Ձգենք հեգնանքը սակայն, եւ զբաղինք հայկական պետութեան սահմաններու ընդարձակման էական հարցով: Ինչպէս ծանօթ է, Օսմանեան Կայսրութեան լուծարքը վճռուած էր Վերսայլի դաշնագրով, բայց անկէ ծագող բազմապիսի խնդիրներու, պալքանեան, արաբական, հայկական, քրտական եւ այլ հարցերու կարգադրութիւնը ձգուած էր յետագայ բանակցութիւններու եւ ժողովներու: Բանակցութիւնները, վիճաբանութիւնները եւ սակարկութիւնները տեւեցին աւելի քան մէկ տարի, եւ 1920-ի ամրան, Սեւրի ժողովին մէջ կարելի եղաւ օսմանեան կառավարութեան ընդունիլ տալ Սելիմներու եւ Սուլէյմաններու հզօր կայսրութեան գերեզմանումը: Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 1920, Օգոստոս 10-ին: Անոր տակ իրենց ստորագրութիւնները դրին «մեծ դաշնակիցներու» եւ «փոքր դաշնակիցներու» (Հայաստան, Յունաստան, Լեհաստան և այլն) ներկայացուցիչները՝ Համտի փաշա, Ռիզա Թեւֆիք պէյ և Խալիլ պէյ): Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ստորագրեց Ա. Ահարոնեանը: Հիճազ եւ Եուկոսլաւիա դժգոհ էին եւ մերժեցին ստորագրել դաշինքը:
ՍԵՒՐ – ՖՐԱՆՍԱ, Ուր Ստորագրուեցաւ Դաշնագիրը
Մեզ բնականաբար կը հետաքրքրեն դաշնագրին այն յօդուածները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի: Ահա այդ յօդուածներուն կարեւորագոյն հատուածները.
Յօդուած 88._ Թուրքիա կը յայտարարէ թէ ինք կը ճանչնայ Հայաստանը իբր ազատ եւ անկախ պետութիւն մը, ինչպէս ըրած էին ասկէ առաջ դաշնակից պետութիւնները:
Յօդուած 89._ Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս նաեւ պայմանագիր բարձր կողմերը կը հաւանին Ամերիկայի նախագահին իրաւարարութեան յանձնել Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի և Պիթլիսի նահանգներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին որոշման խնդիրը, եւ ընդունիլ նախագահին յարակից բոլոր օսմանեան հայերուն զինուորապէս չեզոքացման մասին պատրաստուած բոլոր տրամադրութիւնները:
Յօդուած 90._ Երբ 89-րդ յօդուածին համաձայն սահմանը որոշուելով՝ յիշեալ նահանգներու հողերէն ամբողջը կամ մէկ մասը Հայաստանին փոխանցուի, Թուրքիա այժմէն կը յայտնէ թէ որոշման թուականէն սկսեալ կը հրաժարանի իր բոլոր իրաւունքներէն փոխանցուած այդ հողամասին վրայ… (եւ այլն):
Յօդուած 91._ 89-րդ յօդուածին մէջ յիշուած հողերէն մէկ մասը երբ Հայաստանին թողուի, տրուած որոշման համաձայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը տեղւոյն վրայ գծելու համար, նոյն 89-րդ յօդուածին նախատեսած որոշումէն սկսեալ երեք ամսուան ընթացքին պիտի կազմուի սահմանագծման յանձնաժողով մը, որու կազմութեան եղանակը յետոյ պիտի որոշուի:
Յօդուած 92._ Հայաստանի սահմանները Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ պիտի որոշուին շահագրգռուող կառավարութեանց կողմէ հաւաքական համաձայնութեամբ մը:
Եթէ որեւէ կերպով շահագրգռուող տէրութիւնները, 89-րդ յօդուածին յիշած որոշումը տրուած պահուն, չյաջողին հաւաքական համաձայնութեամբ մը իրենց սահմանները որոշել, այն ատեն այդ սահմանը դաշնակից գլխաւոր պետութեանց կողմէ պիտի որոշուի: Այդ սահմանը տեղւոյն վրայ գծելու իրաւասութիւնն ալ անոնց կը պատկանի:
Յօդուած 93._ Հայաստան կ՛ընդունի եւ կը հաւանի գործադրել դաշնակից պետութեանց հետ կնքելիք պայմանագրի մը մէջ դրուելիք այն տրամադրութիւնները, զորս անհրաժեշտ պիտի նկատեն նոյն պետութիւնները, պաշտպանելու համար Հայաստանի մէջ ցեղային, լեզուական եւ կրօնական տեսակէտով մեծամասնութենէն տարբեր եղող ժողովուրդին շահերը… (և այլն):
Գերսամ Ահարոնեան
Պէտք է հոս անմիջապէս աւելցնել, թէ սահմանագծումը յաջորդող քանի մը ամիսներուն իրագործուեցաւ «Ամերիկայի նախագահին իրաւարարութեամբ», եւ 1920 Նոյ. 22-ին հրապարակուեցաւ Ուիլսընեան սահմաններով Հայաստանի քարտէսը: «Ուիլսընեան սահմանները» մեզի կուտային 68,500 քառ. քիլոմեթր հողամաս՝ Վանի, Պիթլիսի, Էրզրումի եւ Տրապիզոնի վիլայէթներէն եւ Տրապիզոն կը դառնար հայկական նաւահանգիստ: Փաստօրէն հայոց ձեռքը գտնուող հողամասին եւ սկզբունքով մեզի պատկանող արեւելահայ հողերուն (Ղարաբաղ, Նախիջեւան, Ախալքալաք եւ այլն) վրայ եթէ աւելցուէր «Ուիլսընեան պարգեւը», մենք կ՛ունենայինք շուրջ 130.000 քառ. քիլոմեթր տարածութեամբ մեծ պետութիւն մը:
Աղուո՜ր խոստում եւ աղուո՜ր հեռանկար: Սակայն երբ նայինք մեր վերը արձանագրած վերջին թուականին, պիտի անդրադառնանք անմիաջպէս թէ մեր ժողովուրդը դէմ-յանդիման կը գտնուէր միրաժի մը, կրկներեւոյթի մը կամ պատրանքի մը: Շա՜տ ուշ էր՝ Սեւրի մեծ պարգեւը իւրացնելու եւ վայելելու համար. աշխարհի այս շրջանը տակնուվրայ եղած էր, եւ միջինարեւելեան իրադրութեան մէջ բախտորոշ յեղաշրջումներ արձանագրուած էին: Եւ դժբախտաբար, պատմական հեգնանքի՜ մը բնոյթը զգեցած էր Սեւրի դաշնագիրը:
Հատուած՛ Գերսամ Ահարոնեանի
«Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» հատորէն
Պէյրութ-1964
Սեւրի Դաշնագիր – 10 Օգոստոս, 1920