Վերջերս դարձեալ թէժացաւ սփիւռքի հայկական դպրոցներու եւ դպրոցականներու հարցը: Հարց մը, երբ ատենը անգամ մը կը վերանորոգուի, կամ դարձեալ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, կը նշանակէ, որ այդ հարցը կարեւոր է եւ պետք չէ մոռացութեան տրուի այնքան ատեն, որ տակաւին իր լուծումը չէ գտած:
Սփիւռքի տարածքին, մարդաշատ հայագաղութներուն մէջ, դպրոցներ բացուեցան հայու ինքնութիւնը պահպանելու համար տարագիր հայոց սերունդներուն, որոնց համար բնօրրան վերադառնալը այլեւս անյոյս էր: Հարիւր տարուան ընթացքին հարիւրաւոր դպրոցներ բացուեցան Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկաներ: Սակայն, ժամանակի ընթացքին անոնցմէ շատեր փակեցին իրենց դռները զանազան պատճառներով՝ երբ աշակերտութիւն չմնաց, կամ այնքան նուազեցաւ, որ դպրոց պահելը, ան ալ ոչ պետական աջակցութեամբ, անհնար դարձաւ:
Թիւերով խօսելով՝ կ՛ըսուի, թէ ցարդ սփիւռքի մէջ փակուած են 235 դպրոցներ, ու կը կարծուի, որ այս թիւը պիտի աճի յաջորդող տարիներուն: Թիւերը նաեւ կ՛ըսեն, որ սփիւռքահայութեան դպրոցական տարիք ունեցողներուն միայն 2.5-3%-ը հայկական դպրոց կը յաճախէ: Անշուշտ, այս ալ իր բացատրութիւնը ունի: Սակայն, որքան ալ համոզիչ թուին տրուած դրդապատճառները, հաստատապէս մեծ տոկոս մը կայ աշակերտութեան, որ հայկական դպրոց երթալու հնարաւորութիւն ունենալով հանդերձ՝ չ երթար. աս ալ իր պատճառները ունի:
Անշուշտ մտահոգիչ երեւոյթ է, սակայն ժամանակի մաշումի հոլովույթին դէմ դնելն ալ «տոնքիշոթութիւն» պիտի ըլլար: Սփիւռքը արդէն կը գոյատեւէ իր չորրորդ եւ հինգերորդ սերունդներով, սերունդէ սերունդ բնօրինակէն անդադար բաներ մը կորսնցնելով, որուն առաջքը առնելը անկարելի է:
Հարիւրաւոր դպրոցներ կը փակուին, կը տխրինք, մէկ-երկու նոր դպրոցի հիմնարկէքը կ՛ըլլայ, կ՛ուրախանանք, որ տակաւին հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող բարերարներ կան: Պատերազմէն մեծապէս տուժած Հալէպը իր հայկական համայնքի անդամներուն զուգահեռ կորսնցուց իր դպրոցականներուն մեծ տոկոսը, ակամայ քանի մը դպրոց միացան եւ մէկ դպրոց կազմեցին: Այդ հարցին մէջ Պէյրութը կանխած էր Հալէպը: Անդին՝ ուրիշ հայկական դպրոցներ Հալէպի մէջ կը շարունակեն գոյատեւել, իրենց դռները բանալով տեղացի, ոչ հայ աշակերտութեան դիմաց, պարզապէս նիւթական եկամուտ մը ապահովելով, փակելուն առաջքը առնելու համար: Թէեւ ցաւալի էր հալէպահայ վարժարանի մը այս տարուան պետական պաքալորիայի քննութեանց յաջողած 26 աշակերտներուն միայն 4-ին կամ 5-ին հայ ըլլալը նկատելը: Այս ալ ուրիշ ցաւ մըն է: Սակայն, միւս կողմէ, հայ դպրոցը ամէն գնով բաց պահելու կամքն ալ գովելի է: Դպրոցը բաց պահելու սիրոյն ի՜նչ զոհողութիւններ կ՛ըլլան, շատեր առանց խորը թափանցելու կը դատապարտեն. անդին դպրոցը փակելու որոշումը, որքան ալ արդարացուցիչ ըլլան պատճառները, դարձեալ քննադատութեան կ՛արժանանայ:
Ինչո՞ւ համար է հայ դպրոցը: Պարզ է պատասխանը՝ հայ լեզուն պահպանելով-պահպանելու հայու ինքնութիւնը: Շատ բարի, պահպանեցինք մէկ սերունդ, երկու, երեք… յետո՞յ… Յետոյ՝ վե՛րջ. պիտի գայ այն օրը, ուր հայերէն խօսող պիտի չմնայ սփիւռքի մէջ, սերունդը պիտի դառնայ «արմատներով հայ» հասարակութիւն մը: Ըսողներ կան, որ «ոգին» է կարեւորը, «եթէ հայու ոգին կրցանք պահպանել, լեզուն այնքան ալ կարեւոր չէ», կ՛ըսեն եւ օրինակներ ալ կը բերեն:
Ըսենք՝ բերին 10, 20, 100 օրինակ, մնացեալ հազարաւորնե՞րը… Մենք մեզ չխաբենք, սփիւռքի մէջ հայը, որքան ալ երկար դիմանայ, վերջիվերջոյ պիտի լուծուի եւ ձուլուի: Միակ փրկութիւնը Հայաստանն է: Այստեղ ինչ ալ պատահի, հայութիւնն ու հայկականութիւնը կ՛ապրին ու կը շարունակեն գոյատեւել:
Ոչ իսկ դոյզն դատապարտում. ընդհակառակը՝ սփիւռքի մէջ յանուն դպրոցի տարուած ճիգը հերոսութիւն է եւ աւելի՛ն: Ներկայացուածը պարզապէս իրականութեան պատկերն է, ոչ գուշակութիւն է, ոչ ալ մարգարէութիւն, այլ առկայ տուեալներով առաջնորդուող իրականութիւն: Այո՛, պահելու է հայ դպրոցը, այնքան ատեն որ կարելի է:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ