Կ՛ըսենՙ վարպետ գողը տանտէ՛րը գող կը հանէ:
Մէյ մը շուրջերնիդ նայեցէք եւ փորձեցէք երեւոյթներէն անդին թափանցել, լրատուական մեքենաներուն մարդոց աչքերուն վրայ տարածած կիսաթափանց շղարշը մէկ կողմ քաշեցէք ու տեսէք իսկականը: Գիտութեան արշաւասոյր ընթացքին զուգահեռ, մարդը, որ ի՛նքն է այդ գիւտերուն տէրը, ի՛նք դարձաւ անոնց ենթական ու գերին: Դարձաւ կարավարուող, ո՛չ կառավարող: Հետեւող, ո՛չ ղեկավարող: Բայց ո՞վ, կամ որո՞նք են ղեկավարողները, որո՞նց ձեռքն են սանձերը:
Եթէ ուղեղիդ մէջ բան մը պիտի թխմեն, երբեմն այնքան կը կրկնեն ու կը կրկնեն, որ ականջներդ անոր վարժուած կ՛ըլլան եւ ուրիշ բան լսելու եւ ընկալելու կարողութիւնդ կորսնցուցած կ՛ըլլաս:
Արաբական NBC-ի կայաններէն լուացքի դեղերու, ախտահանող հեղուկներու եւ նման կարգ մը վաճառանիշեր գովազդող տեսահոլովակներու տարիներու ընթացքին օրը տասնեակ ու տասնեակ անգամներ կրկնութիւնը, բառին բուն առումով մարդիկը ապուշ կը դարձնեն, այն աստիճան, որ երբ շուկայ երթան, իրենց աչքին միայն այդ գովազդուած նիւթերը կ՛երեւին ու միայն անոնք կը գնուին:
Հիմա պիտի ըսէքՙ այս բոլորը ի՞նչ կապ ունի մեր նիւթին հետ: Ըսեմՙ երբ մեծ պետութիւնները օրն ի բուն ահաբեկչութեան մասին կը խօսին ու անոր դէմ պայքարի հրաւէր կը կարդան, բոլոր լրատուամիջոցները անոր մասին կը գրեն ու կը ցուցադրեն, բանակներով կը ներխուժեն երկիրներ, մարդիկ կը հաւատան անոնց ու բնաւ միտքերնէն չ՛անցնիր, որ այդ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դրօշ բարձրացուցածը, ի՛նք իսկապէ՞ս անկեղծ է , ինք մաքուր ու զե՞րծ է այդ ախտէն: Իսկապէ՞ս կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ, թէ՞ զայն դիմակ կը դարձնէ իր բուն դէմքը թաքցնելու համար: Արդեօք ինք չէ՞ ստեղծած, սնած ու մարզած այդ ահաբեկիչները, պարզապէս իր սատանայական նպատակները քողարկելու համար:
Տարիներէ ի վեր Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պատրուակով աջէն-ձախէն մտան երկիրը, գրաւեցին տարածքներ, գողցան անոր բարիքներըՙ նաֆթը, ցորենը, բամպակը, ձիթենիներն ու ձիթաիւղը, թանգարաններուն ամենաթանկագին ցուցանմոյշները: Բան չձգեցին երկրին մէջ որ չիւրացուցին, երբեմն ուղղակի, երբեմն ալ գործակցելով տեղացի ահաբեկիչներուն հետ:
Ներկայ ժամանակներուն այլեւս գաղտնի բան չի մնար, արդիական գործիքներըՙ համացանցը, գրպանի հեռախօսն ու նման սարքեր այնքան տարածուած են, որ վայրկեանական ամէն ինչ կը տեսագրեն ու կը ցուցադրեն: Ասիկա գիտնալով հանդերձ, անյագօրէն կը շարունակեն կողոպուտըՙ տեղացի ժողովուրդը ամէն կենսական բանի կարօտ ձգելով:
Իսկական ահաբեկիչը ո՞վ է, որո՞նք են:
Ամերիկայի մէջ Ալ Գաբոնէն գործարար մարդոցմէ հսկայ գումարներ կը գանձէր, զանոնք պաշտպանելու պատրուակով: Երբ հարց կը տրուէր, թէ որո՞նց դէմ պիտի պաշտպանեն զիրենք, մե՛ր դէմ կ՛ըսէր… Ահաբեկիչները իրե՛նք են ու իրենք պիտի պաշտպանեն մարդիկը, իրենց իսկ հասցնելիք վնասներուն դէմ:
Սուրիան տասը տարիէ ի վեր ոտնակոխ կ՛ըլլայ, Թուրքիան կլլեց երկրին հիւսիսը «ահաբեկչութեան դէմ պայքարելով», Իսրայէլ ատենը անգամ մը օդուժով կը հրթիռակոծէ սուրիական եւ լիբանանեան շրջաններ «ահաբեկիչներուն դէմ պայքարելով»… Նոյն սենարիոն է Իրաքի մէջ, նոյնըՙ Աֆղանիստանի մէջ էր, նոյնը… ուր հարստութիւն կայ, ու կան անյագ ախորժակ ունեցող երկիրներ, որոնք պատրաստ են այդ հարստութիւնները պաշտպանելու «պայքարելով ահաբեկիչներուն դէմ»…
Պտտուիր, պտտուիր քարուսէլ…
Գիտութիւնը հրաշքներ կը գործէ ամէն օր, սակայն մարդ արարածին ընչաքաղցութեան ու իշխանատենչութեան ախորժակներուն սահման չի յաջողիր դնել: Նոյն քարայրի մարդն է այսօր, փողկապով, լիմուզինով ու դղեակներու մէջ ապրող: