Ժողովրդավարական երկիրներու համար բնական երեւոյթ է իշխանութեան դիմաց ունենալ նաեւ ընդդիմադիր ոյժ: Ընդդիմութեան դերը հակակշիռ բանեցնելն է իշխանութեան անկաշկանդ գործունէութեան վրայ. խելացի, պատրաստուած եւ արհեստավարժ ընդդիմութիւն մը կրնայ մեծապէս սատարել ժողովրդավարական վարչակարգի գործունէութեան: Օրինակ, Մեծն Բրիտանիոյ նման երկրի մը մէջ ընդդիմութիւնը կը կազմէ «ստուերային դահլիճ» մը (Shadow Cabinet): Իւրաքանչիւր նախարարութեան դիմաց կը գործէ «ստուերային նախարարութիւն» մը, որ կը հետեւի իշխանութեան համապատասխան նախարարութեան գործունէութեան: Եթէ իշխանութեան քաղաքականութեան մէջ վրիպումներ արձանագրուին եւ այդ վրիպումին դիմաց ընդդիմութիւնը աւելի գործնական վարքագիծ մը կրնայ դրսեւորել՝ բնականօրէն կը քննադատէ իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը եւ կ՚առաջարկէ իր վարկածը: Յաճախ նաեւ իշխանական մեծամասնութիւնը կը փորձէ օրինագիծներ որդեգրել եւ չ՚ունենար բաւարար քուէ. այդ պարագային կը պարտադրուի նստելու ընդդիմադրութեան հետ՝ յաջողցնելու համար պետութեան համար այնքան անհրա ժեշտ նկատուած օրինագիծ մը: Բնականաբար ընդդիմութիւնն ալ իր հերթին առիթը կ՚ունենայ տալու իր գնահատականը եւ արժեցնելու իր քաղաքականութիւնը: Հայաստան կը փորձէ դառնալ ժողովրդավար երկիր մը. սակայն ոչ պետականութեան ըմբռնումը լիովին կազմուած է քաղաքացիական հասարակութեան մօտ ոչ ալ՝ ընդդիմադրութեան դերը: Օրինակ Մարտի մէկի ողբերգութեան պատասխանատուութիւնը կը վերագրուի Ռոպերտ Քոչարեանին, սակայն օրուան ընդդիմութիւնը եւս, իր հերթին, ունեցաւ իր տխուր դերը, իր ծայրայեղական ընթացքով: Բայց այսօրուան խորհրդարանական ընդդիմութիւնը բոլորովին տհաս է եւ անսկզբունք: Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» խմբակն ու Սերժ Սարգսեանի «Պատիւ ունեմ»ը մտած են խորհրդարան առանց ծրագրի: Ցարդ ոչ մէկ խելամիտ օրակարգ պարզած են Ազգային Ժողովին մէջ. յատկապէս դաշնակցական ներկայացուցիչներու բերանով ընդդիմութիւնը կը յայտարարէ թէ հակառակ է ամէն նախաձեռնութեան որ իշխանական մեծամասնութիւնը կþառաջարկէ: Տակաւին չբացայայտուեցաւ ընդդիմութեան օրակարգը: Ռոպերտ Քոչարեանի մարտահրաւէրը «մինչեւ քոքը» պայքարելու իշխանութեան դէմ, քաղաքական փլաթֆորմ մը չէ, ոչ ալ ծրագիր՝ նպատակի մը հասնելու: Խորհրդարանէն ներս թէ արտախորհրդարանական հարթակներու վրայ ամէն անձ կը ճառէ ազգային միասնականութեան մասին, սակայն աննախընթաց բեւեռացումի մէջ է երկիրը՝ արտաքին հսկայ մարտահրաւէրներու դիմաց: Վերջերս ներկայացան երկու կարեւոր առիթներ, ուր ընդդիմութիւնը կրնար ազգային միասնականութեան առիթը ստեղծել առանց սկզբունքային զիջումի. առաջինը՝ Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Քննիչ Յանձնաժողովի կազմութիւնն էր, իսկ երկրորդը՝ նախագահի ընտրութեան պարագան: Առաջինին պարագային ընդդիմութիւնը որոշեց մաս չկազմել, առարկելով որ այդ Յանձնաժողովի կազմին մեծամասնութիւնը բաղկացած է իշխանաւորներէ, հետեւաբար յստակ պիտի ըլլայ անոր եզրակացութիւնը՝ 44-օրեայ պատերազմի պատասխանատուութենէն խուսափելու: Սակայն, այդ Յանձնաժողովի կազմութիւնը առիթ պիտի տար ընդդիմութեան իր տեսակէտը պարզելու, եթէ իսկապէս ըսելիք մը ունէր՝ բացի պարտութեան պատասխանատուութիւնը բարդելու «կապիտուլանդ» Փաշինեանի վզին: Մասնակցելով յիշեալ ժողովին ընդդիմութիւնը ցոյց պիտի տար թէ կենսականօրէն մտահոգուած է երկրին ճակատագրական հարցերով. իսկ եթէ համաձայն չէր Յանձնաժողովի եզրայանգումներուն, կրնար չստորագրել փաստաթուղթը: Երկրորդ առիթը ազգային միասնականութիւն ցոյց տալու՝ նախագահական ընտրութիւնն էր: Վահագն Խաչատրեանի թեկնածութիւնը այնքան խնդրայարոյց չէր, որքան պիտի ըլլար Արայիկ Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը: Ընդդիմութիւնը չուզեց կամ չկրցաւ թեկնածու մը ներկայացնել: Եթէ նոյնիսկ ներկայացնէր՝ արդիւնքը սկիզբէն բացայայտ էր: Ազգային միասնութեան աժան յաղթանակ մը պիտի ըլլար միանալ քուէարկութեան եւ հանրութեան դիմաց հանդէս գալ իբրեւ կառուցողական ընդդիմութիւն: Այսուհանդերձ նորընտիր նախագահը՝ Վահագն Խաչատրեան յայտնեց թէ ինք պիտի ըլլար «բոլորին նախագահը» եւ ոչ անպայման իրեն քուէարկող իշխանաւորներուն նախագահը: Դժբախտաբար մամուլը եւ ընկերային ցանցերը լեցուն են լուտանքներով եւ փոխադարձ վիրաւորանքներով, որոնցմէ ոեւէ մէկը չի բարձրանար քաղաքական հաստատումի մակարդակին: Դժբախտաբար այդ ճահիճը կը թափանցէ նաեւ Ազգային Ժողովէն ներս եւ անկարելի կը դարձնէ քաղաքական լուրջ քննարկումներու կարելիութիւնը: Յիսուսի խօսքերով հարց տանք թէ՝ «ո՞վ պիտի ըլլայ առաջին քարը նետողը»:
«ՊԱՅՔԱՐ», 7 մարտ