Մտաւորական, լրագրող, հասարակական գործիչ եւ ՌԱԿ բազմաթիւ թերթերու կէսդարեայ խմբագիր Դոկտոր Նուպար Պէրպէրեանի 2024 թուականի մրցանակաբաշխութեան դիմելու մեկնարկը տրուած է:
Նուպար Պէրպէրեանի մրցանակը կը տրուի հայկական ծագում ունեցող ուսանողներուն, որոնք կը մասնագիտանան միջազգային իրաւունքի կամ քաղաքագիտութեան մէջ:
Մրցանակաբաշխութիւնը սահմանուած է մտաւորականի կտակին համաձայն, իսկ Պէրպէրեան կեանքէն հեռացած է 2016 թուականի Նոյեմբեր 23ին, 94 տարեկան հասակին:
Մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու պահանջներն են՝
1) կրնան մասնակցիլ ուսումնական հաստատութիւններու՝ հայկական
ծագում ունեցող ուսանողները, որոնք գլխաւորապէս մասնագիտացած են կամ միջազգային իրաւունքի, կամ քաղաքագիտութեան մէջ:
2) դիմորդը պէտք է ամբողջական դրոյքով ներգրաւուած ըլլայ աշխարհի հաւատարմագրուած քոլէճներու կամ համալսարաններու պաքալորէայի կամ ասպիրանթուրայի ծրագիրներով:
3) դիմորդը պէտք է ներկայացնէ ամբողջական տեղեկատուութիւնը, որ
սահմանուած է դիմումի ձեւով:
4) դիմորդը պէտք է ներկայացնէ քոլէճի գրագրի պատճէնը:
5) դիմորդը պէտք է ներկայացնէ դիմանկար:
6) դիմումը հնարաւոր է ստանալ Tcadirector@aol.com ելեկտրոնային փոստին
գրուած նամակի միջոցով:
7) դիմորդները պէտք է դիմումները ներկայացնեն ելեկտրոնային
տարբերակով՝ ուղարկելով Tcadirector@aol.com հասցէով:
8) յայտերի ընդունման վերջնաժամկէտը 2024 Սեպտեմբեր 30-ն է:
9) հիմնադրամի կառավարիչները 2024 թ. Հոկտեմբերին կը քուէարկեն
որակաւորուած յաղթողներու օգտին՝ հաշուի առնելով իւրաքանչիւր դիմումատուին ներկայացուցած դիմումը:
10) յաղթողը կամ յաղթողները կը ստանան իրենց մրցանակները 2024
Նոյեմբերին:
11) յաղթողները իրաւասու չեն կրկին դիմել մրցանակի համար:
Ուոթըրթաուն, ԱՄՆ