Արաբ-իսրայէլեան պատերազմը կը շարունակուի, ի հեճուկս քանի մը օրերու համաձայնական դադարին, որովհետեւ Իսրայէլը տակաւին իր նպատակին չէ հասած, լրիւ չէ կազմաքանդած Համասը: Իսրայէլի ռազմական բանբերը կ՛ըսէ, թէ այս պատերազմը երկար պիտի տեւէ, ինչպէս որ ռուս-ուքրաինական պատերազմին համար ալ ըսած էին, որ շատ երկար պիտի տեւէ, եւ ահա՛ երկրորդ տարին է, որ դեռ վերջ չունի:
Գիտնականներու եւ ռազմագէտներու կարծիքով նորագոյն պատերազմները երկար չեն կրնար տեւել արդի զէնքերուն շնորհիւ, հարուածները դիպուկ են եւ արագ: Սակայն իրականութիւնը այդպէս ցոյց չի տար՝ մեր դիմաց տեղի ունեցող երկու պատերազմներուն նայելով: Թէ ինչո՞ւ համար երկար կը տեւեն եւ պիտի տեւեն, այդ ալ հետեւողին համար հասկնալի դարձաւ, որ ներկայի պատերազմները աւելի գործարքային հենք ունին, քան զինուորական, կամ քաղաքական՝ «Պիզնէս»: Ներկայի պատերազմներուն մէջ միլիառներ կը թափին, որովհետեւ անոնց հասոյթը շատ աւելին է, քան թափուած գումարները:
Վայրկեան մը մէկ կողմ ձգենք այս պատերազմին պատճառները, վնասներն ու շահերը, եւ մտածենք թէ ինչո՞ւ համար իրարու հանդէպ այսքան ատելութեամբ լեցուած են հրեաներն ու արաբները: Ատելութիւն՝ որուն արմատները կ՛երթան մինչեւ Հին Կտակարանի մէջ նկարագրուած պատմութիւններն ու եղելութիւնները:
Հայր Աբրահամը ամուսնացած էր Սառայի հետ: Սառան չբեր էր (յայտնի չէ Սառա՞ն էր չբերը, թէ՞ Աբրահամը ամուլ էր. պարզ է որ միշտ յանցանքը կնոջ վրայ կը բարդեն), հակառակ որ Աստուած խոստացած էր շատ զաւակներ պարգեւել Աբրահամին: Երբ տասը տարին անզաւակ անցաւ, Եգիպտոսի փարաւոնը իր իշխանուհիներէն Հակար անունով մէկը ղրկեց Հայր Աբրահամին որպէս նուէր, որպէսզի Սառային աղախինը դառնայ:
Հայր Աբրահամ կենակցեցաւ Հակարի հետ, եւ Հակարը ծնունդ տուաւ Իսմայիլին: Իսմայիլը 14 տարեկան էր, երբ Սառան յղիացաւ Աստուծոյ խոստումը կատարելով եւ ծնունդ տուաւ Իսահակին:
Անշուշտ Սառային հաճելի պիտի չըլլար Հակարի եւ Իսմայիլի ներկայութիւնը իրենց կողքին, ուստի պահանջեց Աբրահամէն, որ մայր ու զաւակ աքսորել տայ եւ ղրկէ Եգիպտոս: Աբրահամ համաձայն չէր, բայց տեղի տուաւ:
Եւ այսպէս ծնունդ առաւ Իսմայիլի գերդաստանը՝ արաբները, եւ Իսահակի գերդաստանը՝ հրեաները: Ու այդ օրէն ի վեր այս երկու ցեղերը թշնամութեան մէջ են: Եբրայերէն եւ արաբերէն լեզուներուն ծանօթ ոեւէ մարդ կրնայ նկատել, թէ որքան նոյնանման բառեր ունին երկու լեզուները: «Շալոմ ալեխէմ» «Սալամ ալէյքոմ» եւ նման բազում բառեր: Անջատ լեզուէն ու բառապաշարէն, իրենց կենցաղային նմանութիւններն ու տոհմիկ սովորութիւններն ու նոյնիսկ մշակոյթին մէջ նմանութիւններ շատ կան: Հրեաներն ալ իսլամներուն պէս խոզի միս չեն ուտեր:
Հիմա, երկու խորթ եղբայրներ՝ հրեայ եւ արաբ, անհաշտ կերպով կ՛ապրին, մասնաւորաբար Հրէաստանի՝ Իսրայէլեան պետութեան հիմնադրութենէն՝ 1948-էն ետք, ցայսօր: Արաբները դարերէ ի վեր այդ հողին վրայ են, մինչ հրեաները 2000 տարի ետք վերադարձան եւ Անգլիոյ օգնութեամբ պետութիւն հիմնեցին պաղեստինցիներէն գնելով, երբեմն ալ օրինական տէրերէն խլելով տարածքներ:
Իսրայէլ դարձաւ ԱՄՆ-ի գլխաւոր ոստիկանը Միջին Արեւելքի մէջ: ԱՄՆ ամէն տարի միլիառներ կը թափէ Իսրայէլը զօրաւոր եւ անընկճելի պահելու համար: Դեռ մի քանի օր առաջ էր ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, որ Ամերիկայի զօրակցութիւնը Իսրայէլին՝ քննարկելի չէ: Հակառակ որ Կազայի Իսրայէլի դէմ բացած ճակատամարտը այնքան անմեղ քաղաքացիներ, կիներ ու երեխաներ խլեց, որ քանի անգամ ԱՄՆ զգուշացուց հրեաներուն, որ չափը չանցընեն, խնայեն անզէն քաղաքացիները, սակայն մտիկ ընողը ո՞վ է, Նաթանիահուն պիտի չհանգստանայ մինչեւ արմատախիլ չընէ Համասը: Սակայն Իսրայէլ իր բոլոր կարողութիւններով ցարդ ի վիճակի չեղաւ իսրայէլացի պատանդներուն արգելավայրը կամ արգելավայրերը գտնել, եւ ստիպուած դիմեց գերիներու փոխանակութեան: Նաթանիահու կատղած է, կը յայտարարէ, որ պատերազմը նուազագոյն դեռ երկու ամիս պիտի շարունակուի, եւ դադրելէ ետք ալ Իսրայէլ պիտի հետապնդէ Համասի մարդիկը Քաթարի, Թուրքիոյ եւ այլ վարերու մէջ եւ ոչնչացնէ զանոնք: Օտար դէտեր, նոյնիսկ հրեայ եւ ամերիկացի, կը նախատեսեն որ այս պատերազմէն Իսրայէլ բաւական մեծ վնասով դուրս պիտի գայ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ