Երբ ինքնագովութեան առիթ ըլլայ, մեզի գերազանցող չ՛ըլլար: Անգերազանցելի ենք գլուխ գովելու մէջՙ մե՛նք, մե՛նք… Մեզի նման ազգ չկայ, մենք աշխարհի ամենահին ազգն ենք, մեր լեզուն աշխարհի բոլոր լեզուներուն արմատն է, մենք աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն ենք. մեր եկեղեցիները, մեր խաչքարերը, մեր, մեր, մեր…
Սուտ ու սխալ բան չկայ. այս բոլորը եւ ասոնց կողքին շատ բաներ մերն են, եւ մենք կը հպարտանանք անոնցմով: §Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում, բայց գիտէք, մեզ Հա՛յ են ասում, եւ ինչու պիտի չհպարտանանք. կանք, պիտի լինենք ու դեռ…¦: Չէ, շատանալը կասկածելի է, եթէ եղածն ալ պահենքՙ մեծ բան ըրած կ՛ըլլանք, սակայն եղածն ալ պահել չենք գիտեր, երբ օրէ-օր հայկականութենէն եւ հայութենէն կը հեռանան, §կամայ, թէ ակամայ, գիտութեամբ, թէ անգիտութեամբ, մեղայ, մեղայ…¦…
Շատ բարեմասնութիւններ ունինք, սակայն մէկ կարեւոր բան կը պակսի մեզիՙ օրէ՛նք եւ օրէնքի ենթարկուիլը: Չէ՞ որ ազատամիտ ենք, չենք սիրեր օրէնքի կաշկանդումները, եթէ նոյնիսկ այդ օրէնքը դրուած է ի շահ մեզի եւ շրջապատին, որուն մէջ կ՛ապրինք: Իւրաքանչիւրս մէկական ղեկավար ենք, հրահանգող, սպարապետ, երբեք հրահանգուող ու սովորական, շարքային զինուոր: Ենթակայ ըլլալը ստորնութիւն կը նկատենք: Ինչո՞ւ §ան¦ պիտի ղեկավարէ եւ հրահանգէ, ես պակա՞ս կարողութիւն ունիմ…
Այսպէս է ամէն տեղ, թէ՛ ժողովրդային կազմակերպութիւններու ու միութիւններու մէջ, թէ՛ պետական կառյցներու մէջ, թէ՛ սփիւռքի մէջ, թէ ալ Հայաստանի: Չենք հանդուրժեր որ ուրիշը ղեկավարէ. բան մըՙ որ մեզ դարձուցեր է ըմբոստ, բողոքող, քննադատող: Մէկ խօսքովՙ տիրասէր չենք, չենք եղած անցեալին եւ չենք ալ ըլլար ասկէ յետոյ: Ասոր համար ալ յաճախ պարտութիւնը եղած է մեր բաժինը:
Սարդարապատի նման բացառիկ հերոսամարտերու պարագային, երբ կենաց ու մահու պայքար եղած է, կրցած ենք մեր ես-երը թօթափել եւ ղեկավարներուն հետեւելով յաղթանակած ենք: Մեր ամբողջ կեանքը Սարդարապատի ոգիով պէտք է առաջնորդուի, եթէ յաղթանակ կ՛ուզենք: Բայց ընդհանրապէս այդպէս չենք մտածեր: Անտիրասիրութիւնը տկարութիւն է, որը մեր նկարագրին մաս կը կազմէ, բայց շատեր այդ մէկը քաջութիւն կը նկատեն:
Վարչապետ, նախարար, ոստիկանապետ, դուք կոկորդ պատռեցէք ժողովուրդին թելադրելու, որ հետեւին առողջապահական կանոններուն, իրենց եւ շրջապատին սիրոյն, եւ անդինՙ ահագին մարդիկ շարունակեն բանի տեղ չդնել վարակը, ինչ- ինչ պատրուակներու յենելով. §Կորոնան ո՞ւմ շունն ա…¦
Ես ամէն օր երեկոյեան տանս մօտ գտնուող այգին կ՛երթամ դիմակով եւ ձեռնոցներով, պարզապէս տան ճնշիչ մթնոլորտէն դուրս գալու եւ քիչ մը հանգստանալու: Չեմ չափազանցեր եթէ ըսեմ, որ այգիին մէջ ճեմողներ, ընտանիք թէ անհատ, 90% առանց դիմակի են: Իսկ նստարաններու վրայ իրար գրկած սիրաբանող զոյգերը կարծես այս աշխարհէն չեն:
Կողքի փողոցէն լսելի է ոստիկանական մեքենայէն սփռուող թելադրութիւնները թագաժահրին դէմ պաշտպանուելու եւ ուրիշներուն ալ չվարակելու մասին: Ականջ կախողը ո՜վ է: Զարմանալի անտարբերութիւն մը կայ, որուն նպաստած են ֆէյսպուքով տարածուած այն տեսակէտները, թէ վարակը շինծու բան է, անոր ետեւ քաղաքական ու տնտեսական նպատակներ կան, թէ աշխարհի մէջ սովորական հիւանդութիւններով աւելի շատ մարդ կը մեռնի ամէն օր, քան այս ժահրով, որմէ մահացածներուն ուռճացած թիւերը երբեք ալ համոզիչ չեն: Պետութիւնը դիտումնաւոր կերպով կը մեծցնէ վարակուածներուն թիւերը, որպէսզի աւելի շատ նիւթական օժանդակութիւն հասնի միջազգային կազմակերպութիւններէն եւ այլն:
Յանուն մեր եւ մեր սիրելիներուն եւ շրջապատին, եթէ քիչ մը նեղի մատնուինք, ի՞նչ կ՛ըլլայ: Որքան արագ ենթարկուինք հրահանգներուն, այնքան շուտ կը յաղթահարենք այս վարակը ու կը վերադառնանք մեր սովորական կեանքին: