ՌԱԿ-ի Մամլոյ Օրկաններու Համախմբում
Վերջին տարիներու չհամադրուած աշխատանքներէ ետք, հայ ժողովուրդի դիմագրաւած նորօրեայ արհաւիրքները միասնաբար եւ միակամ դիմակալելու ժամանակը հասուն նկատուեցաւ ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ մամուլի օրկաններու խմբագիրներուն կողմէ:
Արդարեւ, ժամանակի պարտադրած պայմաններով` առցանց հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի ԱԶԳ եւ ԱԶԳ Օնլայն (Երեւան), ԱՊԱԳԱՅ (Մոնթրէալ), ԱՐԵՒ (Գահիրէ), ԶԱՐԹՕՆՔ (Պէյրութ), ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ (Աթէնք), ՊԱՅՔԱՐ (Պոսթըն), MIRROR SPECTATOR (Պոսթըն), ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ (Պուէնոս Այրէս) թերթերուն պատաս խանատու խմբագիրներուն միջեւ:
Հանդիպման քննարկուեցան միացեալ գործելակերպի սկզբունքային հասկացողութիւն մը յառաջ բերելու կարելիութիւնները: Ժողովականները ճշդեցին նաեւ ապագայ միացեալ աշխատանքի գործնական ձեւերն ու միջոցները:
Որոշուեցաւ հերթական հանդիպումներով համադրել մամուլի մեքենական կարելիութիւնները եւ ներդաշնակել օրկաններուն գաղափարական եւ քաղաքական ուղղութիւնները: