Միացեալ Խմբագրական
Մեր Անշրջանցելի Առաջնահերթութիւնները Այսօր
Մեր հայրենիքը այսօր կ՛ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամենավտանգաւոր օրերը:
Արցախեան պատերազմին մենք կորսնցուցած ենք պապենական հողեր: Զոհուած են մեր լաւագոյն տղոց մէկ մասը: Անհասկանալի կերպով կ՛իրականան սահմանագծման գործընթացները: Հայրենիքի ինքնիշխանութիւնը հարցականի տակ է: Հայ ժողովուրդը վիրաւոր է: Դարաւոր պատմութիւն ունեցող Հայ ազգը կ՛ապրի նաեւ արժանապատուութեան ճգնաժամ:
Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու այսօր, իր նախանշաններով արդէն իսկ առկայ ներքին խռովութիւններու ազդանշանը:
Վիճակը յղի է ծանր հետեւանքներու տանող սպառնալիքներով: Ի տես ստեղծուած այս պայմաններուն՝ կարելի չէ լուռ մնալ:
Այսօր, այս պահուն, մեզի համար կան ՀԻՆԳ կարեւոր առաջնահերթութիւններ, որոնց շրջանցումը կամ անտեսումը ազգային ինքնասպանութեան համազօր բան է:
- ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԱՐԺԷՔԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ
Մինչ դէպքերը թաւալգլոր կ՛ընթանան, իւրաքանչիւր հայորդիի՝ իշխանամէտ, թէ ընդդիմադիր, գերագոյն արժէքը պէտք է ըլլայ Հանրապետութեան գաղափարի պահապանումը: Մեր ժողովուրդին համար չկայ աւելի վեհ արժէք:
- ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ՝ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ
Հայրենիքը վեր է անձի պաշտամունքէ, կուսակցական նեղմտութենէ, իշխանատենչ կամ աթոռամոլ մոլուցքէ եւ հաւաքականը՝ անձին համար զոհելու հիւանդագին հոգեբանութենէ:
- ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ
«Հրապարակի դէմ հրապարակ» հասկացողութիւնը խորթ է մեզի համար: Այս բանը մեր ժողովուրդը կրնայ առաջնորդել քաղաքացիական վտանգաւոր բախումներու, մինչ թշնամին նստած մեզ կը դիտէ: Այս պահուն էական է դրսեւորել ծայրայեղ եւ պատասխանատու զսպուածութիւն:
- ԳՈՐԾՈՂ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՅԱՊԱՂ ԵՒ ԱՆՑՆՑՈՒՄ ՀԵՌԱՑՈՒՄ
Արցախեան պատերազմի նման պատերազմ կորսնցուցած եւ ամօթալի անձնատուութիւն ստորագրած իշխանութիւնը իր հրաժարականը պէտք է ներկայացնէ այսօր: Առաւել եւս, ներքաղաքական սոյն իրավիճակով կոյր եւ խուլ ձեւանալով կամ իբր թէ քաղաքական կողմերու հետ խորհրդակցութիւններով ժամանակ շահելու քաղաքականութիւնը կարելի չէ շարունակել: Ժամանակը հասած է, որ հաւատարիմ մնալով գործող սահմանդրութեան՝ քաղաքակիրթ ճամբով իրականացուին հանրային պահանջք եղող ազատ ու արդար ընտրութիւններ, որուն շնորհիւ մեր ժողովուրդը կը կարենայ նոր պայմաններուն լոյսին տակ ազատ կամքի արտայայտութեամբ ձեւաւորել նոր՝ արհեստավարժ մասնագէտներէ բաղկացած Ազգային Ժողով, կառավարութիւն եւ վարչապետ:
- ԴԵՄՈԿՐԱՍԻԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՈՎ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ
Հայոց բանակը սրբութիւն է մեզի համար: Հետեւաբար անոր զօրակցիլը ազգային պարտք է եւ հզօր հայրենիք կերտելու նախապայման: Այս պահուն Հայոց բանակը մեծ դեր ունի կատարելիք ինչպէս սահմանին վրայ, նոյնքան ներքին խռովութիւններ կանխելու առաքելութեան մէջ:
Բաւ է տարիներու վրայ եղած խարխափում եւ ինքնակործան անհեթեթութիւն:
Ժամանակն է լիիրաւ ժողովրդավարական սկզբունքներով եւ ազատական ոգիով Հայրենիք կերտելու:
Շուշին՝ ինչպէս Սիսը, Վանն ու Շուռնուխը. մե՛րն են:
Կեցցէ՛ միասնական Հայ Ժողովուրդը եւ հայոց դարաւոր Հայրենիքը:
ՌԱԿ-ի Մամլոյ Օրկաններու Համախմբում