Աշխարհացրիւ հայութիւնը ո՛ր երկրին մէջ որ կայք հաստատեց, այդ երկրին քաղաքացին դարձաւ եւ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ, որպէսզի ըլլայ հնազանդ, օրինապահ, աշխատասէր, պարտաճանաչ, քաղաքավար, մէկ խօսքովՙ հաւատարիմ, իտէալակա՛ն քաղաքացի: Եւ իր այս վարմունքով շահեցաւ շրջապատին, ինչու չէ նաեւ պետութեան համակրանքը:
Բացառութիւնները զանց ընելով կարելի է ուղղակի հպարտանալ սփիւռքահայութեան այս վերաբերմունքին եւ անոր պաշտօնական եւ ընկերային դրական անդրադարձին համար: Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա, Ամերիկա եւ այլուր, հայկական գաղութներուն բարւոք վիճակը, իրենց շնորհուած եկեղեցական, կրթական, մշակութային ազատութիւնները իրենց օրինակելի քաղաքացի ըլլալուն պարգեւներն են պետութիւններու կողմէ:
Օտար պետութիւններուն սիրայօժար ենթարկուիլը, առանց լուրջ զանցառութիւններու, անօրինութեանց, յանցագործութեանց կամ ընդդիմադրութեանց խառնուիլը, զիրենք դարձուց յաջողակ, ստեղծագործ, բարգաւաճող համայնքներ, որուն շնորհիւ շահեցաւ թէ՛ անձը եւ թէ՛ տուեալ երկիրը:
Ուրեմն հայը պատրաստ է օտարին հնազանդելու, իր լաւագոյնը տալու եւ ընկալելու, սակայն իր սեփական հայրենիքին մէջ նոյնը չընելու: Ինչո՞ւ սիրով կը ծառայենք օտարին, սակայն մեր հայրենիքին մէջ կը զլանանք այդօրինակ կեանք վարել: Ինչպէ՞ս բացատրել այս երեւոյթը:
«Մե՛րն է եւ մեր ուզածին պէս կը վարուինք անոր հետ…»: Ա՞յս է ընդհանրացած տրամաբանութիւնը… Քանի որ մերն է, չի նշանակեր որ կրնանք այնքան մը ծայրայեղ ըլլալ մեր ընդդիմութեանց եւ օրինազանցութեանց մէջ, որ երկիրը վնասուի:
Յատուկ իշխանութեան մը մասին չեմ խօսիր, այլՙ ընդհանուր: Ուրիշ երկիրներու մէջ, ինչ իշխանափոխութիւններ ալ ըլլան, ո՛ր կուսակցութիւնն ալ գայ իշխանութեան գլուխ, նոյնիսկ եթէ համակրանք չունինք անոր հանդէպ, դժգոհութիւն չենք ցուցաբերեր, ոչ ալ պետութեան դէմ կը գործենք, կը համակերպինք եւ վե՛րջ:
Իսկ Հայաստանի մէջ այդպէս չէ եղած պատկերը: Չեմ ուզեր մեր պատմութեան խորքերը թափանցել, խօսինք նորագոյն պատմութեան մասին, սկսեալ Առաջին հանրապետութենէն, ապաՙ Խորհրդային շրջանէն, մինչեւ վերանկախացումը եւ իրերայաջորդ կառավարութիւնները: Ո՛չ Լ. Տէր-Պետրոսեանի օրով, ո՛չ Քոչարեանի օրով, ո՛չ Սարգսեանի օրով, ոչ ալ այս օրերուն տեղացի հայութիւնը չյաջողեցաւ իտէալական քաղաքացի ըլլալՙ օրինապահ, քաղաքակիրթ, ազնիւ, յարգալից, իր քննադատութեան մէջՙ կառուցողական, օժանդակող… Չյաջողեցաւ համընդհանուր ենթակայութիւն ցուցաբերել, ընդհակառակնՙ միշտ ալ խառնողներ եղան, իշխանութիւնը չհաւնողներ եղան: Անշուշտ, ընդունուած է ըսել, որ ընդդիմութիւնը ժողովրդավարութեան գրաւականն է, սակայն այդ չի նշանակեր, որ այնքան մը քննադատենք եւ օրինազանցութիւններ գործենք, որ երկիրը վնասուի, ոչ թէ իշխանութիւնը:
Դարձեալ կը շեշտեմՙ յատուկ իշխանակարգ մը լուսարձակի տակ չեմ առներ, կը խօսիմ ընդհանուր երեւոյթի մը մասին: Երբ ժողովուրդը ամբողջութեամբ պետութեան կողքին չի կենար, նոյնիսկ տարակարծութեանց պարագային, այդ երկիրը դատապարտուած է անկումի:
Մի ըսէք որ խորհրդային շրջանին վիճակը տարբեր էր: Երեւութապէսՙ գուցէ, սակայն իրականութիւնը իմ մատնանշածէս տարբեր չէ եղած: Վախ ու սարսափ կար, բանտ ու Սիպերիայի ուրուականը կար: Անպայման վախո՞վ ենթարկուելու ենք, թէ՞ գիտակից վերաբերմունքով:
Երկրի մը ներքին ամրութիւնը, ժողովրդային սատարը պետութեան եւ բանակին, յատկապէս երբ երկիրը վտանգի մէջ է, զայն կրնան անառիկ դարձնել: Իսկ երբ իրարամերժ ուժերը կը զբաղին զիրար քարկոծելով, այդ քարերը թշնամիին գլխուն թափուելու փոխարէն իրե՛նց գլխուն կ՛իյնան: Ինչո՞ւ կամայ, թէ ակամայ ենթարկուիլ ու ծառայել օտարին, եւ այդ մէկը զլանալ սեփական հայրենիքին:
Աւարտելու վրայ եմ Ստեփան Ալաճաճեանի եռահատոր կոթողային գիրքըՙ «Չսպիացած Վէրք»ը: Երանի կու տամ մեր նախահայրերուն, որոնք իրենց ղեկավարներուն շուքին տակ, ամենաօրհասական օրերուն, իրենց գիւղերուն ու աւաններուն մէջ, օսմանեան բանակներուն դէմ, մէկ մարդու պէս այնպիսի ազատագրական պայքար մղեցին, յանուն իրենց հողերուն, իրենց ընտանիքներուն, որ զարմանքը շարժեց օտարներուն: Ապրողը ապրեցաւ, մեռնողն ալ մարտիրոսացաւ ու յաւերժացաւ: Երանի դաս առնենք մեր անցեալէն: