառներ ունի ողոքելու Ալիեւը, որքան ալ ատիկա հաճոյ չթուի հայերուս:
Նախ Թուրքիոյ նախագահը` Էրտողան այցելեց Ատրպէյճան եւ Շուշիի յայտարարութեամբ հիմը դրաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան համադաշնակցութեան: Փաստօրէն Թուրքիա պիտի իւրացնէ Ատրպէյճանը` ՙմէկ ժողովուրդ` երկու պետութիւն՚ լոզունքին տակ: Արդէն Թուրքիա իր հակակշիռը հաստատած է Վրաստանի Աճարիա նահանգին մէջ:
Էրտողանի այցելութեան յաջորդեց Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին` Մուսթաֆա Շինթոփի այցելութիւնը Ատրպէյճան, ազդարարելով բաւական վտանգաւոր զարգացումներ: Օրինակ, ան ծանոյց որ Թուրքիա ռազմական խարիսխ մը պիտի հաստատէ Ատրպէյճանի մէջ: 44օրեայ պատերազմին Թուրքիա եւ Ռուսաստան համաձայնած էին միացեալ դիտակէտ մը հաստատելու Ատրպէյճանի մէջ, պարզապէս իբրեւ դիտորդական սահմանափակ կեդրոն: Մինչ այդ, սակայն, թրքական ոյժերը հաստատուած են Նախիջեւանի մէջ, իսկ այսօր ալ` կը խօսուի թրքական ռազմախարիսխի մը մասին: Այս յայտարարութիւնը մերկապարանոց մարտահրաւէր մըն է ուղղուած Ռուսաստանի:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին միացած է նաեւ Փաքիստանի խորհրդարանի նախագահը` Ասատ Քայսէր եւ հրապարակած են Պաքուի հռչակագիրը, որով կը ծրագրուի հիմնել թրքալեզու երկիրներու բանակ մը (Turkic) ինչ որ պիտի հանդիսանայ փանթուրանիզմի ռազմական հիմքը, հետզհետէ ներգրաւելով Միջին Ասիոյ թրքախօս երկիրները, գօտի մը ստեղծելով Ռուսաստանի հարաւը:
Կուտակուող այս թրքական-իսլամական ոյժին ի տես, նախագահ Փութինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով բաւարարուած է ըսելով որ Քրեմլին ուշադրութեամբ կը հետեւի Ատրպէյճանի հողին վրայ թրքական ռազմախարիսխ մը հիմնելու ծրագիրներուն եւ ՙՌուսաստան կը գործակցի Թուրքիոյ հետ, կայունացնելու համար կացութիւնը Կովկասի մէջ՚:
Պաքուի հռչակագրի հեղինակները շնորհաւորած են Ատրպէյճանը որ ՙՀայաստանի երեսնամեայ բռնատիրութենէն ետք վերականգնած է իր հողային ամբողջականութիւնը՚: Նաեւ դատապարտած են Հայաստանը որ կը մերժէ յանձնել Ատրպէյճանին քարտէսները ականապատուած տարածքներու: Իսկ ամէնէն վտանգաւորը` անոնք խօսած են Զանգեզուրի միջանցքին մասին որ ՙիրարու պիտի միացնէ Փաքիստանը, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՚:
Մինչեւ այսօր Պաքուն էր որ կը պահանջէր Զանգեզուրի միջանցքը իբրեւ պատերազմական աւար: Այսօր սկսած են տէր դառնալ նաեւ Փաքիստանն ու Թուրքիան:
Ատենին նախագահ Ռեկըն Սովետական Միութիւնը որակած էր իբրեւ ՙՉարիի կայսրութիւն՚: Այսօր իրական Չարիքի կայսրութիւնը այս երեք երկիրներն են որ Պաքուի հռչակագրով որոշած են պայքարիլ ՙմիջազգային ահաբեկչութեան դէմ՚, մինչդեռ ահաբեկիչներ զինող ու մարզող ոյժերը այս երեք երկիրներն են որ շըրջանի աղէտը դարձած են եւ կը փորձեն դառնալ նաեւ աշխարհի աղէտը:
Փաքիստան Հնդկաստանի անկախութենէն ետք աւելցուք դարձած երկիր մըն է ուր համախմբուած են ծայրայեղ իսլամապաշտներ. զարմանալի չէր որ Փաքիստան թաքստոց տուած էր Պէն Լատընին. եւ այսօր ալ կը զինէ Աֆղանիստանի Թալիպանները, ինչպէս վերջերս այդ երկրի ներկայացուցիչը ամբաստանեց BBC-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին:
Փաքիստանը միայն վերջին պատերազմի մասնակիցը չէր, այլ ան ճիհատիստներ ղրկած էր նոյնիսկ առաջին պատերազմին ընթացքին:
Այսօր երբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բաժնեկից կը դարձնեն Փաքիստանը Զանգեզուրի միջանցքին, այդ վերջինն ալ զիրենք բաժնեկից կը դարձնէ իսլամական հիւլէական ռումբին զոր ինք ստեղծած է:
Իսլամական ոյժերու այս համախմբումը ոչ միայն վտանգ մըն է Հայաստանի համար, այլ ամբողջ աշխարհի, ինչպէս Հիթլերի Գերմանիան, որ զինուած էր ժամանակի ամէնէն արդիական զէնքերով, բայց մանաւանդ` մոլեռանդ գաղափարաբանութեամբ մը: Այսօր Թուրքիա-Փաքիստան համագործակցութիւնը, իրենց հիւլէական զէնքի սպառնալիքով, կը միտի աշխարհը վերադարձնել դէպի միջին դարեր` իսլամական խաւարամտութեամբ:
Հետեւաբար աշխարհի մեծերուն քաղաքականութիւնը` օգտուելու թուրք-իսլաամական ոյժի այս դասաւորումէն կրնայ միայն ժամանակաւոր արդիւնքներ ընծայել` աւելի ուշ նոյն այդ իսլամի ոյժին թիրախ դառնալու համար, ինչպէս պատահեցաւ Պէն Լատընի պարագային:
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան տակաւին չբաւարարուելով ցարդ կատարուած ռազմական գործողութիւններով, կը ծրագրեն Օգոստոսի սկիզբը, Փաքիստանի գործակցութեամբ ռազմափորձեր կատարել Հայաստանի սահմաններուն վրայ, շրջանը սարսափի մթնոլորտի մէջ պահելու համար:
Երբ Ռուսաստան եւ անոր հովանաւորած ՀԱՊԿը կը թերանան պաշտպանելու իրենց ռազմական դաշնակից Հայաստանը, բնական է որ Արեւմուտքի վրայ յոյս դնողներու թիւը աւելնայ այնտեղ: Հետեւաբար մեկնաբաններու վերլուծումներուն եւ նոյնիսկ քաղաքական դէմքերու յայտարարութիւններուն մէջ, լայն հնչեղութիւն ստացած են Ֆրանսայի բարեկամական արտայայտութիւնները: Այդ համակրանքին եւ լաւատեսութեան հիմք կը ծառայէ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթի հարցազրոյցը Ազատութիւն հեռուստակայանի հետ, ուր յայտարարած է թէ Ֆրանսա պատրաստ է ռազմական օգնութիւն ցոյց տալու Հայաստանին: Յայտարարութեան այս մասը ոգեւորութիւն ստեղծած է շատ մը վերլուծաբաններու մօտ, որոնք կ’անտեսեն այդ առաջարկին ընկերացող պայմանները, որոնք են ա) թէ` Ֆրանսա եւ Հայաստան կը գտնուին տարբեր զինակցութեանց կառոյցներու մէջ. այսինքն, ասիկա տողատակի հրաւէր մըն է Հայաստանին հեռանալու Ռուսաստանի գլխաւորած ՀԱՊԿի կառոյցէն, բան մը որ անկարելիութիւն է այս հանգրուանին: բ) ռազմական օգնութեան առաջարկը կը պայմանաւորուի նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մանտաթով: Արդէն փորձառութիւնը ցոյց տուաւ որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամները վեթոյի իրաւունք ունին, որեւէ որոշման պարագային: 44օրեայ պատերազը բերուած էր Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգին, սակայն ան վեթոյի պատճառաւ չարժանացաւ քննարկումի: Զրոյցները կը կեդրոնանան Չինաստանի եւ Ռուսաստանի վրայ, իբրեւ պատասխանատու վեթոյին:
Այնպէս որ, Ֆրանսայի ցանկութիւնը ողջւնելի ըլլալով հանդերձ գործնականութեան հեռանկար մը չունի: Ի դէպ, Ֆրանսայի օժանդակութեան առաջարկը Հայաստանին Ալիեւ կը վերածէ քաղաքական խրտուիլակի, վախցընելու համար Մոսկուան որ Երեւանը տարածաշրջան կը հրաւիրէ Արեւմուտքը, չէզոքացնելու համար թուրք-ռուսական տիրակալութիւնը Կովկասի մէջ:
Հայաստանի համար յուսադրիչ միւս պարագան Մինսքի խումբի պատրաստակամութիւնն է: Այդ խումբը կոչ ըրած էր Ապրիլ 13ին վերսկսելու բանակցութիւնները` ճշդելու համար Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը: Մինսքի խումբը դարձեալ կոչ մը հրապարակեց Յուլիս 29-ին, զոր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրապէս գնահատեց: Սակայն, այս անգամ աւելի լայն օրակարգով մը, որովհետեւ Ատրպէյճան իր սահմանային սադրանքներով աւելի բարդացուցած էր կացութիւնը. հետեւաբար այս վերջին կոչին մէջ առաջնահերթութիւնը տրուած էր սահմանային խնդիրներու հարթումին` Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագրին անդրադառնալէ առաջ: Սակայն, Ատրպէյճան կը մերժէ նստիլ բանակցութեան սեղանին, յուսալով ու պնդելով որ Հայաստան նախ ստորագրէ իր ցանկացած ՙխաղաղութեան դաշինքը՚, կատարուած իրողութեան առջեւ դնելու համար Մինսքի խումբի համանախագահները:
Մինսքի խումբը կը ներկայացնէ միջազգային հասարակութեան տեսակէտը որ դեռ յոյս կը ներշնչէ Հայաստանին տեսականօրէն կեդանի պահելու Լեռնային Ղարաբաղը, կամ, յոռեգոյն պարագային` անոր մէկ մասը:
Տեսականը գործնականի վերածելու համար պէտք է յաղթահարել թուրք-իսլամական եւ թուրանական այն զարգացումները որոնք թանձր ամպերու նման կը կուտակուին Կովկասի մէջ եւ դժբախտաբար կը սքողեն նաեւ այդ գործնականին հաւանակութիւնը: