խմբագրական
Հայաստանը հնարաւորութիւն չունի կարճ ժամանակամիջոցին շրջելու կործանիչ պատերազմին հետեւանքները եւ վերականգնելու իր ռազմական ոյժերը, բացի մէկ պարագայէ. 44-օրեայ պատերազմին մէջ Ատրպէյճանի նպատակն էր վերստին տիրանալ Արցախին եւ անոր շուրջ գտնուող եօթը շրջաններուն: Այդ շրջաններուն ճակատագիրը Ատրպէյճանի վերադարձուիլն էր, որոշ պայմաններով: Այդ պայմաններուն խնդիրը լուծեց պատերազմը, դժբախտաբար ի վնաս հայկական կողմին. Արցախը մնաց իր բնակչութեամբ ռուսական տիրապետութեան ներքեւ: Արցախի ատրպէյճանական իշխանութեան չենթարկուիլը ունի իր քաղաքական պատճառները, որոնք այնքան ալ առնչութիւն չունին հայկական կողմի պաշտպանական կարողութեանց հետ Ատրպէյճանի ոյժերուն մուտքովը Արցախ անխուսափելի էր ցեղասպանութեան իրագործումը զոր չուզեց այդ պահին ստանձնել Ալիեւ. երկրորդ պատճառը այն էր որ այդ կարգադրութիւնը պատրուակ ծառայեց Ռուսաստանին իր ոյժերը տեղակայելու: Ինչպէս ծանօթ է ռուս խաղաղապահ ոյժերուն պայմանաժամը հինգ տարի է, սակայն այժմէն Ալիեւ անհամբերութիւն կը ցուցաբերէ անոնցմէ ձերբազատուելու:
Վերջին քանի մը ամիսներուն որոշ զարգացումներ յառաջացան տարածաշրջանին մէջ, որոնք նպաստաւոր էին հայկական կողմին, ինչպէս Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի որոշումը Լաչինի միջանցքը բանալու, Եւրոպական Միութեան 100 դիտորդներու տեղակայումը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ ֆրանսական Ծերակոյտի եւ խորհըրդարանի որոշումները Արցախի մասին: Քաղաքական եւ իրաւական զարգացումներուն վրայ եկաւ աւելնալ Թուրքիոյ աւերիչ երկրաշարժը որ չափով մը զսպիչ դեր կը կատարէ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական եւ արկածախնդրական ախորժակներուն վրայ:
Հակառակ այս զարգացումներուն ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուեցաւ Ատրպէյճանի վերաբերումին մէջ: Ցարդ ան կը մնայ անտարբեր Արդարութեան Միջազգային Դատարանի որոշումին նկատմամբ:
Անկախ այս բոլորէն գոյութիւն ունին կարգ մը ազդակներ որոնք Ալիեւը կ’առաջնորդեն իր քաղաքական որոշումներուն մէջ. այդ է պատճառը որ ան վերջերս համարձակեցաւ լարուած կացութիւնը աւելի թեժացնել: 1) Ալիեւ այն համոզումին է որ Հայաստան պարտեալ կողմն է եւ այս պահուն պէտք է առաւելագոյն զիջումը կորզել անկէ: 2) Ռուսաստան վշտացած է որ հոս իրմէ զատ գործակիցներ կը փնտռէ Արեւմուտքի մէջ: Հետեւաբար Մոսկուա կը ճնշէ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի միջոցաւ: 3) Իսրաէլի ռազմական ու քաղաքական օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին:
Ապահովութեան վերջին խորհրդաժողովին որ կայացաւ Միւնիխի մէջ, նախագահ Ալիեւ մասնակցեցաւ բանավէճի մը, Վրաստանի եւ Հայաստանի վարչապետներուն հետ: Այդ բանավէճին ընթացքին ան յոխորտանքով յայտարարեց վարչապետ Փաշինեանին որ Հայաստան պարտուած է վերջին պատերազմին եւ ստորագրած է անձնատուութեան (capitulation) պայմանագիր. այդ անձնատուութեան արդիւնքը ընդունած է Հայաստանի ժողովուրդը, վերստին քուէարկելով Փաշինեանինը. ուրեմն, երբ կը մտնենք Ալիեւի մտածողութեան դաշտէն ներս եւ կը հասկնանք անոր մտածելու կերպը, այլեւս հասկնալի կը դառնան անոր այլանդակ ծրագիրներն ու պահանջները: Ալիեւի խորհրդականներէն մէկը բնական նկատած էր Հայաստանէն խլել Զանգեզուրի միջանցքը իբրեւ «պատերազմական աւար». այդ մտածողութիւնը աւելի անդին տանելով Ալիեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքը կը հռչակէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» եւ կը պատրաստուի զայն գրաւել:
Դժբախտաբար Ռուսաստան բացասական դեր մը կը կատարէ, աւելի եւս ոգեւորելով Ալիեւի անբարտաւան ընթացքը: Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր որ կրնան խնդիրներ ծագիլ` երբ Եւրոպական Միութեան դիտորդներ տեղակայուին Հայաստանի հողին վրայ, առանց Ատրպէյճանի հաւանութեան: Պարզ էր որ այդ խնդիրները յարուցողը պիտի հանդիսանար Ռուսաստանը: Եւ արդարեւ, Պր. Լաւրով վերջերս այցելեց Պաքու նշելու համար առաջին տարեդարձը Ռուսաստան-Ատրպէյճան ռազմավարական դաշինքին, եւ հազիւ ան հեռացած էր Պաքուէն, Ատրպէյճան իրականացուց սադրանքը Արցախի ոստիկաններուն դէմ , պատճառելով երեք զոհ:
Հայաստանի մեկնաբանները դիտել կու տան որ ամէն անգամ որ Լաւրով կ’այցելէ Ատրպէյճան, տեղի կ’ունենայ ռազմական նախայարձակում մը Հայաստանի դէմ. այդպէս պատահած էր անցեալ Մայիսին երբ Ատրպէյճան գրաւեց Սեւ լիճը եւ Սեպտեմբեր 13-14ին ալ իրականացուց Ջերմուկի բախումը:
Թուրքիա եւ Փաքիստան ուղղակի մասնակիցներն էին 44-օրեայ պատերազմին, Ատրպէյճանի կողքին. Իսրայէլ անտեսանելի մասնակիցն էր իր մահացու ԱԹՍ-երով (անօդաչու թռչող սարքեր): Վստահաբար Իսրայէլի ռազմական ծրագիրներու թիրախը Հայաստանը չէ, սակայն ան կը հանդիսանայ չնախատեսուած զոհը այդ ծրագիրներուն:
Իսրայէլ Ատրպէյճանի անմիջական դաշնակիցն է. եւ ինչպէս իսրայէլեան Հաարեց թերթը կը վկայէ` Ատրպէյճան ռազմական օդակայան մը տրամադրած է իր հողամասին վրայ, ուրկէ կրնայ Իսրայէլ յարձակիլ Իրանի վրայ: Արդէն տարիներէ ի վեր Իսրայէլ հսկողութիւն կը կատարէ Իրանի ռազմական կառոյցներուն վրայ, Ատրպէյճանի հողամասէն: Վերջին պատերազմէն ետք, երբ Ատրպէյճան նոր տարածքներ գրաւեց հայկական ոյժերէն, Իսրայէլի հնարաւորութիւնները աւելի ընդարձակուեցան:
Վերջին ամիսներուն Իսրայէլ-Իրան լարուածութիւնը աւելի եւս սաստկացաւ երբ Իսրայէլ քանի մը հրթիռներ արձակեց դէպի Իրան: Սակայն, երբ Թեհրան արտօնեց Ռաֆայէլ Կրոսիի այցը իր հիւլէական կեդրոնները, պահ մը յառաջացաւ այն յոյսը որ հիւլէական ոյժի շուրջ բանակցութիւնները կրնան վերսկըսիլ, Իրանը ազատելով պատժամիջոցներէն: Սակայն, այդ յոյսերը կանխուեցան այլ զարգացումներով: Պր. Կրոսի, որ գլխաւորն է Աթոմական Ոյժի Միջազգային գործակալութեան, յայտարարեց որ Իսրայէլի կողմէ Իրանի վրայ կատարուելիք յարձակում մը օրէնքի դէմ է: Այս յայտարարութիւնը զայրացուց Իսրայէլի վարչապետը` Պենճըմին Նեթանիահուն, որ պատասխանեց. «Պր. Կրոսի արժանաւոր անձ մըն է որ անարժան յայտարարութիւն մը ըրաւ: Ո՞ր օրէնքի մասին կը խօսի ան. Երբ Իրան բացայայտօրէն կը յայտարարէ թէ պիտի քանդէ մեր երկիրը, պէ՞տք է որ արտօնուի քանդիչ զէնքը ձեռք բերելու: Մենք արտօնուած չե՞նք մենք մեզ պաշտպանելու. ոչ մէկ բան կրնայ մեզ արգիլել որ պաշտպանենք մեր երկիրը եւ թոյլ չտանք որ կործանի հրեաներու հայրենիքը»:
Այս հռետորաբանութեան ջերմաստիճանին համապատասխան կը բարձրանայ նաեւ Ատրպէյճանի արժէքը:
Իսրայէլ տագնապի մէջ է. հարիւր հազարաւորներ ցոյցի ելած են կանխելու համար Գերագոյն դատարանը արժեզրկող օրէնքները: Միւս կողմէ սաստիկ լարուած են Իսրայէլ-Պաղեստինեան յարաբերութիւնները որոնք կրնան առաջնորդել նոր ինթիֆատայի մը: Հետեւաբար զարմանալի պիտի չըլլայ որ Նեթանիահու դիմէ արտաքին արկածախնդրութեան մը` զսպելու համար ներքին տարակարծութիւններն ու բաժանումները:
Երբ պահ մը Թուրքիան տարուած է իր խնդիրներով` Իսրայէլ եւ Ռուսաստան կը մնան կողքին Ալիեւի, որ շարունակէ իր ռազմատենչ քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ:
Իրան միակ երկիրն է որուն շահերը կը համընկնին Հայաստանի շահերուն: Սակայն, Իրանի հետ Հայաստանի գործակցութեան յաւելումը կրնայ Հայաստանը Իսրայէլի եւ Ամերիկայի թշնամիներու շարքին դասել:
Ռուս-Ուքրանական պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճան աւելի փնտռուած գործակից մը կը դառնայ Արեւմուտքին, իբրեւ ոյժանիւթի աղբիւր:
Անցեալ շաբաթ Արցախի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան Ատըրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ, ռուս խաղաղապահ ոյժերու միջնորդութեամբ, այդ ոյժերուն հրամանատար Անտրէյ Վոլքովի գրասենեակին մէջ: Օրակարգի վրայ էին կարգ մը գործնական խնդիրներ, որոնք առնչութիւն չունին ոեւէ քաղաքական հարցի հետ. պիտի քննուէին Լաչինի միջանցքի բացումը, կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը Արցախին եւ Ատրպէյճանի քննիչներու այցը Քաշէնի եւ Դռմբոնի հանքերը:
Բնականաբար ոչ մէկ արդիւնք տուաւ այդ հանդիպումը. Ատրպէյճան իր կողմէ զեկոյց մը հրապարակելով յայտնեց թէ քննուած էր Արցախի հայութեան համարկումի հարցը (integration) Ատրպէյճանի հասարակութեան մէջ: Այս յայտարարութեան յաջորդեց Ատրպէյճանի յարձակումը հայ ոստիկաններուն վրայ: Հայկական կողմը ունեցաւ երեք զոհ եւ մէկ վիրաւոր. Ատրպէյճան յայտարարեց որ ունեցած է երկու կորուստ եւ կարգ մը վիրաւորներ. սակայն, այնպէս կը թուի թէ աւելի են Ատրպէյճանի կորուստները:
Ատրպէյճան յայտարարեց որ հայկական կողմը զէնք կը փոխադրէր Հայաստանէն Արցախ եւ մերժած էր Ատրպէյճանի կողմէ կատարուելիք քննութիւնը, որուն հետեւանքով տեղի ունեցած էր բախումը: Բարեբախտաբար Արցախի իշխանութիւնները երիզագրած էին պատահարը ամբողջութեամբ, հերքելու համար Պաքուի սուտերը: Ռուս խաղաղապահները եւս պարտաւորուեցան յայտարարելու որ նախայարձակը Ատրպէյճանական կողմն էր: Սակայն Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան չկրցաւ պահպանել անկողմնակալութիւնը` զսպուածութիւն յանձնարարելով երկու կողմերուն հաւասարապէս:
Ռուս խաղաղապահներուն պարտականութիւնն է չթողուլ որ ազերիները անցնին շփման գիծէն անդին: Արդարեւ, անոնց անկ էր առաջքը առնել նման պատահարի մը. այս բոլորէն ետք հեգնանքի կը վերածուի ռուս խաղաղապահներու լոզունգը, որ տեղադրուած է ամէնուրեք` «ուր մենք ենք` այնտեղ է խաղաղութիւնը»:
Երեքշաբթի, Մարտ 6ին կայացաւ Արցախի կառավարութեան նիստը, ուր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան փոխանցեց Ալիեւի ազդարարութիւնը` կամ համարկում, կամ աւելի խիստ միջոցներու գործադրութիւն: Ժողովը որոշեց շարունակել ինքնավարութեան ընթացքը: