երջերս քանի մը յօդուած գրեցի սփիւռքահայ վարժարաններուն ու անոնց վիճակուած ճակատագրին մասին, թէ անցնող տասնամեակները փաստեցին, որ արտերկրի մէջ բացուած մեր դպրոցները իրենց ազգապահպան առաքելութիւնը կատարեցին որքան որ կրցան ու կամաց-կամաց սկսան կծկուիլ, նօսրանալ թէ՛ քանակով եւ թէ՛ որակով, իսկ շատեր ալ իրենց դռները փակեցին ակամայ, չդիմանալով ժամանակի մաշումին եւ օտար երկիրներու ուղղակի, կամ անուղղակի տարատեսակ ճնշումներուն եւ ազդեցութիւններուն:
Հարիւր տարի եւ աւելի սփիւռքահայ մեր դպրոցները գործեցին ամենայն նուիրումով, երբեմն ալ նիւթաբարոյական զոհողութիւններով, որոնցմէ շրջանաւարտ եղան այնպիսի սաներ, որոնք յաճախ փայլուն դէմքեր դարձան Սփիւռքի մեր կրթական, գրական, մշակութային, հասարակական եւ այլ մարզերուն մէջ: Սակայն, երթալով անոնց թիւը պակսեցաւ, պակսելով ընդհանուր աշակերտութեանց թիւը, ինչ-ինչ պատճառներով, որոնց մասին խօսած եմ իմ նախորդ յօդուածներուս մէջ:
Մենք, բոլորս ալ, ի մանկութենէ սորված ենք, որ բախտաւոր օր մը բոլոր սփիւռքահայերը պիտի մէկտեղուին Հայաստանի մէջ, Արարատի շուքին տակ: Մեր ուսուցիչները այդ սորվեցուցած են մեզի, այնքան կրկնած են, որ մեզի համար դարձած է մնայուն արեւելում մը ու երազանքներու գերագոյնը: Մենք ալ, մեր կարգին, երբ ծնողք եւ ուսուցիչ դարձանք, նոյնը կրկնեցինք մեր զաւակներուն եւ մեր աշակերտներուն, պահելով մեզի փոխանցուած աւանդը:
Երազանքը սկսաւ իրականութիւն դառնալ Ներգաղթի-հայրենադարձութեան օրերուն, որ սակայն մթագնեցաւ յաջորդող տարիներուն, Հայաստանէն հասնող անուրախ լուրերուն պատճառով: Վաթսունականներու սկիզբը փորձ մը եւս եղաւ հայրենադարձութեան, եւ այդքա՛ն:
Հիմա, որ ժամանակները փոխուած են, Հայաստանը ազատ-անկախ երկիր է, երազելու կարիք չկայ, փափաքողը կրնայ շալկուիլ ու գալ երբ որ ուզէ, սակայն ինչպէս որ ուզէ, անհատական որոշ ներգաղթողներէ անդին, զանգուածային հայրենադարձութեան խօսք չ՛ըլլար: Չ՛ըլլարՙ որովհետեւ, նախՙ Հայաստանը ի վիճակի չէ զանոնք ընդունելու, տեղ ու գործ ապահովելու, միւս կողմէ ալ սփիւռքահայ որոշ ազգային ու կրօնական հեղինակութիւններ դէմ են այդ գաղափարին, պարզապէսՙ քանի որ չեն փափաքիր որ հայկական Սփիւռքը չքանայ, կամ նօսրանայ: Անոնք կը պնդեն, որ Սփիւռքը պահելու է, չփճացնելու համար դար մը ամբողջ կազմակերպուած մեր գաղթօճախներուն կրթական, եկեղեցական, մշակութային, հասարակական եւ այլ կառոյցները: Անոնք կ՛ըսենՙ սփիւռքը անհրաժեշտ է նոյնիսկ ի շահ Հայաստանին, որպէս ազգային, քաղաքական եւ նիւթաբարոյական յենարան:
Հաւանաբար արդարացուցիչ են պատճառաբանութիւնները, սակայն ի՞նչ եղան մեր կոչերն ու երազանքները: Ասիկա ետքա՞յլ է, թէ՞ տրամաբանական կեցուածք: Հայաստանը պիտի մնայ իր երեք միլիոնով, իսկ Սփիւռքը պիտի գոյատեւէ իր եօթ միլիոնո՞վ:
Գոյատեւէ ըսի, բայց ի՞նչը պիտի գոյատեւէ, լեզո՞ւն, կը կասկածիմ, ան շատոնց մաշումի ճամբան բռնած է, մշակո՞յթը, ան ալ կասկածելի է, օտարինը արդէն սողոսկած է մեր մէջ ու հայկականը կամաց-կամաց կ՛անշքանայ: Հապա՞, որպէս թուաքանա՞կ, անդէմ, անլեզու…
Պիտի մնանք երկփեղկուած երկու հաւաքականութեամբ, մէկը պետական, միագլուխ, միւսըՙ անպետական, բազմագլխանի, լեզուական երկու ճիւղերով, երկու կաթողիկոսներով, երկու պատրիարքներով:
Այս իրավիճակին մէջ արդեօք ճիշդ չէ՞ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մտահոգութիւնը, որպէս կիլիկեան մեր Հայաստանին ու կաթողիկոսութեան իրաւայաջորդն ու պաշտպանը: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը քաջալերէ պահպանումը Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան, չի քաջալերեր զանգուածային ներգաղթը, արդեօք իրաւունք չունի՞: Բայց, երբ դատի տրուեցաւ Թուրքիոյ մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կալուածները վերադարձնելու պահանջով, հակառակ ծախսուած մեծ գումարներուն, դատը կորսնցուցինք. կարելի՞ է դեռ յոյսեր կապել Կիլիկիայի մեր իրաւունքներուն վերատիրանալուն հետ:
Դժուար հարց է, սակայն կարելիութիւններու դռները փակ չեն: