Թէ ինչպէս ժամանակը կ՛անցնի ու կը վերածուի անցեալի եւ յիշատակի` չենք կրնար անդրադառնալ, մինչեւ որ յուշող մը հանդէս գայ: Այսպէս, «Պայքար» շաբաթաթերթին մէջ Արթօ Խրիմեանի վերջին գրութիւնը կու գայ յիշելու եւ յիշեցնելու Ռոպէր Հատտէճեանի 97րդ ծննդեան տարեդարձը: Արտակարգ երեւոյթը այն չէ, որ Հատտէճեան արտասովոր կերպով ապրած է 97 տարիներ, այլ այն է, որ ան այդ տարիներուն իւրաքանչիւր օրը լեցուցած է ստեղծագործութեամբ:
Խրիմեանի կարճ յօդուածը, մեկնելով Հատտէճեանէն, սեղմ սիւնակներու մէջ տուած է գրեթէ համապարփակ դիմագիծը պոլսահայ արդի գրականութեան, որ իմ ալ հետաքրքրութեան սահմաններուն մէջ եղած է: Հատտէճեան առանցքային դէմք մը հանդիսացած է այնտեղ ոչ միայն իր իւրայատուկ գրականութեամբ ու լրագրական վաստակով, այլեւ այն մագնիսականութեամբ, որով համախմբած է այլ տաղանդներ իր անձին, ինչպէս նաեւ իր խմբագրած «Մարմարա» օրաթերթին շուրջ, թերթի էջերուն մէջ տեղ տալով ու քաջալերելով, որ այլ գրողներ հիւրընկալուին, քաջալերուին եւ ունենան ստեղծագործական իրենց արտայայտութիւնները:
Պոլսահայ գրականութեան իւրայատկութիւններէն մէկը հանդիսացած է անձնականէն անցումը համամարդկայինին, շրջանցելով ազգայինը, բոլորովին հասկնալի պատճառներով: Այդ զանցումը – արտասովոր ըլլալով հանդերձ – հանդիսացած է ազդակը կարճ ճամբով եւրոպականացնելու պոլսահայ գրականութիւնը, առնչելով զայն ժամանակի մարդկային կեանքի ըմբռումներուն: Հատտէճեան ինքը հանդիսացած է կրողը Պերկսոնեան փիլիսոփայութեան:
Խրիմեանի յիշատակած եռեակը – Հատտէճեան-Խրախունի-Զահրատ – յառաջմղիչ ոյժը հանդիսացած է պոլսահայ գրականութեան. միեւնոյն նպատակին ծառայելով ու սատարելով հանդերձ` իւրաքանչիւրը դրսեւորած է իր ուրոյն հոգեխառնուածքը – գրական սեփական ճաշակն ու սեռը առանց գրեթէ փոխազդեցութեան:
Պոլսահայ գրականութեան մօտենալը ինծի համար ալ հանդիսացած է մարտահրաւէր մը: Եւ այդ մարտահրաւէրին մէջ առիթն ունեցած եմ մօտէն ուսումնասիրելու եւ արտայայտուելու Խրախունիի եւ Զահրատի գրականութեան մասին: Պատճառը որ նուազ գրած եմ Հատտէճեանի մասին, իր գրականութեան ծովածաւալ բնոյթն է- պատմուածք, վէպ, թատրոն, քրոնիկ, գրաքննադատութիւն, մամուլ, եւայլն. իր «Յուշատետրեր»ն ալ կարելի է բնութագրել տարբեր տարազներով, մեկնելով անոնց բովանդակութենէն եւ ստեղծագործական բնոյթէն: Ուրկէ՞ սկսիլ եւ ո՞ւր հասնիլ` համապարփակ պատկեր մը տալու Հատտէճեանի բազմաերես գրականութեան:
Հատտէճեան, ինքն էր- ինչպէս ատենին ըրած էր Արփիարեան- որ գրականութիւնը բերաւ լրագրութեան եւ գրականութիւնը` մամուլին:
Համաշխարհային գրականութեան հետ` նաեւ ան շրջապտոյտը ըրած է հայ գրականութեան, Պարոնեանի «Ծաղիկ» փողոցէն սկսելով մինչեւ հեռաստանները աշխարհի:
Այլ երեւոյթ մը, որուն գրեթէ անդրադարձ չէ կատարուած, Հատտէճեանի խուզարկող եւ անյիշաչար միտքն է: Արդարեւ այն շրջանին, երբ քաղաքական պայմանները թոյլատու չէին մօտենալու քաղաքական յանձնառութիւն ունեցող- կարճ խօսքով` ձախակողմեան- գրողներու զգուշութիւնը խոհեմութիւն կը սեպուէր: Սակայն, երբ թոյլատու դարձան Թուրքիոյ պայմանները Հատտէճեան «գտաւ» այդ գրողները – Պիպեռեան, Գալուստեան, Էօզէր, Գեղամ Սեւան, Վարդերես Գարակէօզեան – եւ վերականգնեց անոնց կերպարն ու վաստակը պոլսահայ գրականութեան մէջ:
Գրականութեան բոլոր ծովերուն մէջ լողացող մտաւորականէ մը հաւասարակշռուած քաղաքական միտք ակնկալելը հազուագիւտ երեւոյթ մը պիտի ըլլար: Սակայն, Հատտէճեանի պարագային վեր առնուելիք յատկանիշներէն մէկն ալ ա՛յդ է:
Պոլսահայ կեանքին մէջ, ուր անձնական փառասիրութիւններն ու խմբակային մրցակցութիւնները քառասմբակ կը վազեն (ականջը խօսի Իքնա Սարըասլանին), միւս կողմէ պոլսահայ համայնքի քաղաքական պայմանաւորուածութիւնները, որոնք կը հակադրուին սփիւռքի քաղաքական այլ հակումներուն` կը պահանջէ խոհեմութիւն, հաւասարակշռութիւն, բոլորը հասկնալու եւ բոլորը համադրելու կարողութիւն: Տարիներու ընթացքին հետեւելով «Մարմարա» օրաթերթի կողմնորոշումներուն` կարելի է այդ բոլորը վերծանել Հատտէճեանի խոհեմ տողերուն ընդմէջէն:
Հատտէճեան գրեթէ ամբողջ դար մը շալկած իր ուսերուն վրայ՝ կը շարունակէ իր ուղին դէպի նոր ու լուսաւոր բարձունքներ:
Հատտէճեանի հարիւրամեակի գագաթնակէտին հասնելու յոյսով, կը մնամ`
ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Տիթրոյթ