Թէ ինչո՞ւ վարչապետին համար կարեւոր էր ամերիկահայութեան շնորհել իր «արտաքին սփիւռքի» անդրանիկ այցելութիւնը, հասկնալի է կարգ մը կողմերով: Նախՙ որոշ մարդիկ սկսած են Լոս Անճելոսը նկատել սփիւռքահայութեան մայրաքաղաքը…(Այս մասին քիչ յետոյ): Երկրորդՙ վարչապետին նպատակն էր հարուստ եւ ազդեցիկ գաղութ մը այցելել, տեղացի հայերն ու իրենց նիւթական կարողութիւնները աւելի կապելու համարՙ Հայաստանին:
Լ.Ա.-ի քաղաքապետարանին դիմաց հաւաքուած բազմահազար հայերուն մէջ որքա՞ն էր հայաստանահայերու տոկոսը, յայտնի չէր, սակայն, վստահ որ անոնք մեծամասնութիւն էին:
Վարչապետը սկսաւ խօսիլ միեւնոյն ձայնային ոճով եւ եղանակով, ինչպէս Հայաստանի մէջ, վայրկեան մը կարծելով, որ նոյն զանգուածն է, ինչպէս Երեւանի, թէեւ, կը կարծեմ այդպէս չէր. ամերիկահայերուն խօսելու էր ամերիկացի քաղաքական խօսնակներուն նման, հանգիստ, առանց կոկորդային բացագանչութիւններու, առանց յուզումի, պարզ, տրամաբանական, ռոմանթիզմէ հեռու, փաստերու եւ թիւերու լեզուով: Ասիկա իմ կարծիքս է, մարդիկ կրնան բաժնել, կամ ոչ:
Ելոյթին սկիզբը այդքան շնորհակալ ու երախտապարտ ըլլալ Քալիֆորնիոյ եւ Լոս Անճելոսի պատկան մարմիններուն, քիչ մը շատ էր ու մե՜ծ շնորհքի մը տակ մնացածի հատուցման շռայլ ձեւ էր, իսկական հայկականՙ («Մէկի փոխարէն, տաս հատուցելով», ինչպէս ինք յիշեց, երբ կ՛արտասանէր Պ. Սեւակի յայտնի բանաստեղծութիւնը):
Յամենայն դէպս յետոյ յայտնի կ՛ըլլայ այս ելոյթին շօշափելի արձագանգը, երբ ամերիկահայեր Հայաստանի մէջ ալ տուն ունենան եւ տարին քանի մը շաբաթ իրենց արձակուրդը Հայրենիքի մէջ անցընեն, ապա ԱՄՆ գաղթած հայաստանահայեր մտածեն վերադառնալու մասին, վերակենդանացնեն իրենց թողլքուած տուներն ու աշխատանքները, եւ անշուշտ ոմանք ալ ներդրում կատարեն, թէ՛ իրենք օգտուին, թէ՛ օգտեն տեղացիներուն:
Կ՛ըլլա՞ն այս բոլորը, կամ գոնէ առաջարկուածներուն մէկ մասը, կ՛ապրինք, կը տեսնենք: Ամերիկացին, նաեւ ամերիկացած մեր հայերը մեզի պէս զգացական, շուտ խանդավառուող չեն, անոնք իրենց իւրաքանչիւր տոլարը ծախսելու ատեն տասն անգամ կը չափեն ու կը չափչփեն, այնպէս որ մեր ալ խանդավառութեան սանձը քիչ մը քաշելու ենք, որպէսզի ապագային չյուսախաբուինք:
Թէ ինչեր քննարկուեցան հայկական երեք կուսակցութեանց պատասխանատուներուն հետ վարչապետին հանդիպումին ընթացքին, չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ մեր աւանդական կուսակցութիւնները, անոնցմէ գոնէ երկուքը շատ լաւ չեն տրամադրուած վարչապետին հանդէպ եւ յաճախ իրենց քննադատութիւններով կը լեցնեն մամուլն ու դիմատետրը: Անոնց ժխտական կեցուածքը պիտի փոխուի՞ այսուհետեւ, կը կասկածիմ:
Լոս Անճելոսէն անցնինք Նիւ Եորք եւ փորձենք վարչապետին ելոյթին ամենախնդրայարոյց կէտին անդրադառնալՙ Արցախի հարցի կարգաւորման: Արդէն մարդիկ սկսած են «դաւադրական» միտումներ տեսնել յայտարարութեան մէջ, որ ըստ իս պարզապէս ոչինչ ըսելու ձեւ մըն է, այնքան ատեն, որ թշնամին Ղարաբաղը կ՛ուզէ իր սահմաններուն մէջ տեսնել, (Ոչ միայն Ղարաբաղը, այլՙ նաեւ Երեւանը…), մինչ Հայաստանն ու Արցախը մէկ թիզ իսկ Ատրպէյճանին զիջելու բացարձակ դէմ են: Իմ կարծիքով, այս հարցը չի յաջողիր քաղաքական լուծում ստանալ. կամ դեռ երկար կը քաշքշուի, կամ ալ պատերազմը կ՛ըլլայ որոշիչը:
Անշուշտ Հայաստանը պատերազմի կողմնակից չէ, ինչպէս կ՛ըսէ վարչապետը, սակայն «գաւազանն ալ միշտ դրան ետին պահելու է», ինչպէս կ՛ըսէ հայկական առածը:
Մեր «մեծ գաւազանը» դեռ դրան ետի՞ն է, թէ ոչ, յստակ չեմ գիտեր, սակայն մենք ճիշդ կ՛ընենք, եթէ մեր «փոքր գաւազանը» մահակի վերածենք:
Գալով վերեւը յիշուած «Սփիւռքի մայրաքաղաքին», կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ ի՞նչն է «չափորոշիչը» քաղաք մը մայրաքաղաք հռչակելուն. բնակչութեան թի՞ւը, քաղաքին դի՞րքը, գաղութին հայկական դիմագի՞ծը, անոր քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ կարողութիւննե՞րը: Եթէ Պէյրութն ու Հալէպը անշքացան, Լոս Անճելոսը ինչքա՞ն պիտի դիմանայ: Դուրսերը մայրաքաղաք փնտրելու տեղ մեր իսկական մայրաքաղաքը չի՞ փոխարիներ բոլոր խախուտ եւ շինծու մայրաքաղաքները: