ԵՐԵՒԱՆ-ԲՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐէՍ – Լուսանկարչուհի Արազ Հաճեանը ծնուել է 1970-ին Հալէպում եւ նույն թուականին ընտանիքի հետ տեղափոխուել Արգենտինա: Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացել է Բուէնոս Այրէսի հայկական դպրոցներում: 1988-1995 թթ. հայոց լեզուի ուսուցչուհի է աշխատել Բուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանում: Հետագայում դիզայների մասնագիտութիւն է ստացել Բուէնոս Այրէսի պետական համալսարանում: Մասնակցել է արուեստի եւ լուսանկարչութեան բազմաթիւ վերապատրաստման դասընթացների, աշխատանքները ցուցադրել է տարբեր լուսանկարչական ցուցահանդէսներում: Ունեցել է անհատական ցուցահանդէսներ Բուէնոս Այրէսում, Երեւանում, Լոնդոնում, ինչպէս նաեւ Արգենտինայի ծովային թանգարանում եւ Ուշուայայի նախկին բանտում: 2023-ին Չիլիում անցկացուող «Պատագոն ժուռնալ-2023» մրցոյթի «Մշակոյթ» անուանակարգում դարձել է ֆինալիստ:
–Հարգելի՛ Արազ, երբ անցեալ տարի հանդիպեցինք Երեւանում, դու հիացրիր ինձ՝ որպէս շարժուն հոգի, որն իր լուսանկարչական խցիկով շրջում է աշխարհով մէկ եւ բաց է հանրութեան բոլոր խաւերի համար: Դու քեզ աշխարհաքաղաքացի համարու՞մ ես:
-Աւելի, քան աշխարհաքաղաքացի. ես ինքզիքնս կը սեպեմ թափառական ոգի մը, որ դիւրութեամբ կը յարմարի տարբեր վայրերուն եւ հանրային ու մշակութային խումբերուն: Աշխարհի հանդէպ հետաքրքրասիրութիւնս սկսաւ Մարքօ Փոլոյի ճամբորդութիւնները կարդալէն, որոնք երեւակայութիւնս հրահրեցին խորհրդաւոր անկիւններով լեցուն աշխարհներով: Առաջին ճամբորդութիւններս, բացի ընտանեկան արձակուրդներէն, ՀՄԸՄ-ի սքաութական խումբին տարեկան բանակումներն էին, եւ երբ մեծցայ, շարունակեցի ճամբորդել: Գրեթէ միշտ ես կը յայտնուիմ տեղ մը, ուր կը զգամ, որ կրնամ մնալ եւ ապրիլ…
–Դու ճանապարհորդել ես բազմաթիւ երկրներում: Կարո՞ղ ես նշել երեք քիչ յայտնի վայրեր, որոնք քեզ համար յատկապէս հետաքրքրական են եղել:
-1) Իրան, 2) Հայաստան, 3) Անթարքթիքա:
Իրան. հիմնական պատճառը մարդկային գործոնն է. իրանցիներն ամենէն հիւրընկալ ժողովուրդներէն են, որոնց հանդիպած եմ ճամբորդութիւններուս ընթացքին, նաեւ կան որոշ սիւրռեալիստական բնապատկերներ, ինչպէս Եազդ քաղաքը՝ իր գետնախորշերով, անցուղիներով եւ ծխնելոյզներով… նաեւ՝ պարսկական ճարտարապետութիւնը, անուշեղէնները…
Հայաստան. որովհետեւ թէեւ ան արդէն մտած է մեծ զբօսաշրջութիւն ունեցող երկիրներու ցանկը, այնուամենայնիւ, կը մնայ տարաշխարհիկ երկիր մը: Ինձի համար Հայաստանի հետ ծանօթանալը կը հաստատէր, որ իմ միտքիս մէջը եղած երեւակայութիւնը իրական է՝ ժայռերու եզրին կառուցուած միջնադարեան եկեղեցիներ, ձորեր, համեղ պտուղներ, որոնք ես դեռ չեմ յայտնաբերած… եւ որ այնտեղ մարդիկը միշտ պատրաստ են՝ օգնելու այցելուին:
Անթարքթիքա. քանի որ ան աւելին է, քան տեսողական փորձառութիւնը. ան զգայակա՛ն ճամբորդութիւն մըն է: Ես երկու անգամ եղած եմ Անթարքթիքա, ու թէեւ տեսողական պատկերները աներեւակայելիօրէն տպաւորիչ են, ինձի ամէնէն շատը ցնցած է հոնտեղի խոր լռութիւնը եւ բացարձակ ճերմակի հսկայական տարածութիւնը: Երբեմն ինծի կը թուէր, թէ ականատես կ’ըլլամ տիեզերքի արարումին…
–Վերջինի մասին չեմ կարող ասել, բայց միանգամայն համաձայն եմ քո առաջին եւ երկրորդ կէտերի հետ: Եւ չեմ զարմանայ, եթէ ասես, որ Անտարկտիկայում հայի ես հանդիպել:
-Պատահաբար, այն նաւու բժիշկը, որով ճամբորդած եմ, Հայաստանէն էր՝ այժմ հանգուցեալ Կոնստանտին Պետրոսեանը: Փոխադարձօրէն հաճելի անակնկալ էր Անթարքթիքայի մէջ հայերէն խօսիլը:
–Ո՞րն է որպէս լուսանկարիչ քո ամենաարտասովոր փորձառութիւնը:
-Ցաւօք, աւելի քան անսովոր, ատիկա բան մըն էր, որուն ականատեսը երբեք չէի մտածեր, թէ պիտի ըլլամ: Նաեւ ամէնէն ցաւալի փորձառութիւնն էր, որուն ականատես եղայ, երբ փաստագրեցի 2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի բնակչութեան արտագաղթը ազերիական բռնազաւթումէն ետք: Ինձի կը թուէր, թէ ես 1915 թուականի Ցեղասպանութեան պատկերներու լուսանկարիչն եմ, եւ որ բոլոր հայերն ամուր դրոշմուած են մեր հոգիներուն մէջ: Երբեք չէի կրնար պատկերացնել, որ իմ աչքերովս կը տեսնեմ հայկական այս նոր ողբերգութիւնը…
–Դու ծնուել ես հայ գրող, մանկավարժ, լրագրող Պետրոս Հաճեանի (1933-2012) ընտանիքում: Ո՞րն էր ամենակարեւոր դասը, որ քաղեցիր նրանից՝ որպէս մարդ եւ հայ:
-Հայրս իր ամբողջ կեանքը Սուրիոյ եւ Արժանթինի մէջ եղած է լրագրող, գրող եւ մանկավարժ՝ նուիրուած ըլլալով դասաւանդելուն, հետազօտելուն եւ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը տարածելուն: Անոր աշխատանքը լայն ճանաչում ունի ամբողջ Սփիւռքին մէջ: Անոր ամենամեծ դասը մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ խոնարհութիւնն ու անձնուրաց նուիրումն էր իր կոչումին, որը, իր պարագային, Արժանթինի պէս հեռաւոր երկիրի մը մէջ հայկական ինքնութեան պահպանումն էր: Ի դէպ, հօրս մահուան տարին ես գացի Արարատ լեռան գագաթը բարձրանալու: Հոն թաղեցի հօրս դիմանկարը՝ փաթթուած հայկական եռագոյն դրօշակով:
–Չնայած Արգենտինայի եւ Հայաստանի միջեւ հեռաւորութեանը, դու յաճախ ես այցելում հայրենիք եւ նրա պատմութիւնները ներկայացնում աշխարհին: Անցեալ տարի, ինչպէս նշեցիր, փաստագրեցիր արցախցիների հայրենազրկումը: Յոյս յայտնենք, որ քո յաջորդ այցերը Հայաստան միայն լինեն դրական փորձառութեամբ:
-Ցաւալի էր, որ աշխարհի բոլոր հայերուն համար անցեալ տարին շատ ծանր հարուած մը եղաւ Արցախի հայերուն տեղահանութեան պատճառով: Այլապէս իմ իւրաքանչիւր այցելութիւնը Հայաստան լեցուն է գեղեցիկ պահերով: Ամէն անգամ երթալով՝ լրջօրէն կը խորհիմ հոն մշտապէս մնալու եւ ապրելու կարելիութեան մասին: Յուսամ, որ օր մը ատիկա կ’ընեմ: Ինձի ամէնէն շատը կը գոհացնէ տեղւոյն հանրութեան խառնուելու դիւրինութիւնն ու նոր բարեկամներ ձեռք բերելը: Նաեւ աշխոյժ հանրային եւ մշակութային կեանքը, յատկապէս Երեւանի մէջ, ուր ես կ’անցընեմ ժամանակիս մեծ մասը, քանի որ հոն կþապրի իմ եղբայրներէս մին: Ասիկա քաղաք մըն է, ուր երբեք բաւարար ժամանակ չ’ըլլար՝ վայելելու այն ամէնը, ինչ ան կ’առաջարկէ: Առանձին պատմելիք նիւթ են երկիրն ուսումնասիրելը եւ ոչ միայն դասական զբօսաշրջային վայրերը այցելելը, այլ նաեւ պատմութիւններով եւ հետաքրքրական մարդոցմով լեցուն աւելի հեռաւոր վայրերը: Ես կը սիրեմ ինքնահոսի մատնուիլ, շրջիլ առանց սահմանուած երթուղիի եւ Հայաստանի մէջ պտտիլ ճամբաներու վրայ պատահական ինքնաշարժերով: Ասանկ ես կը հանդիպիմ հետաքրքրական մարդոց եւ կ’ապրիմ անմոռանալի պահեր: Հայաստանեան ամիսներս կ’անցնին առանց ձանձրանալու…
ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ