Փունջ մը կարմիր վարդ
Ընդամենը 20 տարեկանին, 1938 թուականին Ֆրանսա ծնած այս սրբուհինՙ Նոէլ Տոմինիք, 1959-ին որպէս «petite s ur» մայրապետական միաբանութեան անդամուհի, կը հասնի Պէյրութ: Որոշ ժամանակ ծառայելով Ժէիթաուիի Սուրբ Ընտանիքի մայրապետներու հիւանդանոցին մէջ, մահացու արկածէ մըն ալ փրկուելով, 1961 թ.ին Երուսաղէմի մէջ իր նորընծայութեան ուխտը իրականացուց քրիստոնէութեան սրբազնագոյն քաղաքին մէջ:
1970 թ.ին Եղբայրութեան քոյրերուն հետ կը տեղափոխուի Պուրճ Համուտի նշանաւոր «Սանճաք Քեմփ», Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Ալեքսանտրէթի «Սանճաք»էն (1915 եւ 1938թթ.) տեղահան եղած 400 հայ ընտանիքներ, ծայրայեղ աղքատութեան մէջ կ ապրէին թիթեղածածկ եւ փայտաշէն հիւղաւանին մէջ: Հայ ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ, որ Պուրճ Համուտի փողոցներէն եւ հիւղաւանի խրճիթներուն արահետներէն վազվզող հիւանդին եւ անկեալին, ծննդաբերողին եւ նորածին մանուկին, դպրոց յաճախող պատանեակին, նոյնիսկ Եւրոպայի ոստաններուն մէջ գերեվարուած հայ ազատագրական մարտիկներուն իր բոլոր կարելի միջոցներով օգնութեան հասաւ այս խիզախ «Քրիստոսի փոքր քոյր» Նոէլ Տոմինիքը: «Սանճաք Քեմփ»ին մէջ ծնած եւ ապրած բազմաթիւ պարմանուհիներ անուանակոչուեցան ի՛ր անունով:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ օրերուն, արդէն իսկ սահուն կերպով հայերէնով արտայայտուող այս սրբակեաց ֆրանսուհին դիմեց Միջազգային կարմիր խաչինՙ վերանորոգելու համար ռմբահարուած հիւղաւանին տուները:
Թէեւ իր առաքելութիւնը Լիբանանի հայերուն հետ աւարտին հասցուց 1987 թ.ին, վերադառնալով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր ամրոց Հռոմ, սակայն իր փափաքին համաձայն նոր առաքելութիւն մը վերցուց իր ուսերուն, ծառայութեան անցնելով Հայաստան, Աշոցք, նաեւ Ջաւախքի մէջ, ուր կ ապրի հայ կաթողիկէ համայնք: Մի քանի վայրկեանով իսկ Հռոմի Պապ ընտրուած, ապա մեծ տէրութիւններու միջամտութեամբ ցմահ կարդինալի առաքելութեամբ Աղաճանեան, հայկական Քեսապի փրկիչը, Աշոցքի իտալական հիւանդանոցի որպէս տեսուչ, «փոքր քոյր» Նոէլ Տոմինիք, շատ մեծ գործունէութիւն ունեցած է խիստ ձմեռներու ընթացքին, ահաւոր չքաւորութեան մէջ ապրող շրջակայ գիւղերու հայութեան օգնութեան գծով:
Իր անմոռանալի ծառայութեան համար, Հայաստանի հանրապետութեան մէջ այդ ժամանակուան Ֆրանսայի դեսպան Միշել Լեկրան «Արժանեաց շքանշան»ով զարդարեց այդ հզօր քրոջ կուրծքը, մեծագումար նուիրատուութիւն մըն ալ փոխանցելով Աշոցքի իր ղեկավարած առաքելութեան:
Անողոք հիւանդութիւնը դժբախտաբար սողոսկած էր Նոէլ Տոմինիքի վտիտ մարմնին մէջ: 22 Յուլիս 2019-ին, իր հոգին կ”աւանդէ` միանալու երկնքի սրբուհիներուն ու բարեխօսելու` եղեռն, կոտորածներ, տարագրութիւններ տեսած հայ ժողովուրդին եւ բազամաչարչար մարդութեան համար: