Սկիզբը` նախորդ համարում եւ վերջ
– Շարունակելով հիշածդ ցեղասպանութեան թեմանՙ երկու տարի առաջ քո մի յօդուածում հռետորական հարց էիր տուել. «Մենքՙ հայերս, պատրա՞ստ ենք դուրս գալու ցեղասպանական անվերջանալի ճանաչումներու սովորութապաշտութենէն եւ անցնելու նոր փուլի»: Կեանքը ցոյց տուեց, որ այդ անվերջանալի ճանաչումները ոչ մի տեղ չեն հանգեցնում, սակայն ոմանց կարծիքովՙ այս տարի ԱՄՆ-ի կողմից Ցեղասպանութեան ճանաչումը թերեւս նոր փուլ էր ենթադրում…
– Հարցի մասին կարելի է երկար խօսիլ, սկսելով «ճանաչում» բառէն: Այս տարուան Պայտընի յայտարարութիւնը ճանաչում համարեցինք: 2019-ին ԱՄՆ-ի երկու պալատները առանձին ճանչցան Ցեղասպանութիւնը, մինչ Արա Մանուկեան կը փաստէր, որ Ներկայացուցիչներու պալատի 2017 Մարտ 22 թուակիր Բանաձեւ 220-ըՙ հիմնուելով հին յայտարութիւններու վրայ, արդէն ճանչցած էր Ցեղասպանութիւնը: Բոլոր պարագաներուն, այս ճանաչումները, համաձայն ԱՄՆ օրէնսդրութեան, չեն կրնար օրէնքի վերածուիլ: Երկու պալատները պէտք է միաժամանակ ընդունին միեւնոյն բնագիրըՙ օրէնք դարձնելու համար: Ասիկաՙ մէկ կողմ: Կան քանի մը կարեւոր կէտեր.
Ա. Քաղած պարբերութեանդ մէջ գործածեր եմ «սովորութապաշտութիւն» բառը, այսինքնՙ խնդիրը ոչ միայն ճանաչումի ընթացքին մասին է, այլ այդ ճանաչումը քաղաքական եւ մշակութային ազդակ դարձնելու բացակայութեան: Առանց ազդակ դառնալու, ճանաչումը, ան ալ օրէնքի չվերածուող ճանաչումը, կը մնայ ինքն իր մէջ:
Բ. Ճանաչումը հիմնուած է ՄԱԿ-ի հինգ կէտերէ բաղկացած պայմանադրութեան վրայ: Ցեղասպանութիւնՙ հինգ կէտերով: Ճանաչումը կը հաստատէ այդ հինգ կէտերը: Ինչպէ՞ս կարելի է ամբողջ ժողովուրդի մը փորձառութիւնը եւ մինչեւ հիմա կենդանի մնացած յիշողութիւնը չափագրել հինգ կէտերով: Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ 5, 6 կամ 20 կէտերէ կը բաղկանայ, այլ ինքնին կը ներկայացնէ մեկնաբանութիւններու եւ փորձառութիւններու անսահմանելի բաց շարունակութիւն մը, զոր կարելի չէ փակել ու վերջնագծել հինգ կէտերու մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է աղիտային անսահմանելի իրադարձութիւնը վերածել սահմանելի դէպքի, մասամբ օգտագործած ըլլալու համար Մարք Նշանեանի բառերն ու միտքերը:
Գ. Սիրող մըն եմ Հրանդ Տինքին (բայց ո՛չ երբեք իր յաջորդներուն), որուն միտքերուն յատկացուցած եմ «Ջահակիր»-ի առաջին Յաւելուածը (2016): Մտաւորական մըն էր, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի առումով աշխատած էր շարժել թրքական հասարակութիւնը ներսէն, յատկապէս կապեր հաստատելով թուրք մտաւորականութեան այն դասին հետ, որ ազատամիտ է, ընդունած է Ցեղասպանութիւնը, կամ ընդունակ է ընդունելու զայն: Տինք կ”ուզէր ո՛չ թէ ճանաչումը պարտադրել արտաքին օրէնքներով, այլ կազմել ներքին համոզում եւ աստիճանաբար ընդարձակել այդ համոզումներու շրջանակը: Ցեղասպանութեան ճանաչումՙ ներսէն եւ վարէն: Բայց ճանաչումՙ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումին համատեղ, այլեւ ժողովրդավարացումին ընդմէջէն: (Պիտի կրնա՞ր ժողովրդավար Թուրքիա մը մասնակցիլ 44-օրեային. պարզ հարցում մը): Եւ կրցած էր ձեռք բերել նշանակալի յաջողութիւններ:
– Մի հատուած էլ մէջբերեմ քո մէկ այլ յօդուածից. «Մշակութային յեղափոխութիւնը բարդ գործընթացք մըն է: Մարդը պիտի փոխուի ներսէն, գիտելիքը պիտի վերաշարադրուի համաձայն նոր ու կենդանի փորձառութեան, գաղափարական ազատագրութիւնը պիտի դառնայ ներքնականացուած համոզուածութիւն, մշակութային կարծրատիպերէն ձերբազատումը պիտի հիմք հանդիսանայ մտաւոր նորացումի: Քաղաքականութիւնը եղած է մարդու համարՙ քաղաքական յեղափոխութիւնը աւելի դիւրին է: Մշակոյթը կը ներկայացնէ նոյն ինքը մարդըՙ մարդուն յեղափոխականացումը բաւական դժուար է»: Իսկապէս դժուար է, իսկ մեր պահպանողական հայրենակիցների համարՙ գրեթէ անհնարին, քանի որ անցած երեսունից աւելի տարիների ընթացքում, թէեւ սոցիալ-քաղաքական ցնցումներին, հայաստանեան հանրութիւնն ի վերջոյ, իմ համոզմամբ, մեծ հաշուով յեղափոխականացում չապրեց…
– Այո, մշակութային յեղափոխութիւնը, ի տարբերութիւն քաղաքականին, բարդ գործընթացք մըն է: Այս պարագային, առարկան չէ որ պիտի փոխուի, այլ ենթական: Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է փոխել մարդկային ենթակայականութիւնը: Եղած են մշակութային յեղափոխութիւններ: Մաօ Ծէ-Տունի չինական օրինակը դրականօրէն բացայայտ է: Բայց անիկա վերէն թելադրուած ու պարտադրուած օրինակ մըն էրՙ հասարակութեան զինուորագրութեան ընդմէջէն: Մշակութային յեղափոխութեան տանող ենթակայական գործօնի վերաճին համար էական դեր կրնայ խաղալ կրթութիւնը: Բենիամին Թաշեանի մահուան 50-ամեակին նուիրուած «Ջահակիր»-ի վերջին գիրքը (Յաւելուած ԽԸ., 2021), որ կը փորձէ ընթերցել անտեղիօրէն անտեսուած մտաւորականին մանկավարժական միտքերը, հիմնականապէս կ”արծարծէ ենթակայական կրթութեան կարեւորութեան հարցը, փոխանակ արդի զանգուածային առարկայական կրթութեան, ուր արտաքին գրգիռը կը հանդիսանայ դաստիարակութեան հիմքը: Մարդկային ենթակայականութեան վերադարձը, մարդու վերադարձը դէպի ինքն իրենՙ հասարակական իմաստով, այլ ոչ եսակեդրոնականութեան, կրնայ յանգեցնել մշակութային յեղաշրջութեան:
Արդարեւ, Հայաստանի հասարակութեան ներքին շերտերուն մէջ եղած են մշակութային յեղափոխութիւններ: Անկախութեան տարիներու շեմին յայտնուած «3-րդ յարկ»-ը այդպիսին էր: Մինչեւ այսօր կան այլընտրանքային կարեւոր հիմնարկներ, որոնք մշակութապէս ինքնայեղափոխականացուած են: Ուրիշ հարց է այլընտրանքէն անցումը հիմնահոսանքի:
– Իսկ Սփի՞ւռքը:
– Եթէ Հայաստանի մէջ այլընտրանքը կը մնայ հայկական տարածութեան վրայՙ իբրեւ հայկական մշակոյթի մասնիկ, Սփիւռքի մէջ այլընտրանքը, քիչ բացառութեամբ, կը գործէ հայկական սահմաններէ դուրսՙ մերուելով տեղական մշակոյթներուն հետ, հետեւաբար դադրելով հայկական մշակոյթ կոչուելու կարելիութենէն:
– Քո կարծիքովՙ այսօր ամենից շատ ինչի՞ կարիք ունի հայութիւնըՙ Սփիւռքում եւ Հայաստանում:
– Հարցումը ընդհանրական է եւ պիտի խուսափիմ Սփիւռքն ու Հայաստանը դիտելու ամբողջականութեան ոլորտին մէջ: Բայց փորձեմ հակիրճ մասնատումներ կատարել:
Հարցումիդ մէջ կը միատեղես Հայաստանն ու Սփիւռքը, հետեւաբարՙ հարցումդ կ”ենթադրէ նաեւ երկուքին յարաբերութիւնը: Սփիւռքի հիմնահոսանքը հետաքրքրուած է Հայաստանի իշխանական խմորումներովՙ ըստ խմբական շահերու, բայց հասարակութեան ներքին շերտերն ու մտորումները, մշակութային ներքին ուղղութիւնները ձգած է անարձագանգ: Միւս կողմէ, Հայաստանը, բացի անհատներէ, հետաքրքրուած չէ Սփիւռքով: Սփիւռքը գրեթէ չկայ Հայաստանի մէջՙ հետեւողականութեան եւ մանաւանդ ներգրաւուածութեան առումներով: Կան անհատներ, որոնք հետաքրքրուած են Սփիւռքով եւ անոր ներքին ծալքերով, որոնցմէ մէկը դուն ես: Կան Սփիւռքի եւ Հայաստանի քաղաքական ու մտաւորական վերնախաւային յարաբերութիւններՙ անհատական հիմքի վրայ, անհատական, որ երբեմն կը ներկայացուի հիմնարկներու անուններով: Պաշտօնական փոխներգրաւուածութեան պակասը, արդարեւ, առիթ տուած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներքին շերտերը գտնուող անհատներու եւ խմբաւորումներու իրական յարաբերութիւններու ինքնակայացումին, որ շատ աւելի տարածուն ու բաց է, քան հաշուարկուած վերնախաւային յարաբերութիւնները: Եւ ասիկա հարցին ամենագրաւիչ կողմն է, թէեւ մեծապէս անտեսանելի:
Սփիւռքի խնդիրնե՞րը: Անոնց մասին արմատական մօտեցումներով կ”արտայայտուի «Ջահակիր»-ը: Ո՞ր մէկը կարելի է ընտրել այստեղ:
Օրինակ, աւանդութեան պահպանումի անունին տակ արդիականութեան վանումը: Հարցում. արդեօ՞ք Տիգրան Մանսուրեանի կամ Արթուր Աւանեսովի նման տաղանդներու արդիական երաժշտութիւնները ջնջեցին կամ տկարացուցին հայկականութիւնը Հայաստանի մէջ: Չէ՞ որ անոնք (եւ իրենց նմանները ուրիշ բնագաւառներու մէջ) աւելի ամրացուցին հայկական մշակոյթը: Ինչո՞ւ սփիւռքահայ Ալիսիա Թերզեանի նման արդիական երաժշտահանուհիի մը գործերը մուտք չեն գործեր Սփիւռքի հիմնահոսանքէն ներս, թէեւ իր անձը կը ներկայացուի իբրեւ հպարտանքի առարկայ (զերծ ենթակայական փորձառութենէ) օտար շրջանակի մէջ յաջողութեան հասած հայու:
Վերջապէս, կայ հայապահպանումի յաւերժական պատումը: Հայապահպանո՞ւմ թէ հայազարգացում: Պահպանելով ոչինչ կը պահպանուի:
Մշակութապէս Սփիւռքը շատ քիչ բան գիտէ ինքն իր մասին: Հսկայական արտադրութիւններ կը մնան անյայտ, կամ առաւելագոյնը կը վերածուին հանրագիտարանային բառայօդուածի: Երուանդ Օտեանի ծննդեան 150-ամեակը չնշուեցաւ երկու տարի առաջ: Վահան Թէքէեանը շրջանակուած մնացած է քանի մը «հնազանդ» բանաստեղծութիւններու շուրջ, մինչդեռ իր յօդուածներն ու հրապարակագրութիւնները կը բացայայտեն մինչեւ վերջ ըմբոստ ու մտաւորապէս պայքարող անհատականութիւն մը («Ջահակիր», Յաւելուած ԻԲ., 2019): Բենիամին Թաշեանի մեծաքանակ վիպային հրաշալի թարգմանութիւնները ցրուած ու անծանօթ կը մնան մամուլի էջերուն մէջ, եւ կը կասկածիմ, որ Սփիւռքը մտածէ նշել իր մահուան 50-ամեակը այս տարուան Նոյեմբերին (երանի սխալած ըլլամ): Շահան Պէրպէրեանի գեղագիտական միտքերը հազուադէպ անցած են գիտական ամփոփումներէ անդին: Երաժշտութեան մէջ գործնական-կատարողական հողի վրայ կը բացակային Յարութիւն Սինանեան, Էտկար Մանաս, Վաղարշակ Սրուանձտեանց, Օննիկ Պէրպէրեան, Աշոտ Պատմագրեան եւ շատ ու շատ ուրիշներ, որոնք ստեղծագործած են Սփիւռքի մէջ, Սփիւռքի համար: Վահէ Օշականի նման տաղանդի մը արձակ ու չափածոյ գրականութիւնը կը քննադատուի, եթէ երբեւէ մէկը որոշէ յիշել զինք:
Սփիւռքի մէկ, բայց ազդեցիկ մաս մը հրապուրուած է «օտար»-ի գաղափարով: Իր գործունէութեան եւ ֆինանսաւորումին գլխաւոր մասը կը յատկացնէ «հայութիւնը օտարներուն ներկայացնելու» նշանաբանին: Մինչեւ այստեղՙ խնդիր չկայ, ըսենք: Բայց երբ օտարին ներկայացնելու պատումը, որմէՙ ներկայացնողին ստանալիք հայրենասիրութեան բարենիշը կը դառնայ աւելի կարեւոր ու վճռական, քան այդ օտարին ներկայացուող բուն մշակոյթին արտադրութիւնը, այստեղ կը ծագի լուրջ խնդիր: Հանդիպած եմ այս ազդեցութեան տակ ապրող հայեր, որոնք գիտեն կարդալ հայերէն, բայց, օրինակ, առանց բառ մը կարդացած ըլլալու Աւետիք Իսահակեանի գրականութենէն, անոր մասին տեղեկութիւն կը կազմեն օտար լեզուով գրուած յօդուածէ: Երբ այս երեւոյթը կը դառնայ օրինաչափութիւն եւ օտարին ներկայացնողը աւելի կը գնահատուի ու կը վարձատրուի, քան բուն արտադրողը, սփիւռքեան մշակոյթը կը յայտնուի վտանգի առջեւ: Աթոմ Եղոյեանի «Արարատ»-ը, օրինակ, հայութիւնը օտարներուն ներկայացնելու ոչ մէկ նպատակ դրած էր, բայց իր մշակութային-գեղարուեստական հրաշալի ու բացառիկ բովանդակութեան եւ մակարդակին, ինչպէս նաեւ արծարծած գաղափարներուն համամարդկային նշանակութիւններուն շնորհիւ, այդ պատգամը կատարեց աւելի ընդարձակ, խոր ու մնայուն կերպով, քան օտարներուն ներկայացնելու պարտադիր գաղափարախօսութիւնը որդեգրած բազմաթիւ անորակ վաւերագրական ֆիլմեր: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ Անրի Վերնէօյի «Մայրիկ»-ին:
Այսօր Սփիւռքը տարուած է մեծ պատումներովՙ մոռնալով ինքն իրեն: Մեծ պատումները կարեւոր են: Անոնք կը միաւորեն: Պէտք չէ շփոթել մեծ պատումը վերադիր գաղափարախօսութեան եւ զինուորագրութեան հետ, այլ կարեւոր է զայն ընդունիլ, ինչպէս որ կայ: Յետարդիականութեան (postmodernism) սկիզբը, երբ կը հերքուէր մեծ պատումը ի նպաստ փոքր խօսոյթներու, կ”անտեսուէր մեծ պատումի իրականութիւնըՙ գաղափարախօսային տիրակալութենէն անդին, երկուքը գրեթէ նոյնացնելով իրարու: Մեծ պատումը համասփիւռքի համար կարեւոր ըլլալով հանդերձ, կեդրոնացումը միայն անոր վրայ, կը վնասէ իրացնելու սփիւռքներու մասնայատկութիւնը: Իւրաքանչիւր Սփիւռք մոռնալով իր սեփական առանձնայատկութիւնը, հետաքրքրուած չըլլալով իր գաղափարական ներքին արտադրութիւններով, իր գրականութեամբ եւ մշակոյթովՙ իբրեւ ապրելու կենսանիւթ, այլ ո՛չ դասագրքային փոխանցումի առարկայ, կը դադրի սփիւռքեան միաւոր ըլլալէ: Հայաստանն ալ չ”օգներ բացայայտելու այս առանձնայատկութիւնները: Երբ Հայաստանէն կու գան դիւանային նիւթեր վերցնելու, կը վերցնեն միայն այն, որ կը յարմարի մեծ պատումներուն: Լաւ էՙ խնդիր չկայ:
Խնդիրըՙ երբ տեղականը գոյութիւն չ”ունենար ընկալողի ըմռնողութեան մէջ, երբ սփիւռքներէն իւրաքանչիւրը չի դիտուիր իբրեւ ինքնուրոյն միաւորՙ ինքն իր համար գոյատեւելու իրաւունքով: Մեծ պատումն ու մասնայատկութիւնը զիրար լրացնող երկու գործօններ են:
Սփիւռքը բռնելով ինքնօտարացումի ճամբան, զարմանալի չեմ գտներ արեւմտահայերէն լեզուի վտանգի պաշտօնականացումը միջազգային հիմնարկին կողմէ: Զարմանալի չեմ գտներ, երբ մեծ պատումը գովերգող, եւ մանաւանդ զայն գաղափարախօսութիւն դարձնող, սփիւռքահայ վերնախաւ ներկայացուցիչներուն մէկ ազդեցիկ մասը հայերէն չի խօսիր: Մեծ հայկականութիւնՙ առանց հայերէնի:
– Եւ վերջումՙ ի՞նչ նորութիւններով է մեզ ուրախացնելու Հայկ Աւագեանը մեր այս անուրախ ժամանակներում:
– Պատասխանը պիտի ըլլայ զուտ անհատական մակարդակովՙ ինքնածանուցողական հարթակի վրայ:
«Ջահակիր»-ի Յաւելուածները պիտի շարունակուին: Անսպառ նիւթ ու միտք կայ կուտակուած: Պիտի շարունակուին յօդուածներն ու յօդուածաշարերը:
Քովս կը գտնուին եգիպտահայ նախկին առաջնորդ Մամբրէ Սրբազանի օրագրութիւններուն 15 տետրակները (բնագիր եւ պատճէն), որոնք կ”ընդգրկեն եգիպտահայ պատմութեան 1952-1966 ժամանակաշրջանը: Առաջին երկուքը արդէն համակարգիչով մուտքագրած եւ խմբագրած եմ, կը մնայ 13 հատոր: Աշխատանքի աւարտէն ետք բնագիրները պիտի ղրկեմ Երեւանի դիւաններէն մէկը:
Ունիմ Հնչակեան կուսակցութեան Եգիպտոսի մասնաճիւղի գրեթէ ամբողջ դիւանըՙ 1902-էն սկսեալ մինչեւ այսօր, որուն վրայ աշխատանքը պիտի սկսիմ մէկ-երկու ամիսէն եւ յոյս ունիմ շուտով առաջին հատորը լոյս ընծայել:
Քովս կը պահուին Գոհարիկ Ղազարոսեանի ամբողջական ինքնագիր գործերուն պատճէնները (բնագիրները ղրկուած են Երեւանի Մատենադարան), եւ հաւանաբար օր մը ձեռնարկեմ անոնց մուտքագրութիւնն ու հրատարակութիւնը (միայն փոքր մաս մը հրատարակած եմ ցարդ):
Առանց ոչ մէկ հիմնարկային նիւթական աջակցութեան, անհատական ջանքերով հաւաքած եմ հայ դասական մեներգիչներու հրապարակուած ձայնագրութիւններըՙ 1900-էն սկսեալ մինչեւ 2010 թուական, ներառեալ 78 շրջանով աքուսթիք եւ ելեկտրական սկաւառակներ, 45 եւ 33 շրջանով սկաւառակներ, խտասալիկներ, վիտէոներ եւ տեսասալիկներ, որոնք կը կազմեն այս բնագաւառի ընդհանուր ձայնագրութիւններուն շուրջ 90 տոկոսը: Ընթացքի մէջ է ամբողջական սկաւառակագրութիւն (տիսքոկրաֆի) մը:
Չուհաճեանի մասին գրուած մամուլի յօդուածներու, քննախօսականներու եւ յայտարարութիւններու ծանօթագրեալ մատենագիտութիւն մը (1860-ականներէն սկսեալ) պատրաստ է, կը մնայ աւելցնել նոր կուտակուած բազմաթիւ նիւթեր: Ծանօթագրեալ ըսելով նկատի ունիմ, որ այնտեղ տրուած է իւրաքանչիւր յօդուածի կամ գրութեան համառօտագրութիւնը:
Եւ նման բաներ: Կրցա՞յ ուրախացնելՙ չկատարուած գործերով:
Վերջապէս, իր լրումին հասցնելու համար ինքնածանուցողական ընթացքս, «Ազգ»-ի յարգարժան ընթերցողին կը տեղեկացնեմ, որ եթէ կ”ուզէ ժամանակ վատնել, կրնայ բոլոր հրատարակութիւններս անվճար կարդալ այստեղ.
Շնորհակալութիւն: