Պատմութի՛ւն, վայրկեան մը կանգ առ, կարեւոր բաներ կան արձանագրուելիք, որոնք մոռացութեան գիրկը պէտք չէ երթան, ինչպէս գացած են շատ մը բաներ, որոնք անտեսած ենք, քանի դաս չենք առած մեր գլխուն եկածներէն, եւ ընդհանրապէ՛սՙ աշխարհի մէջ պատահածներէն:
Դաս չենք առած, որովհետեւ չենք սիրեր դաս առնել. չենք սիրեր դաս առնել, որովհետեւ մենք ամէն ինչ գիտենք, մենք ի վերուստ հանճար ազգ ենք, իմաստուն եւ գիտակից, այնպէս որ մեզի ոչ մէկ դաս պէտք է:
Հոգ չէ թէ մեր այս ինքնագիտակցութիւնը, որուն համար մեզ պոռոտախօս ու «լոպպազ»կը կոչեն, պատճառ եղած է, որ մենք յաճախակի հարուածներ ստանանք, պառակտուինք, քայքայուինք, կոտորուինք ու կոտորակուինք, հող կորսնցնենք… հոգ չէ, կարեւորըՙ մենք վստահ ենք հայու գէնին, մենք ուրիշ ենք, շատ աւելի բարձրՙ քան աշխարհի բոլոր ազգերը: Չէ՞ք հաւատար, հարցուցէք հրեաներուն: Հարցուցէք բոլոր այն մարդոց, որոնք սարսափած են աշխարհի վրայ հայերու ներկայութենէն եւ ճիշդ գտած են, որ հայ ազգը վերանայ այս երկրագունտին վրայէն, որպէսզի փորձանք չդառնայ միւս ազգերու գլխուն:
Մենք հսկայ կայսրութիւն էինք, իսկ հիմաՙ ափ մը, ու ձեռնոց կը նետենք մեծ ու փոքր պետութիւններուն, որովհետեւ մեծ են մեր երազները, որոնք իրականութիւն էին ժամանակին, իսկ հիմա երազ դարձած են: Թշնամիին ռազմական պիւտճէին մէկ վեցերորդ պիւտճէով, առանց օդուժի, առանց ԱԹՍ-ներու, առանց աշխարհի որեւէ երկրի աջակցութեան, մի՛ս մինակ 44 օր կռուեր ենք: Կռուեր ենք ազերիներու բանակին դէմ, Թուրքիոյ բազմակողմանի աջակցութեան դէմ, Սուրիոյ բանակէն անջատուած վարձկան ահաբեկիչներու դէմ, իսրայէլեան ԱԹՍ-ներու եւ տարատեսակ զէնք մատակարողներու դէմ:
Այն միակ պետութիւնը, որ մեր կողքին կրնար ըլլալ, եթէ գիտնայինք քաղաքականութիւն խաղալ, մեր կողքին չկեցաւ:
Ոչ թէ Արցախը պաշտպանել, այլ ախորժակ ունէինք մինչեւ Պաքու հասնելու: Ի՞նչ կայ որ, մենք հայ ենք եւ մեր զինուորները մէկական առիւծներ են:
Ահագին զոհ տուինք, մեր երիտասարդութեան ամենաընտիրները դրինք հայրենիքի զոհասեղանին վրայ:
Ամբողջ հայաշխարհը, Ամերիկայէն մինչեւ Աւստրալիա, Եւրոպայէն, մինչեւ չեմ գիտեր ուր, աննախընթաց ցոյցերով ու դրամահաւաքներով սատար կանգնեցաւ մեզի, նոյնիսկ կամաւորներ ուղարկեցին: Իրաւունք չունի՞նք հպարտանալու եւ պարծենալու:
Պատմութի՛ւն, կ՛արձանագրես այս ըսածներս, չէ՞: Լաւ, հիմա ալ արձանագրէ, որ այս բոլոր առաւելութիւնները ունենալէ ետք, 44-րդ գիշերը ամօթալի, շա՛տ ամօթալի անձնատուութեան համաձայնագիր մը ստորագրեց մեր վարչապետը: Գրէ՛, պատմութի՛ւն, իմ ձայնս սկսաւ դողալ, բայց քու ձեռքդ թող չդողայ: Գրէ՛, ամբողջ 26 տարի Մինսքի եռեակ պետութիւններու ընել չկարողացածը, ռուսին ու Ատրպէյճանին հետ համաձայնաբար ըրինք, աւելի ճիշդՙ ըրաւ մեր վարչապետը, աւելի ճիշդՙ ընել տուաւ Պուտինը, Արցախի կէսը զոհելով եւ փանթուրքիզմի դարերու երազը իրականութեան ճամբուն վրայ դնելով, Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբայ տրամադրելով:
Այսպիսի ցնցում չէր ապրած համայն հայութիւնը: Սառեցան յաղթանակի ակնկալութեամբ ժպտացող դէմքերը, սառեցան աշխարհի հայութեան թօներով ու միլիոններով օգնութեան փութացող ձեռքերը, սառեցան Հայաստանի դպրոցներուն մէջ քօղարկող ցանցեր գործողներուն ձեռքերը: Սառեցան մեր զինուորներուն համար գուլպայ ու գլխարկ գործող մամիկներուն մատները…
Իսկ այս բոլորի կողքին աշխուժացան մեր հաւաքավայրերը, իրարու «դաւաճան» պիտակը փակցնողները, աշխուժացան փողոցային հայհոյանքներու եւ անէծքներու տոպրակները բացողները, «Նիկո՛լ հրաժարիր», «Դաւաճան մի փնտռէք, ամբողջ ժողովուրդն է պատասխանատու»… Խօսքերը փոխարինուեցան գործնական քայլերովՙ յարձակումներով, գրոհներով ու ձերբակալութիւններով:
Պատմութի՛ւն, կ՛արձանագրե՞ս ըսածներս, չէ՞:
Պատմութի՛ւն… դո՞ւն ալ: