Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողան բազմաթիւ առիթներով ցոյց տուաւ իր ամուր նկարագիրը, յատկապէս իր երկրին սպառնացող վտանգներն ու տագնապները շրջանցելով, իր հանդարտ ելոյթներով, առանց ընկրկելու, առանց պոռալ-կանչելու, զուսպ եւ համարձակ: Վերջին տարիներուն ինչեր ըսես չանցան իր գլխէն, մասնաւորաբար հեղաշրջման փորձը, Ռուսիոյ հետ բախումները, ռուսական ռազմական օդանաւին կործանումը, Ռուսիոյ դեսպանին սպանութիւնը բեմի վրայ, գժտութիւն, ապաՙ սիրալիր յարաբերութիւններ… Ամերիկայի հետ պատժամիջոցներու սպառնալիքներն ու տարակարծութիւնները:
Ակամայ սկսայ իր մէջ տեսնել խելացի, հասուն եւ անվախ քաղաքական ղեկավար մը, որուն յամառութեան ու անտեղիտալի որոշումներուն դիմաց Ամերիկայի նման գերակշիռ պետութիւն մը տեղի տուաւ եւ իր սպառնալիքները ետ քաշեց:
Մարդը ոչ միայն իր երկրին ու իր աթոռին տիրութիւն կ՛ընէ, այլեւ դրացի երկիրներ կը ներխուժէ եւ այդ տարածքներուն մէջ Թուրքիոյ ածանցեալ գետիններ կը պատրաստէ: Իրաքն ու Սուրիան վկայ: Իսլամական պետութիւններուն կոչ կ՛ընէ միացեալ բանակ ստեղծել եւ կործանել Իսրայէլը:
Այս մարդը որքա՞ն ոյժ ունի, որքա՞ն խելացի քաղաքագէտ մըն է, իսկապէս «առեղծուածային»: Ու յանկարծ, իր շուրջ հիւսուած բոլոր հիացական, գովաբանական «հագուստները» թօթափեցան եւ թագաւորին մերկութիւնը մէջտեղ ելաւ, երբ յայտարարեց, որ հայերը անհայրենիք, թափառական, վաչկատուն ցեղ մը եղած են, ժամանակաւորապէս ապրած են Թուրքիոյ տարածքին եւ այլն, եւ այլն…
Մարդուն այսքան տգէտ ըլլալը չէի պատկերացներ: Վազ անցնինք հեռաւոր անցեալէն ու հարց տանք իրեն – Այդ քու կարծած անհայրենիք, թափառական ժողովուրդին մէջէ՞ն ծնունդ առին արքունական ճարտարապետներու սերունդ Պալեանները, երկրին տնտեսութեան զօրավիգ կանգնող հայ Ամիրաները, օսմանեան պետութեան զանազան հայ նախարարները, Թուրքիոյ թատրոնին, օփերային թրքական երաժշտութեան հիմնադիրները, թրքական հանրագիտարանի ստեղծիչը, թրքական նոր գրութեան ստեղծիչ «Տիլաչար» Յակոբ Մարթայեանը:
Հապա, հայկական բազմահարիւր եկեղեցիներն ու վանքերը, բազմահազար խաչքարերը, հայապատկան գեղակառոյց առանձնատուները, գործատեղիները, դպրոցները, տպարանները… Թափառական ժողովուրդ մը այսպիսի մնայուն բանե՞ր կը կառուցէ:
Պարոն նախագահ, մէյ մը ձեր թանգարանէն ձեռքդ առ 1911-ին Թուրքիոյ պատերազմական նախարարութեան տպարանէն լոյս տեսած քարտէսներու ատլասը ու լաւ նայիր թէ Քրիստոսէ առաջ եւ անկէ ետք ո՞ր հողերուն վրայ «Էրմենիստան» գրուած է, ոչ թէ «Էրմենիլեր», մինչ այլ շրջաններու վրայ «Քիւրտլար» գրուած է, որովհետեւ անոնք ապրած են Վանայ ծովէն հարաւի հողերուն վրայ, բայց պետութիւն չեն ունեցած: Իսկ Թուրքիա, կամ թուրք անուն ընդհանրապէս գոյութիւն չունի: Թուրքիոյ մէջ տպուածի՞ն ալ չես հաւատար: Այսքան ալ տգիտութի՞ւն…
Չորս հազար տարեկան ժողովուրդ մը, որ բոլոր սուրբ գրոց մէջ ալ յիշուած Նոյեան տապանի իջավայր (Նախիջեւան) Արարատի շուրջ ապրած եւ ստեղծագործած է, յանկարծ թափառակա՞ն դարձուցիր: Չէ՞ որ իսկական թափառականները Ասիոյ տափաստաններէն փրթած, իրենց ճամբուն վրայ հանդիպած գիւղեր ու քաղաքներ հրկիզած, աւերած ու աւարած ասպատակ, աւազակ ձեր նախահայրերն են, որոնք հազիւ հազար տարի առաջ մէջտեղ ելան, երբ հայերը արդէն ամբողջ աշխարհի մէջ ճանչուած, յարգանք վայելած, գիր ու գրականութիւն, մշակոյթ ու արուեստ ունէին:
Ամօթ է որ երկրի մը նախագահը այս տարրական գիտելիքները չունենայ: Մեծ երկրի մը նախագահը ինք ալ մեծ ըլլալու է, ոչ թէ իր բանտերը տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ լեցնելով, ահաբեկելով ու սպառնալով երկիր ղեկավարէ, եւ այս բոլորըՙ «տեմոքրասիի» անուան տակ:
Ըսելիք չունիմ, զօրաւոր մարդ ես, բայց հայերու մասին ըրած յայտարարութիւնդ փաստեց որ զօրութիւնդ շինծու է, քանի սնամէջ է, եւ սնամէջ որեւէ բան ուշ կամ կանուխ ենթակայ է փտումի, նեխումի: