Իսրայէլը նեղ կացութեան մատնուած է, շա՛տ նեղ: Կ՛ուզէ պատերազմէն բաց ճակատով դուրս գալ, յաղթակա՛ն, իր միակ թշնամին՝ Համասը, զինաթափ ըրած ու ջնջած, սակայն երթալով աւելի աւազախրում կ՛ունենայ, հակառակ իր օրինաւոր, թէ անօրէն գործած բոլոր տեսակի ճիգերուն, պաղեստինցիներու 33.000 զոհերուն եւ 76.000 վիրաւորեալներուն, հակառակ 66 հազար թոն հրթիռ տեղացնելուն, ամբողջ քաղաքներ, գիւղեր աւերակ դարձնելուն, աւելի քան միլիոն ու կէս պաղեստինցի անտուն, անօթեւան, տարրական սնունդէ, դեղօրայքէ ու կենսական պէտքերէ զրկելուն, հակառակ դուրսէն հասած օգնութիւններուն մուտքը խափանելուն, հակառակ դիմացիններուն ղեկավարներէն շատեր սպանելուն, հակառակ այս բոլորին, Համասը տակաւին անձնատուր ըլլալու միտք չունի եւ պատերազմի դադարեցման իր դրած պայմաններուն վրայ հաստատ կը մնայ եւ կը շարունակէ ինքնապաշտպանական կռիւը, ամէն օր Իսրայէլի հրթիռակոծման զոհ գացած տասնեակներով պատանքուած դիակներ հողին յանձնելով:
Իսրայէլը ահաւոր վնասներու մէջ է, իր նիւթական ահռելի մեծ վնասներէն անջատ, ճիշդ է որ իր սպանուած զնուորներուն թիւը շատ քիչ է բաղդատած պաղեստինցիներուն, սակայն ըստ պաշտօնական լրատւութեանց հազարաւորներ հաշուող վիրաւորուած եւ անկար դարձած զինուորներ ունի, որոնք այլեւս չեն կրնար վերադառնալ զինծառայութեան. փաստօրէն բանակը մեծ թիւով զինուոր ու սպայ կը կորսնցնէ:
Բոլոր զգուշացուները, յատկապէս ԱՄՆ-ի եւ անձամբ նախագահ Պայտընի կողմէ, որ Իսրայէլ կասեցնէ պատերազմը եւ համաձայնութեան եզր մը գտնեն, Նաթանիահույին չեն կրնար համոզել, որովհետեւ մարդը ի սկազբանէ պաղեստինցիները կ՛ատէ, ի մասնաւորի Համասը, եւ ամէն միջոցի կը դիմէ այդ կազմակերպութիւնը արմատախիլ ընելու: Երբ կը լսես իր ելոյթները, ժպիտը դէմքին, կը հասկնաս որ մարդուն ժպիտը թաքնուած ջղագարութեան մը ծխածածկոյթն է, ինքզինք յաղթական հերոս կը ձեւացնէ, սակայն հինգ ամիսներ ետք նպատակին չհասնիլը զինք կը խենթացնէ:
Ի՞նչ հերոս, ոչ միայն աշխարհը կը քննադատէ ըրած ծայրայեղութիւնները, այլեւ տասնեակ հրեայ եւ իսրայէլացի քաղաքագէտ- մտաւորականներ, ֆէյսպուքի մէջ նկարահանուած ելոյթ կ՛ունենան քննադատելով Նաթանիահուն եւ իր ռազմատենչ նախարարը, որոնք ահա՛ հինգ ամիսներ ետք տակաւին չկրցան իրենց բոլոր պատանդները ազատել ու պատերազմը դադրեցնել, պաղեստինցիներուն արդար իրաւունքները յարգել խոստանալով:
Պաղեստինցիները զարմանալի ժողովուրդ են. կարծես մահուան հետ հաշտ ու խաղաղ են, քանի որ իրենց հաւատալիքով հայրենիքի համար զոհուողը դրախտ կ՛երթայ: Հեռատեսիլէն կը դիտեմ քարուքանդ եղած տարածքները, պատանքուած զոհուածներուն առջեւ շարք կազմած աղօթողները, ոչ մէկ հիստերիկ վիճակ, ոչ մէկ պոռչտուք, աղաչանք եւ օգնութեան կանչ:
Կիսամերկ, ոտաբոպիկ, անօթի, ծարաւ, ծնողք, ազգական, բարեկամ ու ընկեր կորսնցուցած պաղեստինցի երեխաները կը շարունակեն ապրիլ փլատակներու մէջ, ժամերով հերթի կը կանգնին ջուր, կամ պնակ մը ապուր ստանալու համար ու չեն լար: Այս սերունդէն պիտի ելլեն հայրենիքի պաշտպանները, իսկ Իսրայել այս պատերազմով, խոր ատելութեամբ զինուած նոր թշնամի սերունդ մը հասունացուց:
Իսրայէլը առաջին օրէն Կազայի բնակիչները մղեց հարաւ՝ Ռաֆահի շրջանը գաղթելու, քանի որ պիտի սկսի ռմբակոծել հիւսիսային հատուածները, մէկուկէս միլիոն բնակիչ գաղթեց հարաւ, որպէս ապահով շրջան. հիմա հիւսիսային մասը մաքրագործելէ եւ իր նպատակին չհասնելէ ետք, կատղած Նաթանիահուն սկսաւ Ռաֆահը հրթիռակոծել ու կը պատրաստուի ցամաքային յարձակում ձեռնարկել, հակառակ ԱՄՆ-ի յորդորներուն, որ այդ քայլին չդիմէ:
Տակաւին չենք անդրադառնար հիւսիսի ճակատին թէժացման, երբ Լիբանանեան հարաւէն Հըզպոլլաը սկսաւ հրթիռներ արձակել Իսրայէլի վրայ, որուն ի պատասխան Ցահալը սկսաւ ռմբակոծել այդ շրջանի բնակելի տարածքները, ամէն օր կռուող կուսակցականներէն զոհեր խլելով: «Աստուծոյ կուսակցութիւնը», իր համբաւին հակառակ, իր բազմահազարանոց բանակով, իր կուտակած հազարաւոր հրթիռներով, չյաջողեցաւ գործնականօրէն օգնել Համասին: Իր արձակած բազմաթիւ հրթիռները լուրջ վնասներ չեն հասցներ Իսրայէէլին, բան մը, որ ակամայ հարցականներու առիթ կու տայ: Մաղթենք որ վերջը բարի ըլլայ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ