Այդ ահաւոր երեկոյէն քանի մը օր առաջ Իսրայէլի անիծեալ վարչապետ Նեթանիահուն պատկերասփիւռային իր ելոյթին մէջ ցոյց կու տար այն «թաքստոցը», ուր ամբարուած էին վտանգաւոր պայթուցիկ նիւթեր։ Աւելինՙ համացանցի թէ «սոցիալական կայք»երու վրայ կը տպագրուէր Պէյրութի նաւահանգիստը, ուր նշուած էր «վտանգաւոր զէնքեր»ու շտեմարանը, որոնք պէտք է պայթեցուէինՙ ըստ իսրայէլացի ռազմատենչ «ընթերցող»ներու պահանջներուն։ Անշուշտ այս բոլորը կարծես թէ ոչինչ ըսին ռուսական «մաֆիա»ի նաւով աւելի քան 2 հազար թոն «Ամոնիում Նայթրէյթ» ներմուծած եւ Սուրիոյ բոլոր ահաբեկիչներուն շուրջ երկու-երրորդին օր-ցերեկով վաճառած լիբանանցի ոճրագործ վաշխառուներուն համար։ Պէյրութի ծովափնեայ չքնաղ եւ հինաւուրց թաղամասերուն կողքին, Լիբանանի մեծագոյն նաւահանգիստ Պէյրութի ցորենի զրահապատ շտեմարանի «հարեւանութեամբ» առօք-փառօք, մի քանի տարի արդէն տեղադրուած այս ամէնէն վտանգաւոր քիմիական նիւթերը կը սպասէին քարուքանդ ընելու շուրջ 300,000 մեծաւ մասամբ քրիստոնեաներու եւ հայերու տուները։
Արդարեւ, 4 Օգոստոս 2020 թ.ի երեկոյեան, երբ վերադառնալով մարզասրահէն, կը նախապատրաստուէի լոգանք ընդունելուՙ մեր յարկաբաժինէն միայն 300 մեթր այն կողմ, նաւահանգիստին շտեմարաններուն մէջ հրդեհ մը սկսած էր։ Թաղին բնակիչները կը գոռային թէ փոքր պայթուցիկներ են որ հրդեհ առած էին…։ Լիբանանի քաղաքացիական 6 պատերազմ եւ իսրայէլեան 3 ներխուժում ապրած անձ մը, անմիջապէս «պատսպարուեցայ» տանս միջանցքին մէջ։ Յանկարծ նմանը չտեսնուած պայթիւն-փոթորիկ մը զգետնեց զիս… երբ ուշքի եկայ, տեսայ թէ գլուխս եւ ամբողջ մարմինս արիւնլուայ եղած էր… փաստօրէն թաղուած էի կահ-կարասիներու կոյտին տակ։ Արդէն չկային դուռներ եւ պատուհաններ…։ Մէկ խօսքովՙ 40 տարուան արիւն-քրտինքով վաստակած բնակարանս արդէն ահաւոր վիճակի մը մէջ կը գտնուէր, իսկ եսՙ կանգնած էի դարձեալ մահուան շեմին…։ Պէտք է բախտաւոր ըլլայի, որովհետեւ մեր չարաբաստիկ Մար Մխայէլ թաղամասին մէջՙ 16 հոգի ակնթարթի մէջ մահացած էին, որոնցմէ հայ մայրեր եւ հայրեր։
Այս 6 մեկաթոն «Պէյրուշիմա» պայթիւնը վերյիշելով դեռ իմ եւ բազմաթիւ անձերու վկայութիւնը այն էրՙ որ ինքնաթիռներ կը սաւառնէին պայթիւնէն քանի մը վայրկեան առաջ եւ օդ-ցամաք հրթիռ մըՙ ուղիղ «Ամոնիում Նայթրէյթ»ի պահեստին վրայ` շատ հաւանաբար արձակուած իսրայէլեան ռազմական ինքնաթիռի մը կողմէ (Նեթանիահուի ակնարկ-խոստումը…) քարուքանդ ըրին Պէյրութի բարեկեցիկ թաղամասերը, աւելի քան 200 զոհով եւ հազարաւոր վիրաւորներով։
Այս նմանը չտեսնուած աղէտէն տարի մը ետք, քարուքանդ եղած Պէյրութի նաւահանգիստը կը մնայ նոյն վիճակին մէջ։ Բազմաթիւ պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու առաջարկները` վերստին կառուցելու զայնՙ կը մնան անպատասխան Լիբանանի աւազակապետութեան ներկայացուցած անիրականանալի ֆինանսական պայմաններուն պատճառով։ Աւերակ դարձած հայ թէ արաբ լիբանանցիներու բնակարանները վերանորոգուեցան բազմաթիւ տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ, մինչ ո՛չ մէկ պետական պաշտօնեայ թէ ղեկավար, բացի Լիբանանի բանակի սպաներէն, այցելեցին ու մասամբ օգտակար դարձան ողբերգութիւն ապրող հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներուն։ Մի քանի խղճամիտ լրագրողներ, որոնք փորձեցին բացայայտել իրականութիւնը, դաժանօրէն սպաննուեցան մութ պայմաններու մէջ…։ Մինչեւ այսօր, խօսքերէն անդին չեն անցած արդարութիւնը վերահաստատելու օգնութեան խոստումները, պատժելու համար յանցաւորները, առաջին հերթին` ոճրագործ Իսրայէլը, «ներքին» արիւնախումներըՙ որոնք Լիբանանը թալանելով տասնամեակներ շարունակՙ այսօր կանգնած են մարդկային, ֆինանսական, առողջապահական, կենցաղային խայտառակ ողբերգութեան առաջ։ Այս բոլորին վրայ կ”աւելցնենք «Քորոնա» համաճարակը, որ փաստօրէն բազմաթիւ զոհեր խլելով, նաեւ մեծ հարուած հասցուց երկրին տնտեսութեան։ Այժմ, 4 Օգոստոս 2020 թ.ի երկրաշարժ- պայթիւնէն ետք, Լիբանանը տակաւին կը մնայ անդունդի եզրինՙ որեւէ ժամ գլորուելու անյայտութեան մէջ։