Անցեալ դարու իննսունականներու սկիզբը, երբ ամէն մարդ ազատութեան երիվարին նստած կը սուրարՙ խօսքի «թուր կեծակին» բռնած, աջ ու ահեակ ճօճելով զայն, հին հաշիւներ մաքրելու կ՛ելլեր, քանի այլեւս խորհրդային սեղմումները չկային, եւ ատենն էր, որ օգտուէին տիրող ազատութեան մթնոլորտէն, մինչեւ իսկ օրուան նախագահը վարկաբեկելու ու ծաղրելու կը համարձակէին, երբ նախկին իշխանութեան օրերուն, ոչ թէ նախագահին, այլ ամենահամեստ պետական պաշտօնեային մազին թելին իսկ չէին համարձակեր դպչիլ, ըսինք, որ վարար գետի մը ընթացքը երկար ատեն խափանուած էր ու հիմա, երբ խորտակուած է թումբը, գետը խելահեղօրէն կը խուժէ ու իր ընթացքին մէջ արտ ու այգի որոգելու փոխարէն, կը քանդէ ու կ՛աւերէ. ժամանակ պէտք է, որ գետը հանդարտի, վերադառնայ իր հունին ու ընթացքը խաղաղի:
Սակայն անցնող 30 տարիները բաւարար չէին, որ բան մը փոխուէր, ո՛չ գետը հանդարտեցաւ, ո՛չ ալ ընթացքը փոխեց: Սերունդ փոխուեցաւ, շատ բաներ փոխուեցան, սակայն ժառանգուած բնաւորութիւնները չփոխուեցան:
Հայաստանը յաջողեցաւ ազատ խօսքի երկիր դառնալ (երանի չդառնար…): Աշխարհի շատ մը մեծ երկիրներ ազատութեան ցուցակին վրայ մեր ետեւ կը մնան: Որպէս դեմոքրաթիք երկիր, պէտք է հպարտ զգանք այդ ձեռքբերումին համար, սակայն ժողովրդավարութեան բերած ազատութեան հետ անկաշկանդ կիրքեր ալ լեցուցին հրապարակը, վտանգելով ու արատաւորելով ազատութեան ազնիւ ու բարերար նպատակը:
Իշխանատենչութեամբ վարակուածներու համար ոչ մէկ զսպան ու արգելակ գոյութիւն ունի: Ոչ միայն իշխանատենչներուն, այլեւ անոնց հետեւորդներուն, անոնց շուքէն քալողներուն, անոնց համար հրապարակները լեցնողներուն եւ դիմացիններուն հասցէին փողոցի բառարանին մէջ յիշուած ու չյիշուած բազմատեսակ, բազմաբնոյթ ու բազմագոյն հայհոյանքներ, անէծքներ, զրպարտութիւններ, սպառնալիքներ տեղացնողներուն:
Անկախութենէն ի վեր չորս իշխանութիւն փոխուեցաւ, որոնց զուգահեռ նաեւ չորս տեսակ ընդդիմութիւն փոխուեցաւ, սակայն իրարու հանդէպ պայքարի ձեւը մնաց միեւնոյնը, կարծես որպէս անգիր օրէնք, անսրբագրելի, անբարեփոխելի, անհպելի մասունք:
Երէկուան իշխողը, այսօր ընդդիմադիր է, երէկ կը հարուածուէր, այսօր ի՛նք կը հարուածէ: Այսօրուան իշխողը վաղը ընդդիմադիր պիտի ըլլայ, երբ այսօրուան ընդդիմադիրը վաղը իշխանութեան գլուխ անցնի:
Գուցէ շատեր բնական նկատեն այս բոլորը. հաւանաբար իրաւունք ունին, սակայն ո՛չ մեր պճլիկ երկրին պարագային, ուր շատ մը բաներ մեր սահմանափակ կարողութիւններուն համեմատ չեն չափուիր: Ինքնաճանաչումի թերացում կայ: Կ՛ուզենք մեծ պետութիւններուն նմանիլ: Ազատութիւնը երկսայրի սուր է, եթէ չես գիտեր գործածել, ամենէն առաջ քեզի կը վնասէ:
Ուշադրութիւն դարձուցէք սպառնալից, հայհոյալից ելոյթներուն. անոնք բոլորն ալ ուղղուած են մեր ներքին կառոյցի տարբեր շերտաւորումներուն, այսինքնՙ մենք մեզի կ՛ուղղենք թունալից քննադատութիւններն ու սպառնալիքները, մոռցած դեռ երէկուան պատերազմը եւ անոր հեղինակները (նայեցէք այս որակաւորումներունՙ երկիրըՙ «Զոմպիստան», պետութիւնըՙ «լակոտապետութիւն», որոշ անձնաւորութիւններՙ «պոռնիկի ծնունդ, տականք, վիժուածք, գող»…: Դիմատետրի վրայ չհանդիպեցայ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, կամ Իսրայէլի հասցէին հայհոյանքներու ու անէծքներու, միայն մեզի՛, իրարո՛ւ: Առաւելագոյնը ուղղուած թշնամիինՙ բողոք ու խնդրանքի պէս պահանջք մեր գերիներուն ազատ արձակումին վերաբերող:
Սիրելի ժողովուրդ, նպատակս ներկայ իշխանութիւնը պաշտպանել չէ երբեք, սխալը պէտք է դարմանուի անյապաղ, սակայն ուշադիր ըլլալու է, որ սխալը նոր սխալով մը փոխարինելը աւելի վտանգաւոր տեղ կ՛առաջնորդէ երկիրը: Եթէ կրնանք վրէժխնդրութեան եւ անձնական հաշիւներու եւ կիրքերու ցանցէն դուրս, միմիայն տրամաբանութեամբ, յանուն երկրի վերակառուցման եւ խաղաղութեան նպատակներու ուղիով քալել, անպայման կրնանք ճիշդ լուծումը գտնել եւ վարար գետը վերադարձնել իր հուն: