Համազգային ցնցիչ ձախորդութիւններուն վաղորդայնին
Տարբեր եւ բնական պայմաններու տակ սովորական նախաձեռնութիւն մը պիտի ըլլար ժամանակ յատկացնել տարեվերջի այս օրերուն՝ յետադարձ ակնարկ մը նետելու, եւ անաչառ ու համարձակ քննութենէ անցընելու համար անցնող տարին, եւ անոր ընթացքին ձեռք բերուած իրագործումները, ինչպէս նաեւ մանաւանդ այդ վերջիններուն զուգահեռ նշելու այն ձախողութիւնները, որոնք պիտի բնականաբար չուզէինք որ կրկնուէին արագօրէն մօտեցող յաջորդ ժամանակաշրջանի ընթացքին:
Այս անգամ սակայն շատ աւելի լուրջ է կացութիւնը: Աշխարհատարած ամբողջ հայութեան գիտակից հատուածը, թէ՛ հայաստանաբնակը, թէ՛ բռնագաղթածը Արցախէն, եւ թէ սփիւռքաբնակը, այս հանգրուանին կը գտնուին ինքնաքննութեան շատ աւելի անյետաձգելի, ծանրակշիռ պարտաւորութեան առջեւ: Արդարեւ, վերջացող փոթորկալից այս տարին եւ յատկապէս անոր աղէտալի վերջին ամիսները արմատներէն ցնցեցին ամբողջ մեր ազգը:
Գիտակից հայուն համար ոչ թէ տարեշրջան մըն է, որ կ’աւարտի այս օրերուն, այլ ամբողջ դարաշրջան մըն է, որ կ աւարտի դառն պայմաններու տակ: Այդ դարաշրջանը սկսաւ Մեծ Եղեռնի վաղորդայնին եւ շարունակուեցաւ ամբողջ մէկ դար: Անոր ընթացքին հայ ազգի բեկորները անցան իրարայաջորդ գոյատեւման պայքարի լրջագոյն հանգրուաններէն: Խորհրդային կարգերու եօթ տասնամեակներուն ընթացքին, բռնի ստեղծուած ներքին խաղաղութեան շնորհիւ, վերածնաւ Հայաստան երկիրը եւ մտաւ քաղաքակիրթ յառաջադէմ երկիրներու շարքին: Այդ եօթանասուն տարիներուն ընթացքին, կոպիտ ռեժիմին դժուար պայմաններուն կողքին, Հայաստանաբնակ մեր ժողովուրդը ստեղծեց ազգային հպարտութեան արժանի ճարտարարուեստ, գիտութիւն, մշակոյթ, եւ այդ բոլոր բնագաւառներուն մէջ՝ համաշխարհային բարձրագոյն մակարդակով մտաւորական մարդոյժ մը, որ հպարտութեան պատճառներ տուաւ աշխարհատարած ամբողջ հայութեան, ներառեալ նոյնիսկ անոնց, որոնք տիրող ռեժիմին դէմ իրենց ունեցած հակակրանքը կը ստորադասէին հայրենիքին այլապէս վայելած աննախադէպ վերելքին: Նոյն այդ օրերուն, այսպէս կոչուած մեր «բռնագրաւուած ներքին հողերուն» նկատմամբ, հայ ժողովուրդին պահանջը եւ ընդվզումը երթալով դարձաւ արդար բողոքի համազգային շարժում մը: Երբ յանկարծ, բոլորովին անկախաբար մեր ունեցած սահմանափակ միջոցներէն, առիթը ստեղծուեցաւ վերջապէս քաղաքականօրէն անկախացնելու Հայաստանը, աշխարհատարած հայութիւնը յուսաց, թէ հասած էր իտէալական պահը աւելի եւս ծաղկեցնելու համար իր հայրենիքը: Իսկապէս ալ, հերոսական Արցախեան շարժումով ստեղծուեցաւ Արցախի անկախ հանրապետութիւնը, մինչ սփիւռքահայութեան ստուար շրջանակները հաւատացին, թէ ի վերջոյ ստեղծուած էր հայութեան իսկական տեւական եւ նոյնիսկ յաւիտենական խարիսխ դառնալիք Մայր Երկիրը:
Մինչ այս բոլորը տեղի կունենային մայր հողին վրայ, ի պատիւ հայ Սփիւռքին, Եղեռնի արհաւիրքէն ծնունդ առած այդ բազմամիլիոն անտէր մնացած հաւաքականութիւնը, չունենալով ապահովութեան որեւէ յենարան, փոխան պարզապէս փոշիանալու եւ լուծուելու աշխարհի օտարացման հսկայ ովկիանոսին մէջ, ընդհակառակը՝ յաջողեցաւ իրագործել անկարելին: Բազմատասնեակ այդ տարիներուն ընթացքին, ստեղծուեցան սփիւռքեան բացառաբար աշխոյժ բազմաթիւ գաղութներ, իրենց եկեղեցական, մշակութային եւ ազգային-կուսակցական պատկառելի կառոյցներով: Աներեւակայելի իսկական հրաշքի համազօր է այս իրադարձութիւնը: Պէտք է նաեւ այստեղ ստորագծել, թէ այդ տասնամեակներուն ընթացքին, Սփիւռքին այդ հրաշալի զարգացման խորքը եւ հոգեկան յենարանը անժխտելիօրէն եղաւ, վերեւը իմ յիշած՝ հայրենիքի լուսաւոր իրականութիւնը եւ անոր ապագային նկատմամբ Սփիւռքի մէջ տիրող խոր վստահութիւնը:
Այսօր սակայն խորապէս ցնցուած է հայ աշխարհը: Վերջին համազգային աղէտալի շրջանը ապրելէ ետք այլեւս ակնյայտ է, որ նախապէս «ազգային վերազարթնում» նկատուած հայութեան վիճակը իր մէջ կը պարունակէր մահացու ըլլալու աստիճան լրջագոյն կառոյցային ճեղքեր ու տկարութիւններ: Ահա իրար գումարուած, աւելի եւս բարդացած այդ հիմնական տկարութիւններուն արդիւնքն է անկասկած, որ վերջին կարճ ժամանակամիջոցին ընթացքին, հայութիւնը հասած է ճզմուած, խեղճացած եւ շշմած՝ այսօրուան իր վիճակին: Արդարեւ, դիմադրութեան անկարող այդ վիճակին մէջ, իր վրայէն կոխելով անցաւ ռազմաքաղաքական անխիղճ գլանը ամբողջ աշխարհին: Այսօրուան ամէնամտահոգիչ եւ վտանգաւոր ազդակը այն է մանաւանդ՝ որ ամբողջ հայութիւնը, բացի շշմած ըլլալէ, այսօր կը գտնուի մանաւանդ շուարած վիճակի մէջ:
Մեր ազգային ընդհանուր պատկերին այսօրուան դիմագիծը կ’ամփոփեմ հետեւեալ ձեւով:
Արցախը անհաւատալիօրէն քանի մը ժամուան ընթացքին դատարկուած է իր հարիւր հազարաւոր բազմադարեան ժողովուրդէն: Հայաստանը ինքնին կը գտնուի անապահով՝ իր սահմաններուն վրայ արիւնարբու կանգնած ոխերիմ թշնամիին թաթին տակ, մինչ բոլորովին անվստահ քայլերով, ան մէկ կողմէ աջ եւ ձախ գոյութէնական անորոշ ջանքեր կը կատարէ, եւ միւս կողմէ անզօր՝ կը դիտէ զինք յուսալքուած ժողովուրդին արտահոսքը: Այս տխուր իրականութեան առջեւ որպէս անզօր դիտող միայն՝ նոյնպէս յուսալքուած կանգնած է բոլորովին անհամադրուած կառոյցով եւ հաւաքապէս անկազմակերպ վիճակի մէջ՝ սփիւռքահայութիւնը:
Այս տժգոյն առարկայական իրականութեան առջեւ՝ բոլորս, սիրելի հայրենակիցներ, ստիպուած ենք ձեռնարկելու նախ եւ առաջ լրջագոյն ինքնաքննութիւն մը: Խորքային, համարձակ եւ անկեղծ մօտեցումով մը պէտք է փնտռենք եւ գտնենք այսօրուան մեր խեղճացած վիճակին տուն տուող գլխաւոր պատճառները: Յետոյ, նոյն անկեղծ եւ մանաւանդ համարձակ մօտեցումով քաջութիւնը պէտք է ունենանք գործադրելու վերակազմակերպման անհրաժեշտ եւ հիմնական այն միջոցառումները, որոնց շնորհիւ է միայն, որ աշխարհատարած հայութիւնը այս հանգրուանին կրնայ որդեգրել տրամաբանական, համոզիչ եւ յոյս ներշնչող այն ճանապարհները, որոնք յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն ընթացքին աշխարհատարած հայութիւնը կրնան անգամ մը եւս առաջնորդել դէպի վերականգնում: Անհրաժեշտ հսկայական այս աշխատանքին ձեռնարկելը եւ մանաւանդ զայն ազգովին առաւելագոյն յաջողութեամբ գլուխ հանելը արտասովոր տիտանային մարտահրաւէր մըն է անկասկած:
Սակայն եթէ ոչ ամբողջովին, գոնէ մեծ չափով պէտք է յաջողինք այս դժուար առաքելութեան մէջ, որպէսզի իսկապէս դուրս գանք այսօրուան ֆիզիքական եւ հոգեբանական ջլատիչ փլատակներուն տակէն:
Այս անգամ, մաղթելի այս նոր վերածնունդը պէտք է անպայման կանգնած ըլլայ գործնական, դիւանագիտական, ռազմավարական եւ տնտեսական տոկուն խարիսխներու վրայ:
Բնականաբար խոշորագոյն հարցը այն է, թէ ինչպէս պէտք է ձեռնարկենք անյետաձգելի այս հաւաքական աշխատանքին:
Որքան իսկապէս տիտանային է այս աշխատանքը, նոյնքան ալ պարզապէս միամտութիւն է եւ կամ ընդհակառակը՝ մտաւորական ամբարտաւանութիւն է յաւակնիլ, թէ մէկ յօդուածի մէջ կարելի է արդէն իսկ պատասխաններ առաջարկել վերեւի լրջագոյն հարցադրումին:
Հետեւաբար այս յօդուածս առաջնորդող առաջին քայլ մը միայն նկատելով, զայն բաց հրաւէր մը կը նկատեմ ուղղուած համայն հայութեան, որպէսզի այս խրթին նիւթին լուծում բերելու ատակ տարբեր բնագաւառներու մէջ գտնուող մեր մտաւորականութիւնը բարոյապէս պարտաւոր ու նաեւ ազատ զգայ պատասխաններ առաջարկելու:
Քաղաքագէտներ, դիւանագէտներ, տնտեսագէտներ, ընկերաբաններ, ռազմագէտներ, զինուորական մասնագէտներ բոլորն ալ պարտին մասնակցիլ համազգային մասնակցութիւն պահանջող այս կենսական աշխատանքին: Բազմազան բնագաւառներու այս թուարկումը ինքնին ցոյց կու տայ, թէ այսպիսի լայն մասշտապով աշխատանք մը պարտի առաջին հերթին՝ որպէս գլխաւոր մասնակից եւ կազմակերպիչ ունենալ նոյնինքը օրուան իշխանութիւնը: Գործնապէս այս վերջինը այս նպատակով պարտի ստեղծել վստահութիւն ներշնչող կազմակերպիչ մարմին մը: Ուրիշ խօսքով՝ հայաստանաբնակ եւ սփիւռքաբնակ տարբեր հոսանքներու մասնակցութեամբ եւ բարձրագոյն մակարդակով պարտի ստեղծել արհեստավարժ Ազգային Ռազմավարութեան գերատեսչութիւն մը կամ նախարարութիւն մը:
Հետեւաբար այս հանգրուանին ստիպողաբար պիտի սպասենք եւ ակնկալենք, որ շուտով ի պատասխան այս մարտահրաւէրին սկսինք լսել արձագանգներ:
Մինչ այդ, սակայն, որպէս միայն սկիզբ այս յօդուածով կատարած մարտահրաւէրիս, նախաձեռնութիւնը պիտի առնեմ շատ լայն գիծերու մէջ միայն, թուարկելու եւ բնութագրելու համար ազգային մեր այսօրուան կառոյցներուն մէջ առկայ այն խորքային տկարութիւններն ու ճեղքերը, որոնք ըստ ինծի գլխաւոր պատճառները հանդիսացան որպէսզի անցեալ շրջանին այսքան տկար դուրս գայ մեր ազգը միջազգային թատերաբեմին վրայ եւ իսկական դիմադրութիւն չկարենայ ցուցաբերել իր դէմ կատարուող ահաւոր սադրանքներուն:
Առաջին եւ մեծագոյն ձախողութիւնը, դիւանագիտական եւ ռազմական ամօթալի անպատրաստութիւնն էր եւ անոր իբրեւ հետեւանք Արցախի կորուստը: Մինչ երեսուն տարիներ առաջ, բազմադարեան պատմական Հայաստանի այդ անբաժանելի մասնիկը վերագտած էր իր անկախութիւնը, այսօր զայն ամբողջովին կորսնցուցած ենք…:
Նոյնքան դատապարտելի, անհաւատալի եւ ամօթալի է այն պարագան, որ այդ կորուստի վաղորդայնին, մինչեւ այսօր, ոչ մէկ նկատելի հայկական լուրջ ծրագիր կը տեսնուի հորիզոնին վրայ, դիւանագիտական կամ այլ կերպերով, հակայարձակման ձեռնարկելու եւ ջանալու վերստին տէր կանգնիլ մարդկային, մշակութային եւ ազգային անհաշուելի այն հարստութեան, որ համարեա քանի մը ժամուան ընթացքին շոգիացաւ եւ այսօր կը գտնուի թշնամիին գիշատիչ ձեռքերուն մէջ:
Արցախի կորուստին պատասխանատու են այնքան այսօրուան իշխանութիւնները, որքան անցնող երեք տասնամեակներու այսպէս կոչուած «նախկինները»: Մեր ազգը խորապէս մտահոգուելու պատճառ ունի մանաւանդ, երբ անոր այսօրուան ղեկավարը այնպիսին է, որ նախ հանգիստ կը յայտարարէ աշխարհին, թէ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», եւ հազիւ ամիսներ ետք, առանց իսկ աչքը թարթելու, կ’ընդունի թէ «Արցախը Ատրպէյճան է եւ վերջ» …
Յաջորդ եւ նոյնքան մեծ աններելի ձախողութիւն պէտք է նկատել այն պարագան, որ խորհրդային կարգերուն ընթացքին, գիտական եւ ռազմական արդիւնաբերութեան՝ ինչպէս նաեւ զինուորական դիմադրականութեան բնագաւառներուն մէջ բացառաբար յառաջադէմ Հայաստանը անկախացումէն երեք տասնամեակներ ետք, եւ պատասխանատուութեամբը իրարայաջորդ բոլոր իշխանութեանց, ինկած է այնքան թոյլ մակարդակի մը, որ նախ կրեց 44-օրեայ պատերազմին ամօթալի պարտութիւնը եւ անկէ քանի մը տարի ետք սրբագրիչ ոչ մէկ միջոցի դիմած ըլլալով, այս անգամ ոչ միայն ամբողջովին կորսնցուց Արցախը, այլ նաեւ կորսնցուց կարեւոր հատուածներ նոյնինքն Հայաստանէն: Այսօր խեղճացած վիճակի մատնուած Հայաստանը, իր ապահովութեան որպէս միակ միջոց անիկա կը ջանայ ապաւինիլ «Խաղաղութեան պայմանագիր» յորջորջած փաստաթուղթի մը վրայ, քաջ գիտնալով, թէ իր ոխերիմ դրացիին համար այդպիսի թուղթի տրցակները ունին միայն զերոյական արժէք: Արդարեւ առերես Հայաստանին հետ բանակցող թշնամին նոյն ժամանակ բազմադարեան Հայաստանը հրապարակաւ եւ անպատիժ կերպով կը բնութագրէ եւ կը կոչէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»…:
Առանց ռազմական հզօր պատրաստութեան՝ միանշանակ անարժէք է որեւէ այդպիսի փաստաթուղթ:
Ազգային մեծ ձախողութեանց յաջորդն է հայ աշխարհի եւ յատկապէս Հայաստանին՝ միջազգային տեղեկատուութեան բնագաւառին մէջ ունեցած անկարող վիճակը: Անցեալ երեսուն տարիներուն ընթացքին ան շարունակաբար անկարող հանդիսացաւ համոզիչ կերպով հանրային կարծիք ստեղծելու իր իրաւունքներուն եւ արդար պահանջներուն նկատմամբ: Աշխարհատարած հայութիւնը եւ յատկապէս Հայաստանը չունին ոչ իսկ մէկ միջազգային մակարդակ եւ տարողութիւն ունեցող լրատուական ցանց: Հայաստանի եւ հայ աշխարհի համատեղ առաջնահերթութեանց շարքին առաջիններէն է այս մեծ պակասը լրացնելու աշխատանքին կարեւորութիւնը: Արդարեւ, անցնող տարիներուն ընթացքին, ողբերգական ֆիզիքական կորուստներու շարքին, հոգեբանական յաւելեալ դառն փորձառութիւն էր մեզի համար, երբ ապատեղեկացուած միջազգային մամուլը, իր երկրին իսկական տէրը եղող արցախահայութիւնը շարունակաբար որակեց «անջատողականներ», որոնք որպէս թէ «խեղճ Ատրպէյճանը» անդամահատող ահաբեկիչներ էին: Միջազգային հայանպաստ մամուլի ստեղծման այս մէկ պարագային մանաւանդ, Սփիւռքը ունի չօգտագործուած մեծ կարելիութիւններ:
Այս ձախողութեանց թուարկումը անշուշտ կարելի է տակաւին շատ երկարել, սակայն որպէս միայն այս առիթով կարեւոր մեծ ձախողութեանց վերջինը՝ պիտի նշեմ նոյն ինքն Սփիւռքին խղճալի հաւաքական անկարողութիւնը, քանի որ հակառակ իր մէջ պարփակած մեծ կարելիութեանց, ան անզօր դիտողի դիրքին մէջ մնաց, մինչ միջազգային կրկէսին մէջ ակնյայտօրէն կը յօշոտուէր իր հայրենիքը: Արդարեւ, ինչպէս յիշեցի, այս յօդուածին սկզբնաւորութեան, թէեւ տարիներու ընթացքին հայ Սփիւռքին մէջ ստեղծուեցան մարդկային, մտաւորական եւ նիւթական հսկայական տարողութեամբ բազմաթիւ գաղութներ եւ կազմակերպութիւններ, միւս կողմէ գործնականին մէջ անոնց հաւաքական կարողութիւնը եւ, հետեւաբար, ազգային ռազմավարական օգտակարութիւնը փաստուեցաւ, որ հազիւ թէ ոչինչէն փոքր ինչ աւելի է: Այս անհաւատալիօրէն խեղճ արդիւնքին պատճառը որպէս հաւաքականութիւն՝ անոր հիմնական անհամադրուած, հետեւաբար՝ անկազմակերպ վիճակն է անկասկած: Որոշ է թէ եկեղեցին, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, արհեստավարժական եւ այլ բազմատասնեակ՝ յաճախ մեծ տարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւններ, ժամանակի ընթացքին աստիճանաբար փոխանակ գործակցաբար զիրար աւելի ուժեղացնելու, ընդհակառակը՝ դարձած են իրարմէ անջատ անհամադրուած միաւորներ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ջանայ ինքզինք արդարացնել իրեն յատուկ գործունէութեամբ՝ առանց նոյնիսկ ջանալու զայն համադրել իր կողքին, նոյնիսկ իր թաղին մէջ գործող միւս կազմակերպութեանց հետ: Այս դրութիւնը պարզապէս վատնում է թէ՛ մարդոյժի եւ թէ՛ նիւթական եւ այլ միջոցներու:
Այս տողերուն հեղինակը ի գին կրկնելու բազմիցս յայտնած իր առաջարկը, անյետաձգելի պահանջ կը նկատէ որ հայրենիքէն իսկ բխող նախաձեռնութեամբ մը եւ սփիւռքեան կարեւորագոյն մասնիկներուն մասնակցութեամբ ստեղծուի տրամաբանական եւ գործադրելի կառոյց մը, որ ստեղծէ համադրուած գործունէութեան մը կարելիութիւնը: Արդարեւ, բոլորովին ինքնախաբէութիւն է տակաւին կրկնել, թէ «Մինչ Ատրպէյճանը հարուստ է իր քարիւղով, Հայաստանը հարուստ է իր Սփիւռքով»… Հոգեբանական տարբեր պատնէշներ պէտք է վար առնուին որպէսզի յաջողի այսպիսի կարեւոր նախաձեռնութիւն մը:
Սակայն կ’արժէ իսկապէս որ կատարուի այս աշխատանքը: Մինչ յաջողութեան պայման է, որ նախաձեռնութիւնը սկսի հայրենի իշխանութիւններէն եւ սակայն նոյնքան կարեւոր է, որ իրենց օրհնութիւնը կամ անխառն գործակցութիւնը բերեն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Հայրապետները, ինչպէս նաեւ բարեգործական, մշակութային, քաղաքական գլխաւոր կազմակերպութեանց ղեկավարները:
Վերջապէս եզրականացնելով եւ վերադառնալով համազգային մարտահրաւէր հանդիսացող այս յօդուածի վերնագրին, որպէսզի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք հայ համազգային հաւաքականութիւնը կարենայ պատուով դուրս գալ իր ներկայ շշմած եւ շուարած վիճակէն, անհրաժեշտ է որ Հայաստանի օրուան իշխանութիւնը, այնտեղ գործող մտաւորական եւ քաղաքական տարբեր հոսանքներու ղեկավարութիւնը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գերագոյն իշխանութիւնները եւ սփիւռքեան կարեւորագոյն կառոյցներու ղեկավարները, բոլորը, կարենան իրենց վարած դիրքերուն համազօր կարողութիւն եւ հասունութիւն ցոյց տալ:
Մեր ազգի ապագան է, որ վերոյիշեալներէն իւրաքանչիւրին պիտի տայ արդար և խստագոյն գնահատականը, ազգային գերկարեւոր այս առաքելութեան՝ անոր բերելիք նպաստին:
Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ