Ռ.Ա.Կ.-ի Միասնականութեան
Նախաձեռնող Ղեկավարներու Համախմբում
Որպէս շարունակութիւն անցեալ 19 դեկտեմբեր 2021 թուակիր մեր կատարած Կոչ-ինՙ ուղղուած աշխարհատարած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամակցութեան, գոհունակութեամբ կ ուզենք տեղեկացնել, թէ բացառաբար կառուցողական ոգիով կատարուած Կոչը, կուսակցութեան տարբեր շրջանակներուն ու նաեւ անհատ կուսակցականներու կողմէ դիմաւորուեցաւ մեծագոյն ոգեւորութեամբ եւ խանդավառութեամբ:
Ինչպէս խոստացած էինք կոչին մէջ, այս հաղորդագրութեան մէջ կու գանք ամփոփ կերպով տեղեկացնել, թէ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին շաբաթական հերթական ժողովներով, որոնց վերջինը տեղի ունեցաւ շաբաթ 22 յունուար 2022-ին, Նախաձեռնող համախմբումը բծախնդրութեամբ կը պատասխանէ աշխարհի չորս ծագերէն իրեն ուղղուած զօրակցական արտայայտութեանց, ինչպէս նաեւ, բնականօրէն, իրեն կատարուած հարցադրումներուն:
Լաւատեսութիւն կը ներշնչէ տեսնել, թէ բազմաթիւ շրջանակներ իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն ոյժերը միացնելով օժանդակելու եւ արագացնելու երկար ժամանակէ ի վեր ակնկալուած Ռ.Ա.Կ.-ի միասնականութեան իրագործման անհրաժեշտ այս աշխատանքին:
Անցեալի տխուր դրուագները արծարծող ընկերներուն կրկնակի կերպով կը յիշեցնենք, թէ վերակառուցման այլեւս անկասելի այս աշխատանքին նախապայմանն է կեդրոնանալ միայն ապագայի պահանջներուն վրայ, բացառելով որեւէ ակնարկ անցեալին:
Շուտով, գոհունակութեամբ պիտի հրատարակուին տարբեր շրջանակներէ հասած զօրակցական եւ քաջալերական խանդավառ արտայայտութիւնները:
Աւելի վերջ եւ աստիճանաբար, աշխարհատարած մեր ընկերներուն պիտի տեղեկացնենք ծրագրուող առարկայական նախաձեռնութեանց մասին, որոնք պիտի առաջնորդեն կուսակցութեան ամբողջ կառոյցին օրինականացման վերահաստատումին:
Ռ.Ա.Կ.-ի ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
27 Յունուար 2022