Մե՜ծ ազգ ենք, ստեղծագո՜րծ, աշխատասէ՜ր, խելացի՛… Շարեցէք որքան կ՛ուզէք ածականներն ու որակումները, որոնք սահման չեն ճանչնար, երբ ինքնագովութեան սկսինք: Իբր թէ «Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում»… այնպէս ալ կը գերադասենք, որ միւս ազգերը բոլոր մեր ետեւը կը մնան:
Լաւ բան է ինքնագոհ ըլլալ ու հպարտանալ մեր ունեցած ու չունեցած բարեմասնութիւններով, առանց գոռոզանալու, սակայն երբ քիչ մը լուրջ մօտենանք, չենք կրնար թաքցնել մեր ստորակայական բարդոյթը, որ կը դրսեւորուի ուրիշը գերադասելուն, ուրիշին ունեցածը ընդօրինակելուն մէջ: Կ՛ընդօրինակենք հագուստ ու կապուստ, երգ ու պար, ուտելիք ու խմելիք, կենցաղ ու ապրելակերպ, անուն ու ազգանուն, իսկ այս բոլորէն աւելի՛ՙ կ՛ընդօրինակենք բառամթերք:
Պատռտած ճի՞նզ… մենք ալ կը պատռտենք մեր ճինզերը, նոյնիսկ ձեզմէ աւելի, ոչ թէ ճեղքեր բանալով սրունքներուն ու զիստերուն վրայ, այլՙ պատուհաննե՛ր… Մազերը չէ՞ք սանրեր, մե՛նք ալ, ձիու պոչի՞կ կ՛ընէք, մենք ալ, թէ՛ ձիու, թէ՛ իշու… գլխուն մէ՞կ կողմը կ՛ածիլէք, մենք ալ, նոյնիսկՙ երկու կողմը…
Մեր տոհմիկ ճաշատեսակները, մին միւսէն համով ու սննդարար, չենք ուտեր, համպրկըրն ու փիցցան կը նախընտրենք, կամ ալ բարձրակարգ ճաշարաններու մէջ գեղարուեստական նկարի կամ քանդակի նմանող բաներ մը, մեծ պնակի մը մէջտեղը, որ ոչ համ ունի, ոչ հոտ, եւ մարդ չի գիտեր ո՛ր կողմէն պիտի սկսի ուտել: Դեռ աւելի՛ն, գետնի վրայ ճաշելու փոխարէն, սկսած ենք օդի մէջ ճաշել:
Մեր աւանդական պսակներն ու հարսանիքները դեռ կը շարունակուին բարեբախտաբար, սակայն պսակի նորամուտ եղանակներ ալ սկսեր են մուտք գործել, որոնք շուտով ընդօրինակողներ կ՛ունենան:
Իկորն ու Վախտանգը, Աթաբէկն ու Ասլիբէկը ինչպէ՞ս մտեր են մեր մէջ, հայկական անո՞ւն կը պակսի: Իսկ ռուսը, վրացին կամ ազերին երբեւիցէ հայկական անունով կոչա՞ծ են իրենց զաւակները: Մեր օտարամոլութիւնը սահման չի՛ ճանչնար:
Չերկարենք, կեդրոնանանք հիմնականին վրայՙ լեզուի՛ն:
Սփիւռքըՙ հասկցանք, ակամայ տեղական բառեր կը սպրդին լեզուին մէջ, երբեմն ալ գիտակցաբար կ՛որդեգրուին, սակայն Հայաստանի՞ մէջ ալ պիտի պատահին այս բաները: Ոչ թէ պիտի պատահին, այլ պատահած են ու կը շարունակեն պատահիլ:
Տեղական մամուլն ու լրատուական միջոցները չեն դադրիր օտար բառեր օգտագործելէ, մենք ալ չենք դադրիր այդ ախտին դէմ պայքարելէ: Յաճախ գրեցինք ու ցանկեր ներկայացուցինք օտարամուտ բառերուն, լեզուի կոմիտէն ալ այդ օտար բառերուն հայերէնները հրապարակեց, սակայն ոչ մէկ օգուտ, ամէն ինչ կը շարունակուի առանց դոյզն փոփոխութեան:
Այս մասին պիտի խուսափէի դարձեալ գրելէ, եթէ չհանդիպէի «Տէժա վիւ» (Deja vue) բառին, որ ապտակի պէս փակաւ երեսիս: Ֆրանսերէն այս բառը, կամ եզրը, որ «արդէն տեսնուած է» կը նշանակէ, ուրկէ՞ ո՜ւր մտեր է մեր «նախանձախնդիր» օտարամոլներու բառապաշարին կամ ըսելաձեւերուն մէջ: Անշուշտ ուղղակի չէ մտած, այլ,- շատ ուրիշ բառերու եւ բաներու նման,- մէյ մը հիւրընկալուած է ռուսերուն կողմէ, ապա մեզի հասած ու տարածուած ԶԼՄ-ներուն եւ այլ միջոցներով: Պակա՞ս պիտի մնանք. ռուսը որդեգրէ ու մենք ձեռնածա՞լ մնանք:
Ռուսերէնի մէջ ֆրանսերէնէ ընդօրինակուած ահագին բառեր կան, որոնք ոչ թէ ռուսացումի գլանէն անցած են միայն, այլեւ աղաւաղուած, ձեւափոխուած, որովհետեւ ծանոթ չեն եղած անոնց արմատին ու իմաստին, ինչպէս յաճախ գործածուող «շետեվր» բառը, որ գլուխգործոց կը նշանակէ. բառը ֆրանսերէն «Շէֆ տ՛էօվր» ն է, (Chef doevre), առեր «շետեվր»ի վերածեր են, հայերն ալ եղածին պէս կլլեր են… Ուրիշ բառ մըն ալ «մարշուտնի»ն է, որ ֆրանսերէն «Մարշ ռութ» (March route) երթուղի (Մարշ-երթ, ռութ-ուղի), բառը աղաւաղուեր, դարձեր է մեզի ծանօթ «մարշուտնի»ն եւ «մարշուտկա»ն:
Բոլոր ազգերն ալ իրարմէ բաներ կ՛ընդօրինակեն, դէմ չենք, սակայն աչքերնիս գոց, առանց հասկնալու, առանց քննարկելու, ընդօրինակե՞նք. պարզապէս անիմաստ եւ վնասակար օտարամոլութիւն է: