Երբ երկիրը աղէտի մատնուած է, երկրաշարժ, թէ փոթորիկ, ջրհեղեղ, թէ հրդեհ, բոլոր ժողովուրդը, մեծով-պզտիկով, մոռնալով իրենց անձնական հարցերը, կը վազեն օգնութեան, իւրաքանչիւրը ինչով որ կրնայ, որպէսզի վայրկեան առաջ փրկուի երկիրը, փրկուին մարդիկ: Ալ ո՜ւր մնաց, եթէ պատերազմ է. եթէ երկիրը կանգնած է «լինել-չլինելու» վտանգին առջեւ: Այս պարագային ջանքերը կրկնապատկուելո՛ւ են, եռապատկուելո՛ւ, բազմապատկուելո՛ւ:Յուզումնախառն ուրախութիւն մը պատեց հոգիս, երբ տեսայ ոչ միայն հայրենիքի պաշտպանութեան համար ռազմի ճակատ վազող զինուորն ու քաղաքացին, երիտասարդն ու տարեցը, այլ նախկին քաղաքական գործիչները, յատկապէս Հայաստանի նախկին նախագահները, նախկին պաշտպանութեան նախարարն ու … իր մեղքը քաւել փորձելու համարՙ դատապարտեալ գեներալը…(ի՜նչ համարձակութիւն…): Բոլորը զսպանակուած էին հայրենիքի պաշտպանութեան գիտակցութեամբ ու մղումով:Եթէ այսքանը ըլլար միայն, ես կը համբուրէի իւրաքանչիւրին ճակատը, սակայն… ինչպէս յաճախ, խանդավառութիւնս կանխածին էր, որովհետեւ այդ բոլորին հետեւեցաւ ոչ թէ ընդհանուր զօրահաւաք ու աշխարհազօրահաւաք, այլ մաղձալից քննադատութիւն, հայհոյանք ու անէծք եւ կառավարութեան հրաժարականի պահանջ:Այս բոլորը կը գրեմ դողացող մատներով: Ինչպէ՞ս կարելի է շաբաթներ ամբողջ անասելի պայմաններու մէջ մարտնչող ու յաղթանակներ կերտող մեր զինուորներուն ականջին հասցնել այսպիսի թունոտ ելոյթներ, որոնց տէրերը չեն վարանած իրենց ստորագրութիւնն ալ դնել իրենց «կոչերուն» տակ: Իրե՞նք են հեղինակները, թէ՞ թելադրուած են Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իշխանութեանց յաջողութիւնները չմարսող ընդդիմադիրներու կողմէ:Անոնք որ կը կարծեն, թէ իսրայէլեան, ռուսական, թրքական եւ այլ գերարդիական զենքերով զինուած Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ վարձկաններու հսկայ բանակներուն դէմ դնող մեր հերոսներուն պայքարն ու նահատակութիւնը ապարդիւն է, քանի զինադադարի անհրաժեշտութեան եւ վերջնական խաղաղութեան սիրոյն գրաւուած յաւելեալ տարածքները կամաց- կամաց զիջելը, փոխան Արցախի անկախութեան ճանաչման, «դաւաճանութիւն» է, թող լաւ իմանան, որ իրենց ըրածն է դաւաճանութիւն պատերազմական այս թոհուբոհին մէջ: Այդ տարածքները պաշտպանական գօտի ըլլալու կողքին նաեւ խաղաքարտեր են բանակցութեան սեղանի շուրջ օգտագործուելու համար, առանց Արցախին «մազի թելին դպնալու»… Այդ տարածքները սակարկութեան գործօններ են, որոնք կարելի է օգտագործել խաղաղութեան հասնելու ատեն…Այս բոլորին կողքին, պատերազմի վերուվայրումներէն յարմար պահեր որսացողներուն եւ իրենց մէջ կուտակուած մաղձը թափելու առիթ գտած կարծողներուն ըսեմ, որ իրենց ըրածն ալ նուազ ողբերգական չէ: Պատերազմի ատեն անձնական, ընտանեկան, կուսակցական, քաղաքական եւ այլ տարակարծութիւններ, քողարկուած թշնամանքներ ու այլ տեսակի հաշիւներ մաքրելու առիթ չէ:Այլեւս անիմաստ եղաւ նոյն հանկերգը կրկնելըՙ հայրենիքի փրկութեան սիրոյն միասնականութեան ու համագործակցութեան կոչեր հնչեցնելը, քանի որ որոշ մարդիկ եւ անշուշտ կազմակերպութիւններ, բոլոր պարագաներու մէջ ալ, ինչ ալ ըլլայ երկրին վիճակը, իրենք իրենց գիտցածը պիտի ընեն, իրենց որոշումէն մազ մը պիտի չշեղին ու պիտի շարունակեն իրենց նպատակը հետապնդել, հոգ չէ թէ այդ ընելով ահագին վնասներ կը հասցնեն երկրին ու ժողովուրդին: Ըստ իրենց, կարեւորը նպատակն է ու նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցները:Վարչապետին ելոյթին «ցաւալի զիջումներ»ը բռնեցին ու մարդը խաչը հանեցին: Հապա ի՞նչ, առանց զիջումի պատերազմը կը դադրի՞, իսկ զիջում կա՞յ որ ցաւալի չըլլայ: Յետոյ բռնեցին «թասիբ-անթասիբ» բառը, որ ինծի ծանօթ չէր, փնտռեցի, գտայ իմաստը: Լաւ, պատկերացնենք որ համաձայն չէք իր ըսածին, սակայն չէ՞ որ վարչապետին կոչին ակնկալուած երիտասարդութիւնը չկամաւորագրուեցաւ, փողոցներն ու մայթերը լեցուն են անփոյթ, սիկառէթը իրենց շուրթերուն, անտարբեր, նոյնիսկ կատակող ու խնդացող երիտասարդներով: Ըսելիք ունիք, քաղաքավարօրէն ըսէք, առանց խծբծանքի ու պարսաւանքի: Ես ոչ վարչապետին պաշտպանողն եմ, ոչ ալ իր կուսակցութեան, կամ կառավարութեան համակիրը, սակայն ազատ խօսքի ջատագով եմ, երբ ըսուածը կշռուած է ու քաղաքակիրթ ձեւով ըսուած:Պատերազմի ընթացքին մեր բոլոր արարքները լրջօրէն կշռելու ենք եւ ապա միայն հրապարակելու, միշտ նկատի առնելով հայրենիքի գերագոյն շահը: |