Լիբանանի քաղաքացիական 15-ամեայ պատերազմէն դուրս եկած եւ այդ ընթացքին Լիբանանի մէջ կազմաւորուած «Պատերազմի տիրակալներ»ու (War Lords) փաղանգը, Թաէֆի հաշտութեան համաձայնագիրէն ետք, փաստօրէն սեփականաշնորհեց համայնքային փոքրիկ երկիրը: Անոնց ղեկավարներուն մեծ մասը, որոնք ահաւոր ոճիրներ կատարած զինեալ խմբաւորումներու պետեր էինՙ մուտք գործեցին խորհրդարան եւ իրերայաջորդ կառավարութիւններ, որոնց մեծ մասը ղեկավարուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ երկքաղաքացի Լիբանանի եւ վարչապետ, միլիառատէր Ռաֆիք Հարիրիի կողմէ: Վերջինս, ճիշդ է որ վերակառուցեց մայրաքաղաք Պէյրութը եւ արուարձանները, սակայն Լիբանան յանկարծ ինքզինք գտաւ միլիարաւոր տոլարներու պարտքերու տակ…: Աւելին, լիբանանեան խորհրդարանային համակարգը վերածուեցաւ հսկայական կաշառքներ ստացող կուսակցապետերու եւ անոնց հլու-հնազանդ «համակիր»ներու զանգուածի մը, երկիրը բաժնելով միլիառատէր եւ միլիոնատէր տնտեսա-քաղաքական ապականած վերնախաւի եւ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ տապլտկող ժողովուրդի: Այս բոլորէն զերծ չմնացին դժբախտաբար լիբանանահայ կուսակցութիւնները, որոնք ներքին պառակտման, երիտասարդութեան արտագաղթի եւ օտարացման ենթարկուեցան, իրենց ապագան անյոյս նկատելով Սփիւռքի երբեմնի մայրաքաղաքին եւ Միջերկրականի գեղեցկուհի Լիբանանի մէջ:
Լիբանանի խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններէն ետք, երբ կը կարծուէր, թէ Լիբանան պիտի կարողանայ դուրս գալ ներքին պառակտման, հարեւան Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով աւելի քան 2 միլիոն գաղթականներ պատսպարելու, Ամերիկայի սիոնամէտ ղեկավարութեան սպառնալիքներէն եւ տնտեսական պատժամիջոցներէնՙ ապա եւ կացութիւնը փաստօրէն կը պայթէր…:
Շուֆի եւ Տամուրի գեղատեսիլ անտառներուն մէջ բռնկուած ահաւոր հրդեհներէն ետք, կասկածելի պայմաններու մէջ, ապա եւ հեռախօսներու, համացանցի եւ whatsapp-ի վրայ դրուած նորանոր տուրքերը յորդեցուցին ժողովուրդի համբերութեան բաժակը: Աւելի քան մէկ միլիոն լիբանանցիներ, միացեալ ազգային դրօշներով, ձեռք-ձեռքի հրապարակներ իջան Թրիփոլիի, Ճունիէի, Պէյրութի, Սայտայի, Սուրի մէջ, վանկարկելով պետական համակարգի եւ կառավարութեան հրաժարականի կարգախօսները: Եղան նաեւ առիթէն օգտուող խառնակիչ եւ աւազակաբարոյ տարրերու աւերիչ գործողութիւններ, որոնք զսպուեցան ոստիկանութեան եւ բանակի մշտարթուն պահապաններուն կողմէ: Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիին կողմէ պահանջուած կարգաւորումներու ժամանակացոյցի աւարտին, յայտարարուեցան բազմաթիւ բարեփոխումներու ծրագիրներ, որոնց իրագործման համար պէտք պիտի ըլլան միլիառաւոր տոլարներ…:
Ժողովուրդը հրապարակներէն հարց տուաւ կառավարութեան, թէ ինչպէ՞ս պիտի իրագործուին այդ երազային խոստումները, մինչ հարիւր միլիարաւոր տոլարներ Լիբանանէն դուրս փախցուած են: Երկրին նախկին եւ ներկայ վարչապետներու, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչներ, քաղաքական դէմքեր այսօր կը պահանջուին «բանալու» իրենց դրամատնային գաղտնի հաշիւները, դղեակները, սեփական օդանաւերը, կալուածները, եւայլն, եւայլն…: Ժողովուրդէն մաս մըն ալ լիբանանեան բանակին գլխաւոր հրամանատարը կը հրաւիրէ… յեղաշրջում կատարելու, ձերբակալելու բոլոր պետական յանցագործներըՙ ժողովուրդին վերադարձնելով յափշտակուած միլիարները…:
Հերթական 6-րդ օրն է որ գործադուլն ու ժողովրդային խաղաղ ապստամբութիւնը կը շարունակուի երկրին մէջ, անհամբերՙ տեսնելու աւարտը այս բոլորին: