Բնաւ մտածե՞ր էք ակնթարթի մասին, որ աչքի մը թարթելու տեւողութեան չափն է: Մարդ օրը քանի՞ անգամ կը թարթէ իր աչքերը, հաշուա՞ծ էք, Google կ՛ըսէ՝ մէկ րոպէի մէջ 15 անգամ, մէկ օրուան մէջ՝ 21.600 անգամ… Կիները տղամարդոց կրկնապատիկը կը թարթեն իրենց աչքերը: Մարդիկ բնազդօրէն աչքերնին կը թարթեն տեսողութիւնը յստակ պահելու համար, աչքը անդադար արցունքով լուալով: Անշուշտ գիտութեան ասպարէզին մէջ խորամուխ պիտի չըլլամ, սակայն ակնթարթի մը տեւողութիւնը ոչինչ ժամանակ է, երկվայրկեանի մը մէկ հարիւրերորդը (գիտնականները կ՛ըսեն 100-150 միլի-երկվայրկեան, մինչ Հարվըրտ համալսարանի գիտնականները կ՛ըսեն՝ 100-400 միլի-երկվայրկեան):
Ուրեմն այնքան չնչին է, որ գրեթէ նկատի չառնուիր, սակայն երբ կեանքի ընթացքին արկածէ մը փրկուեցար՝ մեքենայի արկածէ մը, կամ ինչ որ նոր կառուցուող շէնքի մը վերէն քարի մը անկումէն, կամ՝ վրիպած փամփուշտ մը գլխուդ քովէն անցաւ ու բնազդօրէն ըսիր, թէ ակնթարթի մը մէջ անդի աշխարհ պիտի երթայիր՝ եթէ յանկարծ չգամուէիր տեղդ, սուրացող մեքենան պիտի սպաններ քեզ, կամ եթէ մէկ քայլ առաջ անցած ըլլայիր խոշոր քար մը պիտի ճզմէր գլուխդ, կամ փամփուշտը՝ եթէ չվրիպէր…:
Եւ այսպէս… մարդ կեանքի ընթացքին քանի՞ անգամ մահէ կամ վտանգէ կը փրկուի: Պատկերացուցէք, մէկ ակնթարթի մէջ կար ու չկար պիտի ըլլար ոեւէ անհատ կեանքէն, մահ… երկվայրկեանի մը մէկ մասնիկին տարբերութեամբ: Դէպքն ու դէպքերը կ՛անցնին ու կը մոռցուին, մարդ երկար չի կրնար այդ մասին խօսիլ, ասոր-անոր պատմել, քանի մը օր ետք, կը մոռցուի, որովհետեւ մարդը փաստօրէն կ՛ապրի. կրնար մեռած ըլլալ, բայց ահա՛ կ՛ապրի:
Ակնթարթի մը կարեւորութեան նկատելի փաստերէն մէկն ալ վազքի մրցումներու ժամանակն է, երբ ակնթարթի մը տարբերութեամբ ոսկէ մետալի յաւակնորդին բաժին կ՛իյնայ արծաթը. մարդը առաջին տեղը գրաւելու փոխարէն երկրորդ կ՛ելլէ, այնքան չնչին տարբերութեամբ, որ նկատի իսկ չառնուիր, մինչեւ որ հասկցուի, թէ երկրորդ տեղը գրաւողը ինչե՜ր կը կորսնցնէ, քանի որ բոլոր շօշափելի եւ բարոյական պարգեւները առաջին ելլողին բաժին կ՛իյնան՝ ոսկի մետալ, լրատուական միջոցներու գլխաւոր հերոս, տարատեսակ պարգեւներ, գովազդային ընկերութիւններու կողմէ գրաւիչ առաջարկներ, որոնց չարժանանար երկրորդը: Պիտի ըսէք՝ ինչ անարդարութիւն… երկվայրկեանի մը մէկ մասնիկի տարբերութեամբ այսքան բան կորսնցնել… Իրաւունք ունիք, բայց այսպէս է դրուածքը, արժանաւորը առաջին ելլողն է:
Ժամանակը զանազան պարագաներու տարբեր չափորոշիչներ ունի, օրինակ՝ մէկ տարուան արժէքը գնահատելու համար, նկատի առէք դասարանը կրկնող աշակերտի պարագան: Կամ մէկ ամսուան արժէքը գնահատելու համար, հարցուցէք կանխածին երեխայի ծնունդ տուող մօր: Մէկ րոպէի արժէքը իմանալու համար, հարցուցէք շոգեկառքի մեկնումէն մէկ րոպէ ուշացած մարդուն:
Սակայն, հակառակ բոլոր այս օրինակներուն, կեանքի վազքին հետ կը վազէ նաեւ մարդը, յաճախ կարեւորութիւն չտալով ժամանակի խստութեան, որուն հետեւանքով դժուարութիւններու մէջ կ՛իյնայ, կը ցաւի, կը վճարէ ուշացումին գինը, ու… օր մը դարձեալ կ՛իյնայ նոյն փոսին մէջ:
Ահա՛ այսպէս՝ մէկ ակնթարթի մէջ ամբողջ տարի մը գլորեցաւ անցեալի արխիւներուն գիրկը եւ իր փոխարէն յայտնուեցաւ նոր տարի մը: 2023-2024 անցումը այնքան հեզասահ եղաւ, որ մարդ չնկատեց, աշխարհի չորսբոլորը հրավառութիւններ տեղի ունեցան, երկինքին վրայ 2024 գրուեցաւ, մարդիկ բաժակներ բարձրացուցին նոր տարուան կենացը, բարի մաղթանքներ ըրին իրարու, հազարումէկ ձեւերով նշուեցաւ նոր տարուան գալուստը, սակայն ոչ ոք նկատեց, թէ ինչպէս փոխուեցաւ տարին: Իրականութեան մէջ բան չփոխուեցաւ, բացի մարդոց կողմէ պատրաստուած տոմարներէն եւ օրացոյցներէն. անոնք յուշեցին, մե՛նք է որ անոնց պարտականութիւն տուինք որ յուշեն եւ յուշեն:
Խելացի է այն մարդը, որ ժամանակին արժէքը գիտէ եւ ըստ այնմ կը շարժի ու կը գործէ:
Դպրոցական աշակերտը իր կարգին, ծնողքը, գործատէրը, պաշտօնեան, խմբագիրը, զինուորը, ոստիկանը. մէկ խօսքով՝ մարդիկը բոլոր իրենց կարգին գիտնալու են ժամանակին արժէքը, թէ չէ ԱՆ կուգայ, կ՛անցնի ու ետեւէն հասնիլ կարելի չէ: Ա՛ն, ամէնազօրը՝ ԺԱՄԱՆԱԿԸ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ