Միտքս եկաւ Աւետիք Իսահակեանի «Կեանքից թանկ բանը» բանաստեղծութիւնը, որ այնքան սիրած եմ եւ անգիր սորված: Վիրաւոր, մահամերձ վայրի աղաւնիին վերստին կեանք տալու փոխարէնՙ պարիկը անոր ամենաթանկագին բանը կ՛ուզէ. աղաւնին պատրաստ է կեանքն իսկ տալու, ուրիշ ի՞նչ ունի տալիք, սակայն պարիկը անոր թեւերը կ՛ուզէ: Թեւե՞րը … կեանքը առանց թռիչքի ի՞նչ իմաստ ունի.. Ա՛ռ կեանքս, կ՛ըսէ աղաւնին: Պարիկը բարի է, գիտէ թեւերուն արժէքը ու կեանք կու տայ, փոխարէնը առանց որեւէ բան պահանջելու:
Հոյակապ բանաստեղծութիւն է, շատ մարդկային, շատ իմաստալից: Ու կը տարուիմ մտածելուՙ վայրկեան մը պատկերացնենք, թէ մենք ալ աղաւնի ենք, մեր թշնամիները բարի պարիկնե՞ր են:
Երկիրը մահու-կենաց վիճակի մէջ է (թէեւ երեւոյթով այդպէս չէ, նոյնիսկ գինիի փառատօն եղաւ, նոյնիսկ պետութիւնը կը խոստանայ անկախութեան տարեդարձը բացառիկ մթնոլորտի մէջ տօնել), անհրաժեշտ է փրկել զայն վերջնական փլուզումէ, ու ատոր համար իշխանութիւնը պարտադրուած է անսահման զիջումներու երթալ: Զիջումներ, որոնք երկրին թեւերը կը կոտրեն, նոյնիսկ եթէ արհեստականօրէն ապրեցնեն զայն:
Մենք շատ դիւրին ընդունեցինք մեր պարտութիւնը եւ անմիջապէս զինադադարի սիրոյն անձնատուութեան համաձայնագիր կնքեցինք ու հիմա ալ կը պատրաստուինք թշնամիին թելադրածները կատարելՙ սահմանային բնակավայրեր ու հողատարածքներ յանձնելով, ցամաքային եւ օդային երթուղիներ բանալով, ցեղասպանութեան պահանջքը ջնջելով, կամ սառեցնելով, հայկական անուանումով վայրերը թրքացնելով, վաղն ալ հայոց պատմութեան գիրքերէն թուրքին հաճելի չթուացող էջերը հանելով:
Ամօ՛թ մեզի: Մենք չպարտուեցանք, մեզի ստիպեցին, որ ընդունինք մեր պարտութիւնը: Այո, հինգ հազար նահատակ տուինք, մոռնալով որ թշնամին անոր կրկնապատիկը զոհ տուաւ, փաստեր կան, նոյնիսկ եթէ թշնամին չյայտարարէ: Մեր սահմանափակ կարելիութիւններով թշնամիին զինական ոյժին կէսէն աւելին ջարդուեցաւ, փաստեր կան: Թշնամիին խոստովանութեամբ, եթէ պատերազմը երկու շաբաթ եւս շարունակուէր, թշնամին կը պարտուէր: Ռուսիան ինչո՞ւ արագացուց զինադադարի ստորագրումը, ինչո՞ւ մեր ղեկավարը տեղւոյն վրայ համաձայնեցաւ ստորագրել: Ո՞րը ճիշդ պիտի ըլլար, հինգ հազար զոհով պարտութի՞ւնը, թէ՞ տասը հազար զոհով յաղթանակը:
Բայց… Խորհուրդ մարդկանց, կամքն Ռուսիո՞յ: Իրար ետեւէ պիտի տա՞նք ինչ որ ուզեն, յանուն խաղաղութեան, յանուն երկրի բարգաւաճման, յանուն մեր…
Հապա մեր արժանապատուութիւնը ո՞ւր մնաց: Մեր թեւերը պիտի կոտրեն, որ այլեւս չճախրե՞նք, չսաւառնի՞նք, քարանա՞նք, լճանա՞նք, ստրկանա՞նք: Հայաստանն ու հայերը ինչեր տուած են համայն աշխարհին, հիմա բթանանք ու ամլանա՞նք:
Եթէ այսպիսի իրավիճակներու յաճախ մատնուած ենք մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, եթէ օրհասական, հոգեվարքի պահերուն իսկ չենք յանձնուած մահին, այլ թօթափած ենք պարտութեան ծանր բեռն ու վեր խոյացած, նոյնը հիմա ալ պէտք է ընենք: Հայու ոգին անպարտ է. միայն գիտնանք իրարու ձեռք բռնել, միայն գիտնանք մեր վերականգնումի ճամբուն վրայի արգելքները վերցնել: