Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ, Լոս Անճելըս
«Մեռելներուս իբրեւ խաչ ես այս ծառը տնկեցի»։
Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեան
Բարեգործներ կան, որոնք կ՛ակնկալեն որ անպայման շեփորուին իրենց արարքները, կան նաեւ բարեգործներ, որոնք կը հետեւին Քրիստոսի Այրի Կնոջ Լումայի խորհուրդին: Այսպիսիները կեանքի նպատակ կը դարձնեն բարի արարքը` առանց փառասիրութիւնը շօշափող գովասանքներու: Անոնք երջանկութիւն կը վայելեն տեսնելով իրենց արարքին առթած ուրախութիւնը հասարակութեան մէջ:
Այս առնչութեամբ բոլոր պայմանները կը լրացնէ Երեւանի Պետական համալսարանի ութսունամեայ, բայց միշտ երիտասարդի խանդավառութեամբ եւ աւիւնով լի պրոֆեսոր Գուրգէն Մելիքեան: Ան ամէն տեղ է, ուր կը հաւատայ, թէ ինք կրնայ քար մը եւս աւելցնել հայրենաշինութեան կառոյցին վրայ: Հետեւաբար երբեք չզարմացայ ու անակնկալի չեկայ, երբ Ղարաբաղեան ազատամարտի թէժ օրերուն տեսագրուած հաղորդման մը մէջ զինք տեսայ Մոնթէ Մելքոնեանի եւ Արցախի ազատամարտիկներու հետ, Երեւան-Ստեփանակերտ դժուար ու վտանգաւոր թռիչքներ կատարող ուղղաթիռին մէջՙ լեցուած վիրաւոր ազատամարտիկներով եւ օգնութեան մեկնող հայրենակիցներով:
Յետագային հպարտութեամբ լսեցի ու հետեւեցայ իր առաքելութիւններունՙ Արցախի մէջ: Միայն անկաշառ եւ ինքնամոռաց տիպար հայրենասէրը կրնայ ընել Գուրգէնին գործը:
Վերջերս, ինչպէս արդէն աւանդութիւն էր դարձած, Գուրգէն Մելիքեան կրկին անգամ շնորհ ըրած էր գալ Լոս Անճելըսՙ հանդիպելու համար իր ծրագիրներուն օգտակար եղած ազնիւ բարերարներունՙ ներշնչելով զանոնք, զեկուցելով անցնող տարուան գործունէութեան մասին եւ, ինչու չէՙ նաեւ նոր լիցք հաղորդելու եւ շարունակելու իր առաքելութիւնը: Հիմնադրամը կը կոչուի «Գուրգէն Մելիքեան Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքների հիմնադրամ»: Քաշաթաղը կը գտնուի Լեռնային Արցախի արեւմտեան կողմըՙ փակած Հայաստանի Հանրապետութեան: Անիկա հարուստ է պատմական յուշարձաններով եւ անտառային տարածքներով: Բնութիւնը աւելի քան չքնաղ է ու վայրի, իսկ ձմեռներըՙ համեմատաբար մեղմ:
Հիմնադրամը իր աշխատանքները կը տանի մի քանի ուղղութիւններով.
ա) Բազմազաւակ ընտանիքներու օգնութիւնՙ նուիրելով կովեր, որոնք կ՛ապահովեն կենսական սննդեղէններ, այնուհետեւ ծնած հորթուկները կաթնատու դառնալէ ետք ստացուած կաթնամթերքը կը վաճառենՙ ապահովելով նկատելի եկամուտ:
բ) Մասնակի աջակցութիւն տալ աւելի քան 200 Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի (Վրաստան) եւ սուրիահայ ուսանողներու:
գ) Գիրքերու հրատարակութիւն:
դ) Ընկուզենիներու պուրակներու ընդարձակ տնկում: Ստացուած բերքին մէկ մասը բնակիչները կ՛առնեն իրենց պէտք եղածը, իսկ մնացեալով կը պատրաստուին անուշեղէններ, որոնք կը վաճառուին հայրենի թէ արտասահմանեան շուկաներու մէջ:
2019թ. նոյեմբերեան հաւաքը, տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Սիփան» շքեղ սրահին մէջ, ուր ներկայ էին շուրջ 180 հայրենակիցներՙ մեծաւ մասամբ բարերարներ, որոնք տեղւոյն վրայ կատարեցին իրենց սրտաբուխ նուիրատւութիւնները: Օրուան հանդիսաւոր ճաշկերոյթի հանդիսավարուհին էր հայութեան կողմէ սիրուած ու խանդավառ մտաւորական տիկին Թագուհի Արզումանեանը, որ հիմնադրամի մեծագոյն բարեկամներէն է ու ոգեւորողը: Ան բանաստեղծական շունչով արտասանած բարեգալուստի ջերմ խօսքերէ ետք ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Գուրգէն Մելիքեանը, որ սրտի խօսքը ուղղէ ներկաներուն եւ ներկայացնէ անցնող տարուան ձեռքբերումները: Ան հրաւիրեց ներկաները որ յոտնկայս յարգեն Հիմնադրամի բարեկամներ Նիք Քանեանի, մաէստրօ Ալֆոնդ Մարդոյեանի եւ Գրիգոր Պետրոսեանի յիշատակը:
Ներկաները ուրախութեամբ եւ ծափողջոյններով արձագանգեցին անցնող տարուան նուաճումներուն: Այս տարի նոյնպէս մեծ թափով շարունակուած են ծառատնկումներըՙ «Համահայկական ասմունքի փառատօն»ի, «Երեւանի Պետական համալսարանի 100 ամեակի» եւ նախկին սաղիմահայ եւ այժմ լոս- անճելըսաբնակ «Դաւիթ Սամուէլեան եւ եղբարք» պուրակները:
Տիար Գուրգէն Մելիքեան իր ներկայացումը կատարեց ցուցադրելով տեսահոլովակներ, որոնց շնորհիւ ներկաները աւելի խորութեամբ ծանօթացան այն հսկայական աշխատանքին, որուն լծուած են հիմնադրամի անդամներն ու մասնակիցները: Առանձնապէս ուշագրաւ էր մեծ ու սրտցաւ հայրենասէրներ Քերոլայն եւ Ճորճ Նաճարեաններու հիմնած «ԱՐՓԵՆ» մայր եւ նորածին կեդրոնի 22 տարուան գործունէութիւնը: Հիացումով եւ յուզմունքով իմացանք, թէ երկու տասնամեակի ընթացքին այս կեդրոնը Արցախին պարգեւած է 32,680 երախայ, այլ խօսքովՙ բնակչութեան մէկ չորրորդի չափ թիւ մը, այսինքն վաղուան զինուորը, բանուորը, մասնագէտը, ուսուցիչը, պաշտօնեան:
Հանդիսաւոր ճաշկերոյթը իր հայրենասիրական եւ ժողովրդական սիրուած երգերով ճոխացուց բարերար եւ երգիչ Դաւիթ Սամուէլեան:
Նկար 1. Ձախէն աջ. Բարերարուհի Քարոլայն Նաճարեան,Թագուհի Արզումանեան եւ Գուրգէն Մելիքեան