Բազմացեր են դեղատուներէն կաթեցուցիչ գնող երիտասարդները: Հարցուցի, ըսին ոսկերչական գործի մէջ օգտագործելու համար է, ըսիՙ ասոնք բոլորը ոսկերի՞չ են… Յետոյ բացայայտուեցաւ, որ այդ կաթեցուցիչները կը գործածուին որոշ թմրանիւթերու օգտագործման ընթացքին: Դեղատան մէջ աշխատողները կը վաճառեն առանց հարցնելու, թէ ի՞նչ բանի համար կը գնեն, իրենց գործը չէ, արտօնուած է անոնց վաճառքը որպէս կարգ մը դեղամիջոցներու օժանդակող, իսկ գնողն ալ չ՛ըսեր, թէ ինչ բանի համար կը գնէ զանոնք:
Այգիին մէջ յաճախ դէմս կ՛ելլեն 16-17 տարեկան պատանիներ, ուսերնուն դպրոցական պայուսակներ, իսկ ձեռքերնուն ծխախոտ: Կը ծխեն ու կը թքնեն ուր պատահի, ապա սիկարէթը կը մարեն ուր պատահիՙ ոտքի տակ, ծառի մը փչակին մէջ, կամ դեռ չմարածՙ աղբամանի յատակը:
Ժողովուրդ, կը հասկնա՞ք թէ ինչի մասին կը խօսիմ. Մեր պատանիներո՛ւն ու երիտասարդութեա՛ն, մեր մօտիկ ապագայի զինուորներուն, աւելի հեռաւոր ապագայի մեր երկիրը պահելու կոչուածներունՙ ապագայի պետական մարդոց, քաղաքագէտներուն, գիտնականներուն, արուեստագէտներուն, գրողներուն, եկեղեցականներուն, մարզիկներուն, տնտեսագէտներուն, առեւտրականներուն… այս պատանիներէ՞ն պիտի դուրս գան յիշածներս: Թմրամոլը բանակին մէջ ալ պիտի փնտռէ թմրանիւթ, սահմանին վրայ ալ: Անդաստիարակ, կենցաղագիտութենէ զուրկ այս պատանիներէ՞ն դուրս պիտի գան ապագայի մեր երկիրը պահողները:
Սիրելի ծնողներ, ձեր վիզին պարտքն է ձեր զաւակներուն դաստիարակութիւնը, զանոնք ճիշդ ճամբայ ուղղորդելը: Անտարբեր, անհոգ մի՛ մնաք, մի՛ ձգէք որ անոնք փողոցէն սորվին ամէն ինչ: Մի՛ ըսէք ժամանակ չունինք, մի ըսէք մեզ լսող չկայ:
Հազարաւոր երիտասարդներ կորսնցուցինք պատերազմին ու դեռ կը շարունակենք կորսնցնել. ո՞վ գիտէ անոնցմէ քանիները պիտի փայլէին իրենց ընտրած մասնագիտութեանց մէջ, ո՞վ գիտէՙ ապագայ քանի՞ գիտնական ու արուեստագէտ, քանի՞ գրող ու տնտեսագէտ, քանի՞ բժիշկ ու ճարտարապետ, գործարար ու ճարտարագէտ թաղուեցան Եռաբլուրի մէչ… Զանոնք փոխարինողները ձեր զաւակները պիտի ըլլան: Այսքան երիտասրդութիւն կորսնցնող ազգը իր իւրաքանչիւր երիտասարդին վրայ պիտի դողայ, պիտի պահպանէ աչքի լոյսի պէս ու դաստիարակէ, առողջ սերունդ մը պիտի արարէ, որպէսզի շնչահեղձ եղած երկիրը դարձեալ ազատ շնչէ:
Մեր ծնողները Եղեռնէն մազապուրծ, հրաշքով փրկուած, գրեթէ անգրագէտ էին, դպրոցի երես տեսած չէին, սակայն իրենց անգրագիտութիւնը արգելք չեղաւ որ դաստիարակուած սերունդ մը պատրաստեն: Այնպէս աչալրջութեամբ կը հետեւէին իրենց զաւակներուն նիստուկացին, անոնց քաղաքավարութեան, կը սորվեցնէին, կ՛ուղղէինՙ մեծերուն հետ ինչպիսի յարգանքով պէտք է վարուիլ, կարկտնուած հագուստ-կապուստ միշտ լուացուած ու արդուկուած, հայհոյանք, աղտոտ խօսքեր չգործածել…դասեր կու տային, ու այդ սերունդէն այնպիսի մարդիկ դուրս եկան, որոնք փայլեցան իրենց պաշտօններուն մէջ, սիրուեցան իրենց մարդկային յատկութեանց համար: Անոնք սանտալով դպրոց ուղարկող իրենց զաւակներուն լաթէ պայսակներուն մէջ խնամքով գիրք ու տետրակ, մատիտ ու սրբիչ տետղաւորեցին ու թելադրեցին, որ մատիտը հաճոյքի համար անդադար չտաշեն, որպէսզի շուտ չհալի, տետրակներն ու գիրքերը կողքուած ըլլան, որ մաքուր մնան, դպրոցական գոգնոցի գրպաններուն մէջ անպայման ափ մը չամիչ, երբեմն ալ ընկոյզ, առանց մոռնալու ճերմակ, մաքուր թաշկինակը: Իսկ այսօ՞ր, հարկ կա՞յ թուելու պատանիներու եւ պարմանիներու վայելած բարիքները, հագուստ-կապուստէն մինչեւ ճաշատեսակներ, համակարգիչներ ու գրպանի հեռախօսներ, Խաղերու ու խաղալիքներու բազմազան աշխարհ… Եւ այս բոլորին կողքինՙ ծնողքէ գաղտնի աշխարհ մը, արգիլուած վիտիօ ֆիլմերու, խմիչքի ու ծխելիքի, սիրային ու սեռական սանձարձակութիւն: Յո՞ երթաս, հայրենի երիտասարդ:
Եթէ այսօր մանուկն ու պատանին չդաստիարակէք, վաղը անհնարին է որ խօսք լսեն, ու ծունկ պիտի ծեծէք. Ծուռ աճած ծառը մատղաշ տարիքին կ՛ուղղեն, մեծնալէն ու ամրանալէն ետք չ՛ուղղուիր, շատ ճնշէքՙ կը կոտրի: Անհոգութիւնն ու անտարբերութիւնը մէկ կողմ նետեցէք ու լծուեցէք երախաներու դաստիարակութեան: