ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ, Բեյրութ-Բոստոն
Պատանեկութեանըՙ արտաքնապէս հանդարտ, ներքնապէսՙ փոթորկոտ: Երիտասարդութեանը, համալսարանական տարիներուն, ներքնապէս թէ արտաքնապէս, ըմբոստ ու վիճարկող:
Չսիրեց երբեք կաղապարուած մարդիկը, եւ անոնք չսիրեցին զինք: Այդ տարիներուն քիչեր հասկացան, նոյնիսկ ոմանք երբեք չհասկացան զինք: Այս վերջինները, անոնց շարքինՙ ճանչուած բանաստեղծ մը, անտեսելով էականը, մոռնալով խորքայինը, ինկան մանրուքներու մէջ, հրապարակաւ, մամուլով այպանեցին զինք: Հայրենիքի մէջ, երբ սփիւռքահայ ուսանողներու մեծամասնութիւնը, ուսումնառութեան փոխարէն, ցուցաբերեց տարբեր, այլազան հետաքրքրութիւններ, ինք մնաց աներեր, միշտ կառչած իր համոզումներուն: Երեւանի մէջ իբրեւ բժիշկ վկայուեւէ ետք մեկնեցաւ Լոնդոնՙ խորանալու համար իր գիտելիքներուն մէջ:
Համալսարանը իրեն փոխանցեց մասնագիտական գիտելիքներ, իսկ անկէ դուրս ան շահեցաւ, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, հայ մշակոյթի այն օրերու հսկաներու, որոնց մէջ շատ էին այլախոհ արուեստագէտները, վստահութիւնն ու բարեկամութիւնը: Իրեն նման մէկ-երկու անձերու հետ ան եղաւ խելօք, լուռ ունկնդիր եւ ամբարեց նոր գիտելիքներ, որոնք հարստացուցին իր ներաշխարհը:
Պատանի օրերուն կը գրէր քերթուածներ, աւելի ուշ, հասուն տարիքին, փոթորկած իր գրիչէն դուրս ցայտեցին բաւական մեծ թիւով բանաստեղծութիւններ եւ պոէմներ, գրեց անհամար յօդուածներ նկարչութեան եւ արուեստի զանազան երեւոյթներու մասին, նկարեց ինք ալ, հարիւրաւոր պաստառներու հեղինակ դարձաւ: Թաքուն կիրք մը, որ շատերու անծանօթ մնաց:
Անհունօրէն բարի էր, երբեք չմոռցաւ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան ընկերները, երէց տարիքի իր դասախօսները եւ բարեկամները:
Իբրեւ բժիշկ ինք խնամեց ծանօթներ եւ անծանօթներ: Իր ախտորոշումները եղան էապէս ճշգրիտ: Վստահելի մարդ ու մարդկային, հաւատարիմ եւ սկզբունքային:
Այդպէս էր ու այդպէս մնաց մինչեւ վերջ Յարութ Նագուլեանը, մեր սիրելի Յարութը, Արտոն, Նագուլը…