Որքա՜ն պանծալի երեւոյթ է եգիպտահայու մը համար առանձնապէս եւ հայու մը համար ընդհանրապէս, որ հայ մեծ երգիծանկարիչ Ալ. Սարուխանի ծնունդէն 125 եւ մահէն 47 տարիներ ետք ան դեռեւս ողջ ու կենսունակ է եգիպտահայ համայնքին ու եգիպտական երգիծանկարչութեան առօրեայէն ներս:
Տակաւին քանի մը ամիս առաջ անդրադարձած էինք մեծ երգիծանկարիչին ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած` Աղեքսանդրիոյ Գրադարանին պատկանող «Ալսանարի» տան մէջ կազմակերպուած միջոցառման, առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան ներկայացուող Աղեքսանդրիոյ դիմանկարներու ցուցադրութեան եւ անոնց նուիրուած գիրքի հրատարակութեան, որ իրագործած էր Հ.Բ.Ը.Միութեան Գահիրէի մասնաճիւղը: Եւ ահա՛, ամիսներ անց, այս անգամ եգիպտական օփերայի մշակութային սալոնի կազմակերպութեամբ կը նշուի մեծանուն երգիծանկարիչին ծննդեան 125-ամեակը` Գահիրէի օփերային թատրոնի փոքր դահլիճէն ներս:
Կիրակի, Յունուար 28-ի երեկոյեան կայացած այս միջոցառումը վարեց ու ներկայացուց` Եգիպտական երգիծանկարչութեան ժառանգութեան պահապան ընկերութեան եւ «Եգիպտական երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը» նախագիծի հիմնադիր պրն. Ապտալլահ Ալսաուին, որուն անունը քաջ ծանօթ է եգիպտական երգիծանկարչութեան անցուդարձով հետաքրքրուած ոեւէ մէկուն:
Ճիշդ է որ միջոցառումը կազմակերպուած էր օփերային տան կողմէ, բայց իրենց գեղարուեստական ներկայացումներով ի յայտ եկան նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «ԾԻԱԾԱՆ» մանկապատանեկան երգչախումբն ու Կոկանեան Սրահի «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐ» պարախումբը: Բարեբախտաբար, կիսամեայ արձակուրդը օգնեց մեր մանուկներուն, պատանիներուն, անոնց ծնողներուն ու միութենական պատասխանատուներուն քիչ մը աւելի խտացուած փորձեր ընելու եւ աւելի խանդավառ ելոյթներ ունենալու:
Այսպէս. գեղարուեստական ղեկավար` մաէստրօ Միհրան Ղազէլեանի ու խմբավար` տիկ. Գոհար Ղազէլեանի անխոնջ ջանքերով, տիեզերքին, արեւին, գետակին ու նաւակին, խաղողին, ընկերներուն ու դեռեւս բացայայտուելիք աշխարհին մասին պատմող ուրախ երգերով բեմ բարձրացան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «ԾԻԱԾԱՆ» երգչախումբին աղջիկներն ու տղաքը եւ իրենց գեղեցիկ կատարումներով ողջունեցին օրուան յոբելեարը:
Միջոցառման ուշագրաւ հանգրուաններէն մէկը եգիպտական մշակոյթի նախարարութեան կողմէ հովանաւորուած, եգիպտացի բեմադրիչ Ռաղէպ Մոթազի պատրաստած ֆիլմի ցուցադրութիւնն էր: Սարուխանի մասին առաջին անգամ ըլլալով լսողի մը համար արաբերէն լեզուով եւ անգլերէն թարգմանութեամբ մասնագիտական ու մարդկային հետաքրքրական մանրամասնութիւններ հաղորդող փաստագրական հարուստ տեսանիւթ մըն է այս ֆիլմը, որուն ընդմէջէն նայողը կրնայ ծանօթանալ հանրահռչակ երգիծանկարիչի անցած ուղիին` ծննդավայրէն մինչեւ ստեղծագործական վերելք…
Ի դէպ, պիտի յիշենք նաեւ, որ օփերայի փոքր դահլիճին սպասման սրահին մէջ ներկայացուած էին անուանի երգիծանկարիչին վրձինին պատկանող Աղեքսանդրիոյ դիմանկարներէն մաս մը: Շատերը պիտի յիշեն, որ 1927 թուականը կրող այս դիմանկարներուն բարձրորակ լուսանկարներու առաջին ցուցադրութիւնը կայացած էր «Ալսանարի» տան մէջ կայացած վերոյիշեալ միջոցառման ընթացքին:
Յիշարժան է, որ նոյն միջոցառման ներկայացուած էր նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գահիրէի մասնաճիւղին հրատարակած «Alexandria portraits» գիրքը:
Այսպէս, ինչպէս ֆիլմով, այնպէս ալ ցուցադրուած նկարներով շատերս դարձեալ, ոմանք թերեւս առաջին անգամ, ըմբոշխնեցին իր ժամանակէն միշտ աւելի առաջ ապրած, բոլոր պատահելիքները կարծես գուշակած սրատես այս իւրայատուկ արուեստագէտը:
Հայկական ժողովրդական ոգեշնչուած պարով մը ելոյթ ունեցան Կոկանեան Սրահի «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐ» պարախումբին պատանիները, պարուսոյց` տիկ. Էլէն Մարտիրոսեանի ղեկավարութեամբ: Հայկական տոհմիկ տարազներու վառվռուն գոյներով հանդիսատեսը ողջունող մեր պատանիները ջերմ ծափահարութիւններով դիմաւորուեցան ու գնահատուեցան: Եւ չենք կրնար չմտածել. Որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլար Սարուխան, եթէ հրաշքով մը կարենար ներկայ ըլլալ զինք փառաբանող այս միջոցառումներուն ու յատկապէս սա վերջինին, որուն մէջ զինք ողջունեցին ու յիշատակը անմահացուցին եգիպտահայ համայնքի մեր նորահաս պատանիները: Հպարտ պիտի ըլլար ան, անկասկած, քանզի իր ժառանգութիւնը փոխանցուած է յաջորդ սերունդներուն:
Միջոցառման երկրորդ բաժինը յատկացուած էր եռակի զրոյցի մը, որ տեղի ունեցաւ «Եգիպտական երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը» նախագիծի հիմնադիր պրն. Ապտալլա Ալսաուիի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գահիրէի մասնաճիւղի ատենապետ` դոկտ. Ճորճ Սիմոնեանի եւ Ալեքսանտր Սարուխանի ժառանգութեան հաւատարիմ հետեւորդ ու պահապան անոր թոռնուհիի` տիկ. Սիլվա Ներետեան-Բլատեանի միջեւ:
Ունկնդիրները ուշադրութեամբ լսեցին տիկ. Ներետեան-Բլատեանին խօսքը, որուն մէջ կազմակերպողներուն շնորհակալութիւն յայտնելէն ետք, քաղաքական երգիծանկարչութեան ռահվիրան համարուող արուեստագէտ Սարուխանի կողքին ուզեց շեշտել անոր մարդկային առանձնայատկութիւնները. ան հարազատօրէն յիշեց, թէ ինչպէս ինք ու իր քոյրը` տիկ. Սօսի Ներետեան-Յակոբեանը իրենց մեծ հօր հետ երկա՜ր ժամանակ կ՛անցընէին, խաղալով, երգելով ու պարելով ու միշտ բան մը սորվելով, առանց նոյնիսկ զգալու, թէ պապիկը հռչակաւոր անձնաւորութիւն մըն է… եւ, ի՜նչ կը կարծէք. Ճիշդ աս ալ չէ՞ Սարուխանը Սարուխան ընող պարզագոյն գաղտնիքը…
Զրոյցի աւարտին յատկանշական էր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գահիրէի մասնաճիւղի ատենապետ դոկտ. Ճորճ Սիմոնեանի անդրադարձը Վիեննայէն Եգիպտոս եկած Սարուխանի գրկաբաց ընդունելութեան: Ան շուտով դարձաւ եգիպտական մամուլի ամենէն ակնառու դէմքերէն մէկը. յատուկ պատկեր մը, որ կարելի է ընդհանրացնել գաղթական մեծ բազմութիւն մը սրտաբացօրէն ընդունող հիւրընկալ երկրի….
Այսպէս՝ Սարուխան անգամ մը եւս արժանապատուօրէն փառաւորուեցաւ զինք միշտ բարձր գնահատող հայ թէ եգիպտական մշակութային ասպարէզէն ներս: Առիթը չենք փախցներ դարձեալ ու կրկին շնորհաւորելու Սարուխանի շունչն ու էութիւնը ողջ պահող անոր դուստրը` մեր շատ սիրելի՜ տիկ. Սեդան, անոր թոռնուհիներն ու անոնց ընտանիքները` մեծանուն երգիծանկարիչին հոգեւոր ու ստեղծագործական ժառանգութիւնը ըստ արժանւոյն պահպանելու, ծանօթացնելու եւ փոխանցելու շաւիղը շարունակելու ջերմագին մաղթանքով:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ
Գահիրէ