Մարդիկ կան, որոնք զօրաւոր անհատականութիւն ունին, նաեւ զօրաւոր բանականութիւն եւ բաւարար պաշար իրենց տեսակէտները պաշտպանելու, պարզաբանելու եւ ընդդիմախօսը համոզելու: Անդին կան ուրիշ մարդիկ, որոնք վերը յիշուածներէն բաւարար դրամագլուխ չունին, ապա, ուրեմն, իրենց տեսակէտը պաշտպանելու համար հանդարտ, սովորական խօսքէն կ՛անցնին բարկութեան, պոռալու, աղմկելու, վիրաւորանքի, հայհոյանքի: Դեռ կան ուրիշներ, որոնք չբաւարարուելով ու չյագենալովՙ խօսքի սահմանները կ՛անցնին եւ օգնութեան կը կանչեն իրենց ձեռքերը: Իսկ երբ հարցը լուծելու այդ ձեւով ալ չբաւարարուին, կ՛անցնին աւելի վտանգաւոր միջոցներու:
Մենք աղմկող ժողովուրդ ենք: Ամէն ինչերնիս բարձրաձայն է. մեր վէճերը պէտք է դրացիներն ալ լսեն: Մեր ուրախութիւններն ալ բարձրաձայն են, սուգերն ալ, մեր «կեցցէ»ներն ալ բարձրաձայն են, «անկցի»նեն ալ. մեր յաղթանակներն ալ բարձրաձայն են, պարտութիւններն ալ… Մէկ խօսքովՙ ամէն ինչերնիս բարձրաձայն է եւ աղմկոտ: Թշնամին լրտեսի կարիք չունի, քանի որ ամէն ինչերնիս բացայայտ է: Լուռ գործել չենք գիտեր. ոչ թէ չենք գիտեր, այլՙ չենք սիրեր: Բան մը պիտի ընե՞նք, ուրեմն պիտի աղմկենք, որ ուշադրութիւն գրաւենք: Է, պարզ է, ամբողջ եօթանասուն տարի չհամարձակեցանք բարձրաձայն խօսիլ, հիմա, քանի խօսքի ազատութիւն է, կը խօսինք ու կ՛աղմկենք նախկին անխօս տարիներուն վրէժը լուծելու համար:
Մեր աղմուկին մէջ ամէն ինչ կայ, թէեւ խառնաշփօթ վիճակով, սակայն երբ մաքրազատուի, մէջտեղ կ՛ելլեն մեր տեսակէտները, կարծիքները, գաղափարները, զանոնք հիմնաւորող փաստերը, մեր գնահատանքները, մեր սիրոյ արտայայտութիւնները, անոնց կիցՙ հակաճառութիւնները, մեր աղտոտ լաթերըՙ զարդարուած ու համեմուած փրփրերախ հայհոյանքներով, պարսաւանքներով, զրպարտութիւններով, անէծքներով, ամբաստանութիւններով… ուղղուած ոչ միայն անհատական կամ խմբային ընդդիմախօսներու, այլեւ երկրին, պետութեան, պետական կառոյցներուն, պետական անձնաւորութիւններուն… Անհատներէն անցան ընդհանուրինՙ երկիրը անուանեցին «զոմպիստան», պետութիւնըՙ «լակոտապետութիւն». խորհրդարանըՙ «մանկապարտէզ», քանի որ երիտասարդ տարր շատ կայ անոր մէջ, թէեւ մեր խորհրդարանի պատգամաւորներուն միջին տարիքը 40 է, այսինքն մանկապարտէզէն քիչ մը բարձր…
Չափազանցութիւնները համոզիչ չեն ըլլար, օգուտ չեն բերեր, ընհակառակըՙ կը վնասեն երկրին:
Այսպիսի ածականներ փակցնողները մեր երկրին եւ ղեկավարութեան, արդեօք կ՛անդրադառնա՞ն, թէ որքան ջուր կը լեցնեն թշնամիի ջրաղացքին: Կը խօսիք ազատօրէն, շատ բարի, կ՛աղմկէք, ըսենք վնաս չունի, բայց սխալ վերագրումներ ընելը, կը նշանակէ միասին այրել թացն ու չորը:
Հիմա թշնամիին հետախուզական մեքենան մագնիսի պէս կը հաւաքէ այս բոլոր բացասական վերագրումները ու կը հետեւցնէ, որ այս երկիրը միակամ չէ, տիրասէր չէ, վարչապետնին դաւաճան է, նախագահնին խօսք չունեցող, խորհրդարաննին անփորձ երեխաներով կազմուած է, նախարարները իրենց յանձնուած գործերէն բան չեն հասկնար, բանակին ու դատարաններուն մէջ անընդհատ ազատումներ ու նոր նշանակումներ կ՛ըլլան: Վարչապետը ամէն քայլ ժողովուրդին կը վերագրէ, բայց բոլոր որոշումները առանձին կ՛առնէ: Տեմոքրասի է կ՛ըսէ, բայց միահեծան իշխանութենէ տարբեր չէ… Այս տեսակ երկիր ու պետութիւն քանդելը դիւրին է:
Զսպուածութիւն ըսուածը մեր մօտ չկայ: Կը բարձրաձայնենք առանց հետեւանքի մասին մտահոգուելու: Մասնաւորաբար երբ ամէն մարդ ինքզինքը քաղաքական հարցերէն հասկցող կը նկատէ եւ իր տեսակէտը կ՛ուզէ ընդհանրացնել եւ նոյնիսկ պարտադրել: Օտեանի «Փանջունի»ին ականջը խօսի:
Խելացի կինը, երբ իր գինով ամուսինը կը պոռայ, կը կանչէ, դուռ-պատուհան կը գոցէ, որ դրացիները չլսեն ու խաղք չըլլան: Մենք այդքա՞ն ալ չկանք: